«ՆԵՄՐԱ»ԷՆ ՆՈՐ ՏԵՍԱՀՈԼՈՎԱԿ

«Նեմրա» ռաք խումբը երկրպագուներու դատին յանձնած է «Զիմ խորոտիկ յար» երգը։ Այսպէս, «Նեմրա» ռաք խումբը երաժշտասէրներուն ներկայացուցած է «Զիմ խորոտիկ յար» երգի տեսահոլովակը, որ արդէն համացանցի վրայ է:

Սոյն տեսահոլովակի բեմադիրը Կարէն Ամեանն է: Հոլովակին մէջ նկարահանուած է դերասանուհի Ժաննա Բութիւլեան:

Խումբի անդամները «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջով շնորհակալութիւն յայտնած են հոլովակի ստեղծման գործին գծով իրենց աջակցութիւն ցուցաբերած բոլոր մարդկանց եւ նշած, որ անհամբերութեամբ կը սպասեն երկրպագուներու արձագանգին:

 «Նեմրա»ն կազմուած է 2012 թուականին Երեւանի մէջ: Խումբը հանդէս կու գայ հեղինակային անգլերէն երգերով ռաք երաժշտականութեամբ եւ հայկական ժողովրդական երգերու սեփական մեկնաբանութիւններով:

Խումբի անդամներն են վոքալիստ ու կիթառահար Վան Եղիազարեան, պաս կիթառահար Վասպուր Եղիազարեան, դաշնակահար Մարիաննա Կարակէեան, հարուածային գործիքներ կը նուագէ Մարեկ Զապորսքի:

Խումբը ունի 2 ալպոմ՝ «Mubla»ն եւ «Hmm»ը եւ աւելի քան քառասուն հեղինակային երգեր: «Նեմրա» անունը ընտրուած է խումբի հայկական ծագումը ընդգծելու նպատակով (Արմեն՝ շրջուած)։ Խումբը մասնակցած է շարք մը ռաք փառատօներու, բարեգործական համերգներու եւ հանդէս եկած է մենահամերգներով։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2021