ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ԿԱՅՈՒՆ ԵՒ ՈՒՐՈՅՆ ՁԵՒՈՎ ԲԱՑ ՊԻՏԻ ՊԱՀԷ ԻՐ ԴՌՆԵՐԸ

Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը վճռած է կա­յուն ըն­թաց­քով տե­ւա­կա­նաց­նել Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Երբ ներ­կայ կրթա­կան շրջա­նը ա­ւար­տե­լու վրայ է, թա­ղա­յին խոր­հուր­դը փա­փա­քած է հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը տե­ղեակ պա­հել իր այս տրա­մադ­րու­թեան շուրջ, որ­պէս­զի 2015-2016 ե­ղա­նա­կի վե­րա­մու­տին ըն­դա­ռաջ, մաս­նա­ւո­րա­պէս ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու սե­մին հան­րա­յին կար­ծի­քին միտ­քը չպղտո­րի՝ առ­կայ զա­նա­զան շշուկ­նե­րուն բե­րու­մով։

Ծա­նօթ է, որ վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քը կ՚ապ­րի ան­ցու­մա­յին շրջան մը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը տասն­մէկ տա­րի գլխա­ւո­րե­լէ վերջ իր պաշ­տօ­նէն  հրա­ժա­րած է յայտ­նի բա­րե­րա­րու­հի Մո­նիք Եր­կա­նեան՝ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւնն ալ կեդ­րո­նա­ցած է Թոփ­գա­բուի վրայ։ Ու­րա­խա­ռիթ է տե­ղե­կա­նալ, որ ան­ցու­մա­յին այս հանգրուա­նին թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կը պահ­պա­նէ իր ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը ու միա­հա­մուռ կամ­քով կը ձգտի կա­յուն հու­նի մը մէջ ա­պա­հո­վել Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան տե­ւա­կա­նա­ցու­մը։ Մինչ այդ, հարկ է նշ­ել, որ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը Մո­նիք Եր­կա­նեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նէն վերջ կազ­մած է նաեւ իր նոր դի­ւա­նը եւ այս շրջագ­ծով ա­տե­նա­պե­տի պաշ­տօ­նը վստա­հուած՝ Մու­րատ Չա­քա­նի, որ նա­խա­պէս ստանձ­նած էր փոխ-ա­տե­նա­պե­տի դե­րը։

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Թոփ­գա­բուի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնք յար­մար դա­տած էին ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ի­րենց դրա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցել մեր մա­մու­լին եւ ընդ­հան­րա­պէս մեր հա­մայն­քին։ Ինչ­պէս միշտ, հա­ճե­լի էր Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քի վար­չա­յին­նե­րուն հետ զրոյ­ցը։ Ար­դա­րեւ, ա­նոնք աշ­խա­տանք կը ծա­ւա­լեն հա­նա­պա­զօ­րեայ պայ­քա­րի, օր­հա­սա­կան հրա­տա­պու­թեան տրա­մադ­րու­թեամբ, հե­տե­ւա­բար ի­րենց մէջ միշտ տե­սած ու ող­ջու­նած ենք՝ պատ­րաս­տա­կամ հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րու կեր­պա­րը։ Մո­նիք Եր­կա­նեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նին զու­գա­հեռ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտած լսում­նե­րը հեր­քե­լով՝ ա­նոնք յայտ­նե­ցին, թէ Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նը ո՛չ պի­տի փա­կուի եւ ոչ ալ պի­տի միա­նայ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նին հետ։ Այս կրթօ­ճա­խը պի­տի շա­րու­նա­կէ բաց պա­հել իր դռնե­րը ու պի­տի շա­րու­նա­կէ հիւ­րըն­կա­լել մեր հա­մայն­քի ա­մե­նա­հա­մեստ խա­ւե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն զա­ւակ­նե­րը։ Թա­ղա­կան­նե­րը ու­զած են այս ուղ­ղու­թեամբ լու­սա­բա­նել բո­լոր ծնող­նե­րը՝ կան­խե­լու հա­մար մտքե­րու պղտո­րու­թիւնն ու հա­ւա­նա­կան շփո­թու­թիւն­նե­րը։

