ՄԱՐԴՆ Է ՄԱՀԱՑՈՒՆ, ԳԱՂԱՓԱՐԸ Ո՛Չ

Մեր թուականէն 138 տարիներ առաջ՝ 1889 թուականին թուրք կառավարութիւնը դիմումներ կը կատարէ պուլկարական կառավարութեան իրեն յանձնելու եւ կամ Պուլկարիոյ մէջ բանտարկելու եւ պատժելու Մկրտիչ Թիւթիւնճիէֆֆը (Թիւթիւնճեան) «Ազատութիւն Պուլղարիոյ եւ կենսագրութիւն Պուլղար ապստամբապետաց» անունով գրական աշխատանք մը պատրաստելու համար, որով կը դատուէր որպէս հայ ժողովուրդը ապստամբութեան յորդորելու եւ Փոքր Ասիայի մէջ խառնակութիւններ ստեղծած ըլլալու մեղադրանքով: Հրատարակուած գիրքի ճակատին վրայ կը գրէր. «Առանց արեան ազատութիւն չկայ»:

Վերոյիշեալ միջադէպը մտածել տուաւ հիմնական երկու իրողութիւններու մասին.-

Ա.- Գիրի ու գրականութեան ունեցած անցեալի զօրութիւնը:

Բ.- Դարեր շարունակ կաշկանդուած խօսքի ազատութիւնը:

Անուրանալի իրողութիւն է, որ գիրն ու գրականութիւնը անցեալին ունեցած է իր ուրոյն տեղն ու դերը հասարակութեան կեանքէն ներս: Գիրը կրցած է մեծ ազդեցութիւն ունենալ մարդոց վրայ եւ մինչե՛ւ իսկ զօրութիւնը ունեցած է առաջնորդելու մարդկութիւնը: Անոնցմէ մեծագոյն օրինակներէն մէկն է Մովսէս, որ «հաց ո՛չ եկեր, եւ ջուր ո՛չ արբ. եւ գրեաց ՚ի վերայ տախտակացն զբանս ուխտի՝ զտասն պատգամացն» (Ելք 34.28): Մովսէսի կողմէ գրի առնուած պատուիրաններ՝ որոնք ուժը ունեցան ամբողջ ազգ մը առաջնորդելու:

Այսօր իր անցեալի փառքը կորսնցուցած գիրն ու գրականութիւնը անցեալին ունէր հաւաքականութիւն մը առաջնորդելու ուժը. Արփիար Արփիարեան իր գրական յուշերէն մէկուն մէջ խօսելով մամուլի մը մասին կը գրէ. «մամուլը առաջնորդ պիտի հանդիսանար Հայաստան ծնող գրասէր մտքերու» եւ մարդիկ գրականութեան ճամբով պիտի դառնային ազգասէր, բանիմաց ու խոհեմ:

Թիւթիւնճիէֆֆի օրինակը հազարաւոր բազմաթիւ օրինակներէն միայն մէկն է, որովհետեւ գիրի զօրութիւնը պարզապէս գեղարուեստական  աշխատանք մը առաջ բերել չէ: ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի վաստակաւոր գրողներէն Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեան շաբաթ, 28 հոկտեմբեր 2006-ի «Ժամանակը կը սուրայ» խորագրեալ յօդուածին մէջ կը գրէ. «Կարելի չէ երեւակայել իսկ, թէ ի՛նչ կարելի էր պատահիլ եթէ մեր բանաստեղծները, գրագէտները, հրապարակագիրները, պատմագիրները, մէկ խօսքով եթէ հայ մեծ գիրին մշակները օր մը յանկարծ իրենց գրիչները կոտրէին եւ ամսուայ մը չափ դադար տային իրենց գրական աշխատանքներուն»: Անցեալին նման մտածողութիւն մը անգամ զարհուրանք կը պատճառէր, սակայն այսօր փոխուած է ամէ՛ն բան. հայ գիրն ու գրականութիւնը մերկացած է իր անցեալի պարծանքէն ու զօրութենէն եւ այսօր հասարակութիւնը ի՛նք գրիչները կոտրել կու տայ մեր մտաւորականներուն, որոնք կը գրե՜ն՝ բայց որո՞ւ համար... անյստակ է:

Անցեալին մարդիկ հանապազօրեայ հացի կողքին ունէին հայկական թերթն ու մամուլը, որովհետեւ եթէ հացը մարմնականը կը յագեցնէր, գրականութիւնն ալ հոգին եւ միտքը կը լեցնէին: Գիրի ու գրականութեան խաւարումով, դժբախտաբար այսօր շա՜տ են մեր շուրջ փորով կուշտ, բայց մտքով քաղցեալները, որոնք որպէս հակառակութիւնը ծնած են Աստուածաշնչական այն խօսքին որ կ՚ըսէ. «ո՛չ հացիւ միայն կեցցէ՛ մարդ»: Իրենց առաքելութիւնն է փաստել որ մարդ «միայն հացիւ կեցցէ՛». մնացածները աւելորդաբանութիւններ են:

Հաւատացէ՛ք, Աստուածաշնչական այդ խօսքը ինչքա՛ն աղօթական կեանքի, նոյնքան ալ մտային անօթութենէն խուսափելու համար գրուած է:

Կը տեսնենք, թէ կը փորձեն Թիւթիւնճեանի գրութիւնը բանտել, արգելք հանդիսանալ անոր գրելուն ու խօսելուն, սակայն աշխարհով մէկ խօսքի ազատութեան դէմ գործողները կ՚անգիտանան, որ կրնան բանտել լեզուն, կրնան բանտել անձը, կրնան բանտել ձեռքերը՝ որպէսզի չգրէ, սակայն երբեք չեն կրնար բանտել գաղափարը:

Բանաստեղծ Սիլվա Կապուտիկեան 1983 թուականին հրատարակած «Ձմեռ է գալիս» աշխատութեան մէջ կը գրէ.

«Թողէք որ խօսեն բանաստեղծները,
Ծանր ձեր ափը, ծանր քարի պէս,
Մի՛ դրէք նրանց շուրթերի վրայ,
Ծանր քարի տակ,
Ծլարձակումով լցուած հատիկը կարող է մեռնել,
Խօսքը խեղդելը մանուկ խեղդել է
Մօր արգանդի մէջ.- թողէք որ խօսեն,
Թողէ՛ք որ խօսե՜ն բանաստեղծները...»

Այսօր Թիւթիւնճիէֆֆը չկայ, սակայն անոր «Առանց արեան ազատութիւն չկայ» կարգախօսը ցայսօր կ՚ապրի, որովհետեւ մարդը մահուան ենթակայ է, սակայն խօսքը, միտքն ու գաղափարը ո՛չ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՎԵՐԳԻՆԷ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
(1856-1933)

Մեր թուականէն 165 տարիներ առաջ՝ 4 սեպտեմբեր 1856-ին Պոլսոյ մէջ ծնած է դերասանուհի եւ ասմունքող Վերգինէ Գարագաշեան:

Եղած է դերասանուհի Երանուհի Գարագաշեանի քոյրը:

Գարագաշեան իր ուսումը ստացած է Սկիւտարի Ճեմարանէն ներս, ապա անհատական դասերու հետեւած է Սրապիոն Թղլեանի ու ֆրանսացի երաժիշտ Սոլիէի մօտ:

Վերգինէ առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 1867 թուականին՝ «Արեւելեան թատրոն»ին մէջ, Միքայէլ Նալպանտեանի մահուան առաջին տարելիցին առիթով ասմունքելով անոր «Ազատութիւն» բանաստեղծութիւնը: Որպէս դերասանուհի ելոյթներ ունեցած է զանազան թատերախումբերու մէջ. 1869-1878 թուականներուն եղած է Յակոբ Վարդովեանի, 1880-1882 թուականներուն Թիֆլիզի Հայկական թատրոնի եւ 1878-1887 թուականներուն օփերայի թատերախումբի դերասանուհի: Կարեւոր դերեր ստանձնած է շարք մը ներկայացումներու ընթացքին, որոնցմէ են՝ «Թերեզա» (Ամալիա դերով), «Գեղեցկուհի Հեղինէ» (Օրեսթի դերով), «Լէպլէպիճի Հօր-Հօր աղա» (Ֆատիմէի դերով) եւ այլն:

Դերասանութեան կողքին Վերգինէի աստղը փայլած է ասմունքով, շնորհիւ իր գրաւիչ ձայնին:

Դժբախտաբար, 1887 թուականին ամուսնանալով ընդմիշտ հեռացած է բեմէն:

Մահացած է 19 օգոստոս 1933 թուականին, Աթէնքի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2021