Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Երեւանի մէջ ժողով մը գումարեց՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կառավարութեան աղբիւրները որեւէ մանրամասնութիւն չեն նշած ժողովի օրակարգին կամ քննարկումներու բնոյթին շուրջ։