ԿԱՂԱՊԱՐՈՒԱԾ ԸՆԿԱԼՈՒՄՆԵՐՈՒ ՁԻՒՆՀԱԼՔԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ

Օրերս երբ հերթական անգամ գացած էի զաւակս տուն վերադարձնելու նախակրթարանէն, ծառայողական ինքնաշարժ պատուիրեցի համացանցային մէկ ծրագիրով: Քանի մը վայրկեան սպասելէ ետք, ինքնաշարժը տեղ հասաւ: Վարորդը միջին տարիքի կին մըն էր… Անկեղծ ըլլալու համար առաջին տպաւորութիւնը որ զգացի, պարզապէս զարմանք էր: Առաջին ագնամն էր, որ նման երեւոյթի կը հանդիպէի Հայաստանի մէջ, ի մասնաւորի Վաղարշապատ քաղաքէն ներս: Լիբանան ապրած ժամանակ ականատես դարձած էի կին վարորդներու. ընկերութիւն մը կար, որ վարդագոյն ինքնաշարժներ կ՚օգտագործէր, որոնց վարորդները կիներ կամ երիտասարդուհիներ էին:

Հայաստանի ներկայ իրականութեան մէջ սկսած ենք ականատես դառնալ ահաւոր ծայրայեղութիւններու, տղաքը՝ աղջիկացած են, աղջիկները՝ տղայ դարձած, կիները՝ տղամարդ դարձած են, տղամարդերը՝ կնացած, եւ այլն: Ծայրայեղութիւններ, որոնք ոմանց համար շատ բնական երեւոյթներ են, ոմանց համար այլանդակութեան եւ այլասերուածութեան դրսեւորումներ, ուրիշներու համար ալ կեանքին պարտադրած պայմաններ ու իրավիճակներ: Ինչ ալ ըլլան սակայն մեր՝ մարդոց մօտեցումները, մէկ բան յստակ է, որ ծայրայեղութիւնը՝ ծայրայեղութիւն է, եւ ծայրայեղութեան բնականը կամ ոչ բնականը, այլանդակը կամ ո՛չ այլանդակը չկայ:

Անուրանալի իրողութիւն է, որ այսօր որպէս անհատ մարդ կամ ընտանիք գոյատեւելու պայմանները փոխուած են եւ ահաւոր չափերով դժուարացած: Եթէ անցեալին տան տղամարդը-հայրը կ՚աշխատէր եւ իր վաստակած գումարով կը յաջողէր ապահովել իր ընտանիքին բարեկեցութիւնը, ապա այսօր բոլորին ալ յայտնի է, որ մէկ հոգիի աշխատանքով հնարաւոր չէ ընտանիք մը պահել, այն ալ՝ բազմանդամ ընտանիք մը: Առ այդ, եթէ անցեալին հիմնականին մէջ տղամարդիկն էին որ կ՚աշխատէին, -որոշ պարագաներու կիները ուսուցչութեամբ կամ դերձակութեամբ կը զբաղէին՝ օգտակար դառնալով իրենց ամուսիններուն ընտանիքը պահելու նուիրական աշխատանքին մէջ-, այսօր, արդարեւ, պայմանները փոխուած են եւ կիները-աղջիկները կամաց-կամաց սկսած են բոլոր ոլորտներէն ներս ներկայութիւն դառնալ:

Արեւմուտքի մէջ, օրինակ, իգական սեռին ներկայութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ արդէն տասնամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունի եւ շատ բնական երեւոյթ է արեւմուտքցիներուն համար: Օրինակի համար՝ Արեւմուտքի մէջ կինը-աղջիկը աղբահաւաքի գործ կը կատարէ, վառելանիւթ լեցնելու կայաններու մէջ կ՚աշխատի, ինքնաշարժ կը լուայ, ծառայողական ինքնաշարժ կը քշէ, եւ այս տիպի այլ գործեր կը կատարէ առանց ամօթ զգալու… Մինչ, նման աշխատանքներ կատարող աղջիկներու կամ կիներու եթէ հանդիպինք մեր իրականութեան մէջ, առաջին հերթին պիտի զարմանանք, -ինչպէս ինծի հետ պատահեցաւ-, իսկ ետքէն պիտի սկսինք հազար ու մէկ տեղի կամ անտեղի բացատրութիւններ, դատողութիւններ, դատապարտութիւններ, այպանելի խօսքեր պիտի հնչեցնենք այդ աղջիկներուն կամ կիներուն հասցէներուն, եւ ո՛չ միայն անոնց, այլեւ՝ անոնց ամուսիններուն եւ անոնց տան արական սեռի բոլոր ներկայացուցիչներուն, թէ՝ «այս ի՞նչ է, ամօթ չունի՞ն, տղամարդկութիւն չունի՞ն, որ ձգած են իրենց կիները եւ աղջիկները այսպիսի գործերով զբաղին»… Եւ բնականաբար այս ու նման բազմաթիւ դատապարտողական խօսքերը կը հնչեցնենք առանց գէթ մէկ վայրկեան մտածելու կամ փորձել հասկնալու, թէ ի՞նչն է պատճառը, որ այդ կիներն ու աղջիկները նման քայլ դիմած են, աւելին՝ առանց երկվայրկեան մը իսկ մեր միտքէն անցնելու, որ աշխատանքը յանուն ազնիւ ու արդար նպատակի մը երբեք ալ ամօթ չի՛ ճանչնար, ո՛վ ալ ըլլայ զայն կատարողը՝ արական կամ իգական սեռի ներկայացուցիչը:

