ՀԱՅԵՐԷՆ ԿԸ ՀԱՍԿՆԱՅ, ԲԱՅՑ՝ ՉԻ՛ ԽՕՍԻՐ…
Հայերէն կը հասկնայ, բայց՝ չի՛ խօսիր...
Այս խօսքը աղերս չունի Եւրոպա կամ Ամերիկա ապրող ձուլումի յաւակնորդ հայորդիներուն, այլ այս մէկը չքմեղանք է մեր ազգին մէջ բոյն դրած օտար ամուսնութեանց, ինքնարդարացման տարբերակ մը՝ այլասերման:
Հայերէն կը հասկնայ...
Այսինքն, հասկցի՛ր, այո՛, մեր զաւակը օտարի հետ կ՚ամուսնացնենք, բայց արդէն տղան քիչ քիչ սկսաւ հայանալ եւ հիմա արդէն հայերէն կը հասկնայ... առ այդ չըլլա՛յ, որ թիւր կարծիք կազմես մեր մասին կամ հարցականի տակ դնես մեր հայրենասիրութիւնը...:
Ինչպէ՜ս չի հպարտանա՛լ օտար փեսացուի հայերէնի հասկացողութեամբ, երբ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ շա՛տ մը հայեր անգամ չեն հասկնար...: Եւ դուն ակամայ համաձայնութեան ժպիտ մը կը կեղծես՝ շոյանք մը տալով խօսակիցի ինքնասիրութեան, ինչ որ աւելիով առիթ կու տայ օտար փեսացուի յատկանիշներով հպարտանալու:
«...Օտար եկեղեցւոյ մէջ պիտի ընենք, բայց խօսեցանք, տեղ մը մէկ աղօթք հայերէնով պիտի կարդացուի»:
Ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս չզգացուիլ եւ հոգեկան բերկրութեամբ չլեցուիլ. թէ՛ հայերէն կը հասկնայ եւ թէ՛ հայերէնով մէկ երկու տող աղօթք պիտի կարդացուի: Տակաւին պատմութեան պեղումով հասնելով մինչեւ Ադամ եւ Եւա, տեղէ՛ մը հայկական արմատ մը գտնելու անյաջող փորձեր կը կատարուին. գուցէ վերի դրացին հայ ըլլայ եւ բաւարար հայ զգալու եւ հայ մկրտուելու:
Կրնա՞ք ըսել օտար ամուսնութիւն է...:
***
Մեր թուականէն 138 տարիներ առաջ՝ 1883-ին մտաւորական Ռաֆայէլ Պատկանեան կը գրէ «Վարդապետարան Հայաստանի Ազատութեան» յօդուածը, որ 6 տարիներ ետք լոյս կը տեսնէ Մկրտիչ Փորթուկալեանի մամուլին մէջ՝ առանց հեղինակի անունը յիշելու: Յօդուածի մէջ Պատկանեան հարց կու տայ, թէ կռուելու կողքին հայ անհատը ի՞նչ ձեւով կրնայ ազգասէր ըլլալ եւ ծառայել հայրենիքին. գրողը իր հարցին կը պատասխանէ հետեւեալ տողերով.-
«Իւր անձը վտանգի չենթարկելով ամէն հայ մարդ կարող է եւ պարտաւոր է այս գործերը կատարելու. 1. Հայաստանի մէջ ունենալ (այս ամենագլխաւորն է) մեծ կամ փոքր հողային կալուած, 2. հայ ոգով դաստիարակել զաւակացը, 3. սովորեցնել նոցա զէնքի գործածութիւնը, 4. չամուսնանալ օտարի հետ»:
Յօդուածը կը գրուի ժամանակաշրջանի մը մէջ՝ ուր տակաւին տարածում չունէր օտար ամուսնութիւնը հայկական շրջանակներէն ներս, սակայն Պատկանեան մարգարէանալով անոր ահագնացող ընթացքը:
Երնէ՜կ գործադրէինք...:
Նախորդ յօդուածներէս «Ծայրայեղութենէ ծայրայեղութիւն» խորագրեալ գրութեանս մէջ յիշեցի, թէ մենք երբեք ալ չենք կրցած միջին մը գտնել... միշտ տարուած ենք ծայրայեղութիւններով:
Վերջերս կը կարդայի հայ ազգագրագէտ, բանահաւաք ու հնագէտ Երուանդ Լալայեանի «Վասպուրական. Ազգագրութիւն. - Ա. Վան. Տոսպ եւ Հայոց-Ձոր» աշխատութիւնը, ուր ուշադրութիւնս գրաւեց հետեւեալ տողերը.- «Հազիւ է պատահում նաեւ, որ լուսաւորչական հայը ամուսնանար կաթոլիկ կամ բողոքական հայի հետ»: Խօսքը ո՛չ թէ օտարին, այլ տարբեր յարանուանութեան պատկանող հայու մասին է: Լուսաւորչականը, կաթոլիկն ու բողոքական հայը զիրար որպէս կողակից չէին կրնար տեսնել... ո՜ւր մնաց ամբողջութեամբ ուրիշ կրօնի պատկանող անհատ մը՝ ինչ որ կը տեսնենք այսօր:
Օտար ամուսնութեան շարժառիթները բազմաթի՜ւ են այսօր, որոնցմէ մեծագոյններէն է մեր զաւակներու օտար վարժարաններ յաճախելը, ուր սեղանակից կը դառնայ Ալիին, Հիւսէինին եւ բազմաթիւ ուրիշներու, որոնք կրնան ապագային դառնալ ձեր զաւակներուն սիրուհիներն ու ապագացուները:
Դժբախտաբար, այսօր մեր շուրջ բազմաթիւ են օտար ամուսնութեան մէջ ազգութիւնը վտանգող տարրեր չտեսնողները, որոնք առանց նշմարելու կամաց կամաց կը հեռանան հայկականութենէ, որովհետեւ չկա՛յ օտար ամուսնութիւն՝ որ դիմագիծի կործանիչ տարրը չունենայ իր մէջ:
Տարիներ առաջ հայ երգիչ Լեւոն Գաթըրճեան կ՚երգէր.-
«Ես չեմ կարող օտար ազգից
Եար սիրել բերել տունս,
Նա կը գայ ու կը խորտակէ
Իմ հայրական սուրբ բոյնս...»
Այո՛, օտար ամուսնութեան վախճանը հայրենի բոյնին քանդումն է. օտար ամուսնութեամբ պիտի օտարանայ լեզուն, պիտի օտարանայ բարքերը, աւանդութիւնները, սովորութիւնները. պիտի օտարանայ հայը:
Մտածեցէ՛ք ձեր զաւակները... օտար ամուսնութեամբ յեղյեղուկ, անկայուն ու անհաստատ ենթահող մը կը ստեղծէք, որովհետեւ յետ այսու ան ո՜չ կատարեալ հայ եւ ո՛չ ալ կատարեալ օտար կրնայ ըլլալ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԱՄԲՐՈՍԻՈՍ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ
(1826-1906)
Մեր թուականէն 195 տարիներ առաջ՝ 24 օգոստոս 1826 թուականին Պոլսոյ մէջ ծնած է պատմաբան եւ բառարանագիր Ամբրոսիոս Գալֆայեան:
Գալֆայեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցին մէջ եւ ապա մեկնած Վենետիկ՝ ուսումը շարունակելու Մխիթարեաններու դպրոցին մէջ:
Ձեռնադրուած է կաթոլիկ վարդապետ՝ 1847 թուականին եւ մեկնած է Փարիզ, դասաւանդելու Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանին մէջ: Մի քանի տարիներ ետք, Սարգիս Թէսդորեանի եւ Գաբրիէլ Այվազովսքիի հետ միասին հեռանալով Կաթոլիկ եկեղեցիէն, Փարիզի մէջ կը հիմնէ նոր դպրոց մը, որ կը կոչուի Բարձրագոյն Ազգային վարժարան, որուն տեսուչը եղած է Գալֆայեան: Գալֆայեան, Գաբրիէլ Այվազովսքիի հետ միասին 1855 թուականին կը հիմնէ «Մասեաց Աղաւնի» հանդէսը, որ լոյս կը տեսնէ մինչեւ 1960 թուականը: Ապագային ամուսնացած է ֆրանսացիի մը հետ եւ ազգանունը փոխած՝ Լուսինեանի:
Գալֆայեան 1840 թուականէն սկսեալ սկսած է հրատարակել իր պատմագրական աշխատութիւնները, որոնցմէ են՝ «Պատմութիւն հին ազգաց» (1849), «Պատմութիւն միջին դարու» (1850), «Պատմութիւն ժամանակակից» (1851), «Պատմութիւն Սուրբ Գրոց» (1861) եւ այլ աշխատութիւններ:
Անոր աշխատութիւններու գլուխ գործոցը կը հանդիսանայ 1900 թուականին Գուիտոն Լուսինեան ստորագրութեամբ հրատարակած «Նոր բառգիրք ֆրանսահայ» երկհատոր բառարանը, որ կը պարունակէ 120 հազար բառ: Մեծ աշխատանք տարած է պատրաստելու դպրոցական դասագիրքեր հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան համար:
Մահացած է 12 օգոստոս 1906 թուականին, Փարիզ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