ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿ

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ գրա­կան ե­րե­կոյթ մը, որ ձօ­նուած էր ա­մե­նայն հա­յոց բա­նաս­տեղծ Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նին: Վար­ժա­րա­նի նա­խակր­թու­թեան կազ­մի հա­մա­տեղ աշ­խա­տու­թեամբ կեան­քի կո­չուած այս ո­գե­կոչ­ման հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տան հայ­րեր՝ Մագ. Հ. Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէն եւ Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Պերճ Մեն­զիլ­ճիօղ­լու, Մա­տա­կա­րար մարմ­նի ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պետ Ար­ման Գա­մա­ռի, ու­սու­ցիչ­ներ, ա­շա­կերտ­ներ եւ  ծնող­ներ:

Հան­դի­սու­թիւ­նը սկիզբ ա­ռաւ հա­մա­կար­գի­չի ցու­ցադ­րու­թեամբ մը, ո­րու ըն­թաց­քին պաս­տա­ռին վրայ կը ցո­լա­նա­յին Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի գիր­քե­րէն օ­րի­նակ­ներ, նաեւ տղոց փոր­ձե­րէն խօ­սուն դրուագ­ներ: Ա­պա ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ նա­խակրթու­թեան տնօ­րէ­նու­հի Գա­թիա Վար­կը, որ վեր առ­նե­լով Թու­մա­նեա­նի գրա­կա­նու­թիւ­նը մէկ առ մէկ թուեց այն պատ­ճառ­նե­րը, ո­րոնք բա­նա­սեղ­ծը սի­րե­լի դար­ձու­ցած էին ա­շա­կերտ­նե­րուն: Յե­տոյ ան բե­մը յանձ­նեց նա­խակր­թու­թեան փոք­րիկ­նե­րուն, ո­րոնք մեծ վար­պե­տու­թեամբ յա­ջո­ղե­ցան ցո­լաց­նել Թու­մա­նեա­նի ո­գին: Տղա­քը բե­մին վրայ ներ­կա­յա­ցու­ցին բա­նաս­տեղ­ծին գոր­ծե­րէն նմոյշ­ներ:

Յայ­տագ­րի ա­ւար­տին իր սրտի խօս­քը ար­տա­սա­նեց Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, որ բարձր գնա­հա­տե­լով տղոց եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն տա­րած աշ­խա­տան­քը, յայտ­նեց իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը բե­մին վրայ պարզուած պատ­կե­րին ի տես: Ա­յո՛, բո­լոր տղա­քը ի­րենց գու­նա­գեղ տա­րազ­նե­րով շա­րուած էին բե­մին վրայ եւ կար­ծես, թէ դար մը ետ գա­ցած էին ու հոն­կէ կը ձայ­նէին այ­սօ­րուան: Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ի­րենց ներդ­րու­մը բե­րած էին յայ­տագ­րի ի­րա­գործ­ման: Հան­դի­սու­թեան բե­մադ­րու­թիւ­նը կը պատ­կա­նէր նա­խակր­թու­թեան ու­սուց­չու­հի­ներ Գա­րին Ա­նի Ար­թու­րի, Ա­լին Ալ­թըն­թո­փու­զի, Ա­նի Փա­քեիւ­զի, Գա­րո­լին Ֆէ­նէր­ճիի և տ­րա­մա­յի ու­սուց­չու­հի Թա­լին Կա­րիպ­կիւ­նի: Ե­րաժշ­տա­կան աշ­խա­տանք տա­րած եւ իր դաշ­նա­կով տղոց ըն­կե­րակ­ցած էր վար­ժա­րա­նի ե­րաժշ­տու­թեան ու­սու­ցիչ Մե­լիք­ճան Զա­ման: Բե­մա­յար­դա­րու­մը գործն էր գծագ­րու­թեան ու­սուց­չու­հի Հիւ­մէյ­րա Թու­նա­լըի: Իսկ լոյ­սի-ձայ­նի սար­քա­ւո­րու­մէն պա­տաս­խա­նա­տու էր Ար­ման Ծա­տուր: Վար­դա­պե­տը շնոր­հա­ւո­րեց նաեւ բո­լոր ծնող­նե­րը:

Երբ հան­դի­սու­թիւ­նը հա­սաւ իր ա­ւար­տին, բո­լոր տղոց, ու­սու­ցիչ­նե­րուն եւ ծ­­նող­նե­րուն դէմ­քե­րէն կը կար­դա­ցուէր մեր ար­ժէք­նե­րուն նկատ­մամբ ե­րախ­տա­գի­տա­կան տուրք մա­տու­ցած ըլ­լա­լու սրտի ան­բա­ցատ­րե­լի բա­ւա­րա­րու­թիւ­նը: Ինչ­պէս որ մատ­նան­շած էր Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեա­ն, Մխի­թա­րեա­նի յար­կին տակ տղա­քը փոքր տա­րի­քէն կը թրծուէին հա­յա­շունչ ո­գիով եւ հե­տա­գա­յին ա­նոնք տէր պի­տի կանգ­նէին մեր մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան, հա­յուն ա­նու­նը լա­ւա­գոյնս ներ­կա­յաց­նե­լով հա­մայն աշ­խար­հի մէջ:

 

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015