ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆԻ ԻՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆՈՎ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ՆՈՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հիւրընկալեց ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտին։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ զրոյցը, որ տեւեց կէս ժամ։ Էրտողան եւ Կրանտի առաջանահերթ ուշադրութիւն ցուցաբերեցին Աֆղանիստանէ ներս ստեղծուած կացութեան նկատմամբ, փախստականներու առկայ խնդիրներով հանդերձ։ Բաց աստի, տարածքաշրջանի համայնապատկերին վրայ անոնք արժեւորեցին նաեւ գաղթի խնդիրը։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Կրատիի հետ։ Զրոյցի ընթացքին նախագահը դիտել տուաւ, որ Աֆղանիստանի՝ Թալիպանի հակակշռին տակ անցնելով դաշտի վրայ նոր իրողութիւն մը ստեղծուած է։ Թրքական կողմը կը դիտարկէ, որ մարդասիրական օժանդակութիւնները հասցնելու առումով Թալիպանի հետ յանձնառութիւնները պէտք է շարունակուին։ Այլապէս, ա՛լ աւելի պիտի սաստկանայ գաղթի ճնշումը, որ առանց այդ ալ բարձր մակարդակի վրայ է։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2021