Թոփ­գա­բուի թա­ղա­կան­նե­րը ընդգ­ծե­ցին, որ խոր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն կը տա­ծեն Մո­նիք Եր­կա­նեա­նի նկատ­մամբ եւ իր հրա­ժեշ­տէն վերջ ո­րո­շած են ա­ռաջ­նոր­դուիլ՝ ա­նոր գլխա­ւո­րու­թեամբ որ­դեգ­րուած սկզբունք­նե­րով։ Նոր դի­ւա­նի կազ­մա­ւո­րու­մը ե­կած է ե­րաշ­խա­ւո­րել թա­ղա­յին խոր­հուր­դին միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը։ Նոր ա­տե­նա­պե­տին գլխա­ւո­րու­թեամբ, բո­լոր ան­դամ­նե­րը յանձ­նա­ռու են նոյն ե­ռան­դով յա­ռաջ տա­նիլ ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տու աշ­խա­տան­քը։ Մտա­սե­ւե­ռում­նե­րու շրջա­նէ մը վերջ, ի­րենց բազ­մա­կող­մա­նի ո­րո­նում­նե­րու լոյ­սին տակ, թա­ղա­կան­նե­րը հնա­րա­ւո­րինս հա­սուն­ցու­ցած են նաեւ ա­պա­գա­յի ուղ­ղեալ ի­րենց տես­լա­կա­նը։ Ա­նոնց հա­շուարկ­նե­րը կը կա­տա­րուին լա­ւա­տես սպա­սում­նե­րով՝ միշտ վա­յե­լե­լու հա­մար հա­մայն­քին զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ի նպաստ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին, որ միայն հինգ տա­րի վերջ պի­տի թե­ւա­կո­խէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 200-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, լա­ւա­տե­սու­թեամբ տո­գո­րուած է՝ ի­րենց նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած զօ­րակ­ցու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով։ Ար­դա­րեւ, Ա­րէտ-Մո­նիք Եր­կա­նեան ա­մո­լը խոս­տա­ցած է շա­րու­նա­կել իր բո­լո­րա­նուէր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ Ու­րիշ բա­րե­րար մը՝ Բար­սեղ Սա­րայ­լը մաս­նակ­ցած է թա­ղա­յին խոր­հուր­դի վեր­ջին ժո­ղո­վին եւ նոյն­պէս յայտ­նած է իր նե­ցու­կը։ Թոփ­գա­բու­ցի­նե­րը կ՚ա­պա­ւի­նին նաեւ նե­ցու­կին՝ այն շուրջ քա­ռա­սուն շրջա­նա­ւարտ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ ե­րի­տա­սար­դաց խում­բին, որ գո­յա­ցած է սա­նուց միու­թիւն մը կազ­մե­լու ուղ­ղեալ ո­րո­նում­նե­րու մի­ջա­վայ­րին մէջ։

Խոր­քին մէջ այս ան­ցու­մա­յին շրջա­նը ան­խու­սա­փե­լի էր Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քին հա­մար։ Ուշ կամ կա­նուխ պի­տի ապ­րուէր այժ­մու կա­ցու­թիւ­նը եւ հի­մա ար­դէն ե­կած է այդ պա­հը։ Ա­ւե­լի՛ն. ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քին տե­սա­կէ­տէ կը հա­մա­րուի ան­նա­խըն­թաց ու վիթ­խա­րի փոր­ձա­քար մը, որ­մէ յա­ջող դուրս գա­լը պի­տի ծնի նոյն­քա՛ն մեծ հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը, ո­րով­հե­տեւ ան­բաղ­դա­տե­լիօ­րէն պի­տի ամ­րապն­դուին ա­նոր դիր­քե­րը։

