ԱԶԳԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԳԻՆԻԻ ԵՒ ՕՂԻԻ ՀՈՏՈՎ

Հնդկաստանի անկախութեան շարժման ղեկավար, քաղաքական եւ հոգեւոր առաջնորդ Մահաթմա Կանտի դար մը առաջ իր խօսքը ուղղելով Քրիստոնեայ ժողովուրդին՝ կ՚ըսէր. «Ես կը սիրե՛մ ձեր Քրիստոսը, բայց ո՛չ ձեր Քրիստոնէութիւնը: Դուք Քրիստոնեաներդ նման չէ՛ք ձեր Քրիստոսին»: Կանտիի նոյն այդ սէրը այսօր կը տածեմ տեղի-անտեղի լսուած հայրենասիրական լոզունգներուն հանդէպ՝ սակայն ո՛չ երբեք անոնց հայրենասիրութեան, որովհետեւ մեր հաւատքին նման մե՛ր հայրենասիրութիւնը եւս տեսականէն գործնականի միջեւ հսկայական տարբերութիւն մը կը պարզէ: Լոզունգներ՝ որոնք հայրենասիրութենէն աւելի գինի՛ եւ օղի՛ կը հոտին, որովհետեւ մեր ազգասիրութիւնը շատ անգամ միա՛յն գինիի եւ օղիի ներկայութեամբ լեզու կ՚առնէ, կ՚ուռճանայ եւ անսպասելի մէկ վայրկեանին կը ցնդի:

Չափազանցած չե՛մ ըլլար եթէ ըսեմ, որ այսօր սփիւռքի մէջ Հայաստանի ազգային օրհներգը չգիտնալով հանդերձ թունդ ազգասէրներ գոյութիւն ունին, որոնք գուցէ քարտէսի վրայ դժուար թէ Հայաստանի տեղը կարենան գտնել: Կ՚ըսեն անգրագէտ ու անուս հաւատացեալը աւելի՛ հաւատքով լեցուն կ՚ըլլայ՝ քան կրթուած ու զարգացած Աստուածաբանը. արդեօք նո՞յնն է նաեւ հայրենասիրութեան պարագային... չե՛մ գիտեր:

Վրդովմունքս ու խռովքս ուղղուած է անոնց, որոնք հայրենասիրութեան լոկ վերացական, տեսաբանական ու սկըզ-բունքային իրողութիւն ըլլալ կը կարծեն, հեռու ամէ՛ն տեսակ պարտաւորութիւններէ, հեռու ամէ՛ն տեսակ ազգային արժէքներու ճանաչումէ: Վրդովմունք՝ որովհետեւ այդ մարդո՛ւ տեսակն է, որ առանց գաղափարի մը էութիւնն ու ոգին ճանչնալու, անլռելի աքլորի մը նման կուկուլիկկո՜ւ մը տուած առաջ կ՚երթան:

Այդպիսիներուն համար է, որ 136 տարիներ առաջ Մկրտիչ Փորթուկալեան «Արմէնիա»ի չորեքշաբթի, 12 օգոստոս 1885-ի թիւին մէջ կը գրէ. «Այսօր ամէն հայ, ըստ տեղին կամ անտեղի կերպով Հայաստան, Հայաստան կը պոռայ, բայց թէ հարցնես  որ ինչպիսի՞ տեղ է այդ Հայաստանդ, կը տեսնես որ բնաւ մի որոշ գաղափար չունի»:

Գաղափար չունի՛նք, որովհետեւ բոլորս ալ իբրեւ թէ նո՛յն գաղափարին ու տեսլականին համար կը գործենք, սակայն բոլորիս ալ բռնած ու քարոզած ճամբան տարբե՛ր է: Շատերու մօտ վաճառքի հանուած է հայրենասիրութիւնը, ուրիշներու մօտ աճուրդի ու համազգային այդ «պազար»ին մէջ արդէն շունը ի՛ր տէրը չի ճանչնար:

Ու ակամայ այդ բոլորին դիմաց Կոմիտասեան խելագարութիւն մը կը պատէ մեզ, որովհետեւ օրըստօրէ գձուձ ու ճղճիմ խնդիրներ կը զբաղեցնեն մեր ազգայնոց օրակարգը. առաջնահերթը յետին դասելով՝ անկարեւորը կը դառնայ գլխաւոր, ինչ որ դուռ կը բանայ վէճերու, կռիւներու եւ ներկայի անկայունութեան:

Ազգի ղեկավարը ըլլալու կոչուած անձերու մօտ ինչքա՜ն փոքրոգութիւն՝ իրար ծեծելու գնով նոյնիսկ. Ազգային ժողովներու մէջ ծեծ ու տփոց... երանի՜ մէկը այդ ժողովասրահին մէջ գրէր Գէորգ Էմինի բառերը... «Եկէք չզբաղուինք մանր վէճերով ու փոխադարձ վիրաւորանքներով եւ կամ փոխադարձ թմբկահարումով, որովհետեւ երկուսն էլ հաւասարապէս վնասում են մեզ եւ շեղում մեր ուշադրութիւնը գլխաւորից՝ մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի կենսական հարցերից»: Ազգային ժողով մը՝ ուր ազգէն ու ազգութենէն զատ ամէ՛ն բանի մասին կարելի է լսել:

Հո՛ն է, որ պէտք է հայրենիքի ու հայրենասիրութեան գիտակցութիւնը ունեցող մարդու գիտակցութեամբ, անվերապահութեամբ ու հպարտութեամբ, յանուն յառաջդիմութեան, յանուն հայրենիքի բարգաւաճման ի մի համախմբուիլ... սակայն այդ բոլորը կը շարունակեն մնալ լոզունգներ:

Աշուղ Ջիւանի «Նկատողութիւն» խորագրեալ երկարաշունչ բանաստեղծութեան մէջ հետեւեալ տողերը կը գրէ. «մաքրութիւն պահանջող առողջապահին ամիսներով աղտոտ, անլուայ տեսայ...». մեր ազգի ղեկավարները եւս չե՛ն տարբերիր այդ առողջապահէն: Ազգային շահեր կը քարոզուին, սակայն սեփական շահերը կը ծաղկին, լեզուի պահպանութիւն կը քարոզուի՝ լեզուն աղաւաղելու մէջ առաջնութիւնը չե՛ն զիջիր:

Վա՜յ այն ազգին, որ ազգային գործունէութիւնն ու ազգապահպանումը երկրի ղեկավարներուն պաշտօնն ու պարտաւորութիւնը ըլլալ կը կարծեն, որովհետեւ մեր մէջ կայ այն դժբախտ համոզումը, որ ազգային գործը վերապահուած է միա՛յն կուսակցութեանց:

Իսկ եթէ դարձեալ լուծում պիտի ուզուի... այս լաբիւրինթոսի լուծումը մէկն է. ՋՐՀԵՂԵՂ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԷՄԻՆ ՏԷՐ-ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

(1855-1939)

Մեր թուականէն 82 տարիներ առաջ՝ 18 սեպտեմբեր 1939-ին Երեւանի մէջ մահացած է թատերագիր եւ մշակութային գործիչ Էմին Տէր-Գրիգորեան:

Էմին ծնած է 1 յունուար, 1855-ին, Երեւանի մէջ: Կրթութիւնը ստացած է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք վերադարձած է Երեւան:

Էմին եղած է Երեւանի թատրոնի հիմնադիրներէն, հանդէս գալով որպէս թատերագիր, բեմադրիչ, ինչպէս նաեւ դերասան: Իր թատերական առաջին գործը՝ «Խեչոյի թուզը» գրած է 1869 թուականին: Գրած է բազմաթիւ թատերական աշխատութիւններ, որոնք ներկայացուած են Անդրկովկասի հայկական թատրոնին մէջ. իր թատրերգութիւնները ներկայացուած են Երեւանի, Թիֆլիզի եւ բազմաթիւ այլ շրջաններու մէջ: Իր թատրերգութիւններէն ամենէն յայտնիներէն են «Բարեգործութեան դիմակի տակ»ը, «Զրկանքի զոհ»ը, «Վայրենին» եւ այլ գործեր:

Էմին թատրոնի կողքին զբաղած է նաեւ հրատարակութեամբ. Երեւանի մէջ ունեցած է իր սեփական տպարանը, ուր տպագրուած են իր եւ այլ գրողներու բազմաթիւ գիրքեր: Որոշ ժամանակ հրատարակած է «Երեւանի Յայտարարութիւններ» թերթը: Գրած է բանաստեղծութիւններ, որոնք 1876 թուականին հրատարակուած են «Թռչնիկ» խորագրեալ աշխատութեան մէջ:

Թատրերգութեան եւ թատերագրութեան կողքին զբաղած է նաեւ թարգմանութեամբ, օտար լեզուներէ հայերէնի թարգմանելով զանազան թատրոններ, որոնցմէ կարելի է յիշել «Հերկուլես»ն ու «Ոճրագործի ընտանիքը»: Շնորհիւ իր վաստակին ու գրական իմացութեան՝ 1934 թուականին եղած է Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ:

Էմինի դիմանկարը ցայսօր կը գտնուի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ, նկարուած Ստեփան Աղաջանեանի կողմէ՝ 1935 թուականին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2021