ԱՍՈՒՆՆ ՈՒ ԱՆԱՍՈՒՆԸ
Այսօր ձեզի պիտի պատմեմ դէպքի մը մասին, որուն դիմաց «անզօր» է Սիամանթոյի «Յետոյ ջահով մը բռնկեցուցին մերկ մարմինները հարսներուն. Եւ ածխացած դիակները պարին մէջէն դէպի մահը գլորեցան…» խօսքերը: Դէպք՝
որ գուցէ շա՜տ աւելի կարեւոր է, քան ներկայիս անարդարօրէն զոհուող մանուկներն ու անօթութեամբ տառապող մարդկութեան հոծ բազմութիւն մը: Աւելի՛ կարեւոր՝ որովհետեւ փոխուած են չափանիշները:
Ոմն Նիքքի սրտնեղած Ամերիկայի մէջ կը դիմէ դատարան եւ բողոք կը ներկայացնէ իր դրացուհիին՝ Սանտրայի դէմ: Նիւթը ծանրակշիռ է. Սանտրային տղան փորձած է պղծել ու բռնաբարել Նիքքի աղջիկը:
Օ՜..., կը ներէք մոռցայ ըսելու... տղան կամ աղջիկը ըսելով թիւրիմացութիւն չստեղծուի: Սանտրային տղան շուն մըն է, իսկ Նիքքի աղջիկը անարատ կոյս կատու մը:
Ի՜նչ մեծ բարբարոսութիւն. շունը իր բիրտ ու կոշտ կեցուածքով տռփացած էր դրացի կատուին, որուն տէրը աղիողորմ կը յայտնէր դատաւորին, թէ կատուն ներկայիս ունի սաստիկ հոգեկան բարդոյթներ եւ հոգեբոյժներու կը կարօտի:
Հաւատացէ՛ք, այսպիսի մարդոց համար իրենց կատուին հոգեկան վիճակը աւելի՛ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, քան Ափրիկէի մէջ սովամահ մանուկներու վիճակը: Անոնց համար շունն ու կատուն աւելի՛ կ՚արժեն՝ քան մարդը:
Այս երեւոյթը միայն օտարներուն մօտ չէ. աւանդութեան համաձայն, ընդօրինակելով օտարը, մեր մէջ եւս սկսան մարդիկ կատուին ու շունին աւելի կարեւորութիւն տալ՝ քան նոյնինքն մարդուն: Մենք մարդը շո՛ւն դարձուցինք՝ որպէսզի շունը մարդացնենք: Այսօր այնքա՜ն շատ են կենդանիներու պահպանութեան, բնութեան մաքրութեան համար պատռուողներուն թիւը՝ որոնք անտարբեր են մարդու հանդէպ եղած բոլոր անարդարութիւններուն:
Այսօր մեր հայկական իրականութենէն ներս շա՜տ են այն մարդոց թիւը, որոնք մեծամեծ գումարներ կը ծախսեն իրենց շունին կամ կատուին կերին, սափրուելուն, հանդերձանքին ու «մարդկային» պէտքերուն համար՝ մինչ իրենց հարազատն ու բարեկամը գուցէ այդ գումարի մէկ չորրորդին կարիքը ունի:
Պարոյր Սեւակ կը հրահանգէր. «Մարդու նկատմամբ մա՛րդ եղէք մարդիկ», եւ ցաւ ի սիրտ մենք շունի՛ նկատմամբ մարդ եղանք, իսկ մարդու նկատմամբ դարձանք կատաղի շուներ:
Լիբանանի հայահոծ շրջաններէն Պուրճ Համուտի մէջ գոյութիւն ունի յատուկ շուներու մարձումի կենդրոն (massage), անոնց նուիրուած յատուկ պանդոկ, վարսավիր, իսկ անդին կան հայեր՝ որոնք փողոցները մայթերու վրայ կը պառկին:
Բացէ՛ք ու կարդացէք համաշխարհային մամուլը...: Գերմանական շուն մը կը հռչակուի աշխարհի ամենէն հարուստ անասունը՝ 375 միլիոն տոլար գումարի տիրացումով: Անգլիացի մեծահարուստ մը իր ունեցուածքը՝ 15 միլիոն տոլար կը կտակէ իր Կիկու անունով հաւին: Ուրբաթ, 12 փետրուար 2021 թուականին Ամերիկեան «People» մամուլը կը յայտնէր, թէ վախճանեալ մը 5 միլիոն տոլարի կտակ կը թողու իր շունին: Ամերիկացի հսկայական հարստութեան տէր պանդոկատէր մը կը կտակէր իր մահէն ետք շունը թաղել իր եւ իր ամուսնոյն միջեւ:
