ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՅՑ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կը տեսակցի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Փաշինեան եւ Փութին կը քննարկեն հայ-ռուսական ռազմավարական օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը կ՚անդրադառնան նաեւ 9 նոյեմբեր 2020 եւ 11 յունուար 2021 թուականներու եռակողմանի յայտարարութիւններու կատարման ընթացքին։ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած այդ յայտարարութիւններէն առաջինը Արցախի երկրորդ պատերազմին վերջ տուած հրադադարին կը վերաբերի, իսկ միւսը՝ յետպատերազմեան իրավիճակի պայմաններուն։ Փաշինեան եւ Փութին կանգ կ՚առնեն ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով տուժած Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերման, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանէ ներս տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու վերականգնման վերաբերեալ հարցերու վրայ։
Ներկայիս հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն տեսակէտէ բաւական բարդ իրավիճակ մը ստեղծուած է՝ մանաւանդ, որ 12 մայիսէն ի վեր Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը խախտած են Հայաստանի սահմանը։ Երեւանի մէջ անհանգստութիւններ կը բարձրաձայնուին, թէ Ռուսաստան կը թերանայ իր դաշնակցային պատասխանատուութիւններուն մէջ, որոնք պայմանագրերով սահմանուած են։ Անշուշտ, երկրի առկայ բեւեռացման պայմաններուն ներքեւ, այս խնդրին վերաբերեալ եւս միանշանակ մօտեցումներ չկան։ Հայաստանեան մամուլին մէջ այսօր մեկնաբանութիւններ լոյս տեսած են Փաշինեանի կողմէ դէպի Մոսկուա ներկայ աշխատանքային այցելութեան եւ անոր նպատակներուն շուրջ։ Մեկնաբաններ կը փորձեն ուշադրութիւն կեդրոնացնել, թէ ինչ փոփոխութիւններու կը սպասուի Հայաստանի սահմանին վրայ։ Ատրպէյճանի բանակի ոտնձգութիւններէն վերջ, Փաշինեան միջոց մը առաջ օրակարգի վրայ բերած էր Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ միջազգային դիտորդներ տեղակայելու հարցը։ Երեւանեան թերթերու հաղորդումներով, Փաշինեան Փութինի հետ այսօր կը քննարկէ Հայաստանի սահմանին վրայ եւս ռուս խաղաղապահներ տեղակայելու տարբերակները։ Որոշ աղբիւրներ նոյնիսկ չեն բացառեր, որ Փաշինեան եւ Փութին այս նիւթին վերաբերեալ փաստաթուղթ մը ստորագրեն Մոսկուայի մէջ։