Տասն­մէկ տա­րի ա­ռաջ, Մո­նիք Եր­կա­նեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած խում­բը ան­դուն­դի եզ­րէն փրկեց Թոփ­գա­բուի վար­ժա­րա­նը։ Անց­նող տաս­նա­մեա­կին դպրո­ցը ո՛չ միայն գո­յա­տե­ւեց, այլ նաեւ կա­յա­ցաւ հնա­րա­ւո­րինս։ Պարզ է, որ ա­մէն տե­սակ ղե­կա­վա­րու­թիւն կը մարմ­նա­ւո­րուի իր գլու­խը գտնուող ան­ձին մէջ։ Թոփ­գա­բուի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի պա­րա­գա­յին ալ այդ խորհր­դան­շա­նը դար­ձած էր Մո­նիք Եր­կա­նեան, թէեւ ան միշտ ե­ղած էր խմբա­յին աշ­խա­տան­քի մը ջա­տա­գո­վը, հա­ւատք կը տա­ծէր հա­մա­խումբ ջան­քե­րու ար­գա­սի­քին նկատ­մամբ։ Ան մեծ ու­շադ­րու­թիւն եւ զգայ­նու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէր, որ­պէս­զի Թոփ­գա­բուի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը չըն­կա­լուէր որ­պէս «one man show»։ Ան այդ աշ­խա­տան­քին լծուած էր պատ­գա­մե­լու կամ ա­հա­զան­գե­լու հա­մար, բո­լո­րին յի­շեց­նե­լու հա­մար հա­մայն­քին հա­ւա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի պա­րա­գա­յին, որ ե­զա­կի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն մը ու­նի մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գէն ներս։

Դժբախ­տա­բար, այս բո­լո­րով հան­դերձ, հա­մայն­քա­յին կարգ մը շրջա­նակ­նե­րուն, մա­նա­ւանդ վար­չա­յին­նե­րու հա­տուա­ծի մը վե­րա­բեր­մուն­քը չե­ղաւ հա­մա­հունչ, ար­ձա­գան­գը չե­ղաւ հա­մար­ժէք։ Եր­կա­նեան եւ ըն­կեր­նե­րը գոր­ծի գլուխ ե­կած էին հա­մայն­քի՛ն քուէ­նե­րով, ազ­գի՛ն մէկ հաս­տա­տու­թեան ծա­ռա­յե­լու, զայն տնտե­սե­լու հա­մար։ Մեղք, որ մեր հա­ւա­քա­կան տկա­րու­թիւն­նե­րը ցա­ւա­լի դրսե­ւո­րում մը ու­նե­ցան Թոփ­գա­բուի պա­րա­գա­յին։ Հա­մայն­քա­յին կարգ մը շրջա­նակ­ներ սկսան այն­պի­սի վե­րա­բեր­մուն­քի մը հե­տե­ւիլ, թէ կար­ծես Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նը վե­րա­ծուած ըլ­լար Մո­նիք Եր­կա­նեա­նի սե­փա­կա­նու­թիւ­նը։ Այս ե­րե­ւոյ­թը, ան­շուշտ, յա­ռա­ջա­ցաւ դի­տում­նա­ւոր, ո­րով­հե­տեւ պատ­րուա­կի մը վե­րա­ծուե­ցաւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թե­նէ խու­սա­փե­լու հա­մար։

Ու­րեմն, ներ­կայ փու­լը շատ կա­րե­ւոր է այդ թիւր տպա­ւո­րու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Մո­նիք Եր­կա­նեան այ­սօր թէեւ փո­խան­ցած է իր սպա­սա­ւո­րու­թեան հեր­թը, սա­կայն ա­հա՛ կան­գուն է Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նը։ Հի­մա թա­ղա­յին խոր­հուր­դը պի­տի աշ­խա­տի թէ՛ պահ­պա­նել մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի ձեռք­բե­րում­նե­րը եւ թէ ա­պա­ցու­ցա­նել, որ ազ­գա­յին այս կրթօ­ճա­խին յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը ան­կախ է ան­հատ­նե­րէ։ Այդ ոս­կէ մի­ջի­նին գտնուի­լը, ինք­նա­բե­րա­բար, պի­տի նշա­նա­կէ դպրո­ցին հա­մար էա­կան ե­րաշ­խիք մը, յաչս հան­րու­թեան պի­տի ըն­կա­լուի հիմ­նա­կան յե­նա­րան մը։