Աւելի վատերը կան... Գերմանացի մը իր մահամերձ կատուին հետ ամուսնութիւն կը կնքէ։ Անգլիական հեռատեսիլի ալիքներէն մին երկու տարի առաջ ուղիղ եթերով կը սփռէր Էլիզապէթ անունով աղջկայ մը ամուսնութիւնը՝ իր շան հետ: Չինացի մը իր շան թաղման համար կը ծախսէր 700 հազար տոլար գումարէ աւելի:
Զո՞րն ասենք... վերոյիշեալները հազարաւորներէն միայն մի քանին են:
Աստուած անասունը մարդուն համար ստեղծեց, սակայն մենք շրջեցինք այդ մէկը՝ մարդը անասունին համար ծառայ դարձնելով: Գիտէ՞ք այսօր աշխարհի վրայ քանի՜ շուներ ու կատուներ ունին իրենց սեփական պահակներն ու սպասարկուները: Այսօրուան նորաձեւութիւնը կը պահանջէ սիրուն հագուստներ հագցնել շունին, կատուին... մարդիկ ինչե՜ր կը հագցնեն իրենց անասուններուն՝ մինչ անդին անտունի եւ աղքատի մը հագցուցած չունին:
Տան մէջ շուն, կատու եւ կամ այլ տնային կենդանիներ պահելուն դէմ չենք, սակայն դէ՛մ ենք, երբ այդ անասունները կը սկսին աւելի կարեւորութեան առարկայ դառնալ քան դրացին, քան բարեկամը, քան հարազատ մը:
Կը ցաւինք, որ որպէս մարդկային ընկերութիւն հասած ենք անասունը ասունի հետ նժարի վրայ դնելու դժբախտ երեւոյթին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԳՈՒՍԱՆ ՇԱՀԷՆ
(1909-1990)
Մեր թուականէն 112 տարիներ առաջ՝ 14 սեպտեմբեր 1909-ին Հայաստանի Շիրակի մարզի Կրասար գիւղին մէջ (նախկին անունը Ղուրդուբուլաղ) ծնած է գուսան, բանաստեղծ եւ պատմագիր Գուսան Շահէն (բուն անունով Շահէն Սարգոյեան):
Գուսան Շահէնի գուսանական շնորհքը տոհմային ժառանգութիւն է. անոր տոհմէն են աշուղ Աւագը, Արթենի Ալէքը եւ ուրիշներ, որոնք յիշատակուած են զօրավար Անդրանիկի յուշերուն մէջ:
Գուսան Շահէն 25-26 տարեկան հասակին սկսած է յայտնի դառնալ Խորհրդային Միութեան ամբողջ տարածքին: Որպէս մեներգիչ 1937-1941 թուականներուն ելոյթ ունեցած է «Հայֆիլհարմոնիա»ի երգի եւ պարի համոյթին հետ:
Երգելու կողքին Շահէն եղած է «Շահէնի քնար», «Երեւան» եւ «Շիրակ» համոյթներու ղեկավարը: Հիմնադիրներէն եղած է Թաթուլ Ալթունեան երգի ու պարի պետական համոյթին: Զբաղած է նաեւ երաժշտութեան ուսուցմամբ, Կիւմրիի մէջ հիմնելով աշուղական դպրոց մը: Իր կեանքի ընթացքին Շահէն գրած է աւելի քան 300 քնարական երգեր, որոնցմէ յայտնի են առաւելաբար «Սառա» սիրավէպ-երգերու շարքը, «Սասնայ Դաւթի ու Մսրա Մելիքի Մենամարտը», «Էլինար»ը եւ ուրիշներ:
Գուսան Շահէն շնորհիւ իր վաստակին արժանացած է «Պատուոյ նշան» շքանշանին, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Հայաստանի Ժողովրդական արուեստագէտի կոչումին:
Ան մահացած է 17 դեկտեմբեր, 1990-ին, Երեւանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