Մարդը իր բնաւորութեամբ միշտ պատրաստ է դատողութիւններ կատարելու եւ այպանելու իր դիմացինը, առանց փորձելու իր դիմացինին կարգավիճակին մէջ մտնելու: Երբ ոեւէ մէկ կին կամ աղջիկ վերը յիշուած որեւէ մէկ աշխատանքով կը զբաղի, ուրեմն կարիքը ունի այդ աշխատանքին, որ նման քայլի դիմած է: Տակաւին, եթէ այդ կինը կամ աղջիկը տուեալ որեւէ մէկ աշխատանք ի զօրու է կատարելու եւ այդ աշխատանքէն գումար վաստակելու իր ընտանիքին բարեկեցութիւնը ապահովելու համար, ինչո՞ւ համար չաշխատին, ինչո՞ւ համար զոհ երթան ասոր-անոր ըսի ըսաւներուն, ինչո՞ւ համար գերին դառնան կաղապարուած ընկալումներուն, ինչ բանի արդիւնքով թէ՛ իրենք եւ թէ իրենց ընտանիքին միւս անդամները տուժեն:

Ըսուած է՝ «ամօթը հաց չի՛ կերցներ»: Շատ տեղին ու ճիշդ արտայայտութիւն: Միաժամանակ, այս ասացուածքը ոմանք կ՚օգտագործեն արդարացնելու այն կիներուն եւ աղջիկներուն, որոնք պոռնկութեամբ կը զբաղին եւ իրեն այդ սխալ արարքը կ՚արդարացնեն ըսելով, թէ՝ «ստիպուած են պոռնկութեամբ զբաղելու, որպէսզի կարենան իրենց ընտանիքին, իրենց զաւակներուն բարեկեցութիւնը ապահովելու»… Բնականաբար, այս մօտեցումը առողջ բանականութիւն ու դատողութիւն ունեցող մարդու մօտեցում չէ, որովհետեւ առողջ խղճմտանք ունեցողին համար միշտ ալ անհասկնալի, առաւել եւս դատապարտելի կը մնայ անձնական մարմինը վաճառելով ընտանիքի բարեկեցութիւնը ապահովելու հիւանդագին մտածումը: Եթէ այդպէս ըլլար, ինչո՞ւ համար այսօր միլիոնաւոր կիներ ու աղջիկներ տարբեր-տարբեր ոլորտներու մէջ կ՚աշխատին, կ՚արարեն, իրենց ներդրումը կը բերեն ընկերութեան յառաջընթացին ու զարգացումին մէջ, միաժամանակ իրենց ընտանիքներուն եւ զաւակներուն բարեկեցութեան համար իրենց նպաստը բերելով, եւ այդ կ՚ընեն տքնաջան աշխատանքով, ազնուութեամբ ու արժանապատուութեամբ: Եթէ պոռնկութիւնը դիւրին եւ առանց դժուարութեան գումար աշխատելու միջոց է եւ մանաւանդ՝ եթէ արդարացի միջոց է՝ ինչպէս շա՜տ-շատեր կը պնդեն, թող բոլոր կիներն ու աղջիկները պոռնկութեամբ զբաղէին… Եւ պահ մը պատկերացուցէք, եթէ այդպէս ըլլար…

Բնականաբար իգական սեռի ներկայացուցիչներու՝ յատկապէս ամուսնացած, աշխատանքը իր ժխտական կողմերն ալ ունի (հեղինակութեան հարցէն մինչեւ ամուսնալուծութիւն եւ այլ բազմաթիւ դժուարութիւններ ու խնդիրներ), որ պէտք չէ անտեսել՝ մանաւանդ ընտանիքներու ամրութիւնը եւ կայունութիւնը պահպանելու առումով: Սակայն այս նիւթը ընդարձակ ըլլալուն եւ բազմաթիւ երեսակներ ունենալուն պատճառով, այստեղ չեմ անդրադառնար, յոյս ունենալով, որ յետագային առանձին յօդուածով մը կ՚անդրադառնամ այդ նիւթիւն եւս:

Վերադառնալով ծառայողական ինքնաշարժի կին վարորդին, որ պատճառ հանդիսացաւ այս յօդուածիս գրութեան, արդարեւ ան ազնիւ կերպով գումար վաստակելու տիպար մըն է բոլոր կիներուն եւ աղջիկներուն համար: Ինք ծառայողական ինքնաշարժ կը քշէ, ուրիշ մը կրնայ այլ աշխատանքով մը զբաղիլ, մէկ ուրիշը՝ մէկ այլ աշխատանքով, եւ այսպէս շղթան կարելի է երկարել: Կարեւորը այս բոլորին մէջ, որ տուեալ անձին կամ անձերուն դրդապատճառն ու նպատակը ազնիւ է ու արդարացի՝ օգնել իրենց կողակիցներուն կամ ծնողներուն, այսօրուան դժուար պայմաններուն մէջ իրենց ընտանիքներուն բարեկեցութիւնը ապահովելու համար:

ՓՈՒՆՋ ՄԸ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ

Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեան կը գրէ.

Աշխատանքը կեանքին էական պայմանն է, այն օրհնութի՛ւնն է մեր բովանդակ կեանքին։ Ծուլութիւնը, անգործութիւնը, ամէն տեսակ չարիքներու, ամէն մոլութիւններու մայրն է ու արմատը, ինչպէս ըսուած է. մանաւանդ կիներու համար, ծոյլ ու անգործ կիները՝ ա՛լ աւելի շուտ կը մոլին ու կը մոլորին։

Գէորգ Չէօրեքճեան Կաթողիկոս կը գրէ.

Աշխտանքն է, որ նորանոր արժէքներ կը ստեղծէ. աշխատանքն է, որ մարդը եւ աշխարհը կատարելութեան կը մղէ. աշխատանքն է, որ մահը կեանքի կը փոխէ:

Ղազարոս Աղայեան կը գրէ.

Աշխատութիւնը բոլոր առաքինութիւններուն մայրն է, ինչպէս ծուլութիւնը ամէն տեսակի մոլութեան ծնող է:

Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս կը գրէ.

Աշխատանքը սուրբ է եւ աւելին՝ սրբացուցիչ։ Անաշխատ ընթացքը մարդու կեանքին՝ մոլութեանց դուռն է եւ չարիքներու հեշտ ճամբան։ Որովհետեւ կեանքը դատարկութիւն չի ճանչնար...։ Աշխատութիւնը այն է երկրին ու կեանքին համար ինչ որ է հոգին՝ մարմնին։ Հանեցէ՛ք հոգին մարդուն՝ մա՛հ է այնտեղ։ Հանեցէ՛ք աշխատութիւնը կեանքէն՝ մեռելութի՛ւն է այնտեղ...։

Սթիւ Ճոպս կ՚ըսէ.

Ձեր աշխատանքը ձեզմէ չափազանց շատ ժամանակ պիտի տանի, ու միակ միջոցը կեանքէն բաւարարուած ըլլալու՝ սիրած գործով զբաղուիլն է: Դուք պէտք է ձեր աշխատանքը սիրէք: Եթէ այդպիսի աշխատանք տակաւին չէք գտած՝ շարունակեցէք փնտռտուքները եւ մի՛ յանձնուիք: Երբ գտնէք զայն, անմիջապէս կը հասկնաք, թէ այդ մէկը ճիշդ ա՛յն է, ինչ կը փնտռէիք: Եւ ինչպէս որ է ճիշդ յարաբերութիւններու պարագան, ձեր սէրն ու կիրքը ձեր աշխատանքին նկատմամբ տարիներու ընթացքին կը մեծնայ:

Դանիէլ Ռոփսին կը գրէ.

Ես չեմ համբուրեր այն ձեռքերը, որոնք մաքուր են եւ սպիտակ, որովհետեւ ձեռնոցներու մէջ են պահուած. ես կը համբուրեմ այն ձեռքերը, որոնք կեանքին տիղմին մէջ են խրած, բայց տիղմէն դուրս գալով աւելի են մաքրուած ու գեղեցկացած:

Այնըշթայն կ՚ըսէ.

Նշանաւոր մարդիկ ո՛չ թէ գեղեցիկ ճառերու միջոցով կը ձեւաւորուին, այլ՝ սեփական աշխատանքով եւ ատոր արդիւնքներով:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

20 յուլիս 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յուլիս 31, 2021