Ա­ռանց­քա­յին երկ­րորդ պա­րա­գան այն է, որ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նը պէտք է գո­յա­տե­ւէ ինք­նու­րոյն եւ այս ուղ­ղու­թեամբ գո­յու­թիւն ու­նին հա­մո­զիչ հիմ­նա­ւո­րում­ներ։ Ճիշդ է, որ այ­սօր հա­մայն­քէն ներս հո­սանք մը կայ վար­ժա­րան­նե­րու միաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Սա կարգ մը դպրոց­նե­րու պա­րա­գա­յին կրնայ ըլ­լալ յար­մար ձեւ մը, եզր մը նպա­տա­կաս­լաց։ Բայց եւ այն­պէս, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, Թոփ­գա­բուի պա­րա­գա­յին սա նա­խընտ­րե­լի տար­բե­րակ մը չէ։ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ինք­նու­րոյն գո­յա­տե­ւու­մը ու­նի իր տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը։ Սկզբուն­քօ­րէն այս­տեղ կայ հա­մայն­քի բո­լոր խա­ւե­րու զա­ւակ­նե­րուն հա­մար կրթու­թիւն ստա­նա­լու հա­մա­հա­ւա­սար հնա­րա­ւո­րու­թեան ըն­ձեռ­ման խնդի­րը։ Մնաց որ, Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նը նա­խընտ­րած ա­շա­կերտ­նե­րուն ընդ­հա­նուր դի­մա­գիծն ալ կը պար­տադ­րէ ա­նոր ինք­նու­րոյն գո­յա­տե­ւու­մը։ Ար­դա­րեւ, ի­րենց զա­ւակ­նե­րը Թոփ­գա­բու կ՚ու­ղար­կեն այն ըն­տա­նիք­նե­րը, ո­րոնք գրե­թէ ներգ­րա­ւուած չեն հա­մայն­քա­յին կեան­քին ու զի­րար կը հա­մա­րեն ճա­կա­տագ­րա­կից եւ այդ զգա­ցու­մին հետ ու­ղիղ հա­մե­մա­տու­թեան մէջ՝ տղա­քը կը վստա­հին Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին։ Հե­տե­ւա­բար, հա­ւա­նա­կան միա­ցու­մի մը պա­րա­գա­յին ա­նոնք բա­ցար­ձա­կա­պէս կրնան զերծ մնալ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան մը ու­ղար­կե­լէ եւ նման պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ կրնայ ծա­գիլ ռիսք մը՝ մար­դու­ժի ան­խու­սա­փե­լի կո­րուս­տի մը ա­ռու­մով։ Ա­ւե­լի՛ն, երբ այ­սօր մեր հա­մայն­քին առ­ջեւ ու­րուագ­ծուած է ե­կա­մուտ­նե­րու զգա­լիօ­րէն բարձ­րաց­ման հե­ռան­կա­րը, ի՞նչ ի­մաստ ու­նի մեր ա­մե­նա­հա­մեստ խա­ւե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն զա­ւակ­նե­րը զրկել՝ կրթու­թիւն ստա­նա­լու նման այ­լընտ­րան­քէ մը։

Հուսկ, այս մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը պէտք է ան­պայ­ման դի­մագ­րա­ւուին Թոփ­գա­բուի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ՝ որ­պէս­զի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի գո­յա­տեւ­ման են­թա­կա­ռոյց­նե­րը ա­պա­հո­վուին միան­գա­մընդ­միշտ։ Գաղտ­նի­քը պա­հուած է յա­մա­ռու­թեան, համ­բե­րու­թեան, կամ­քի ու յանձ­նա­ռու­թեան մէջ։ Բա­րի երթ թոփ­գա­բու­ցի­նե­րուն՝ այս նոր շրջա­նին ըն­դա­ռաջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015