«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐԸ Կ՚ԱՆՑՆԻՆ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԸՆԴՄԷՋԷՆ»
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) այս առաւօտ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ ամփոփելով Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մէկ տարին։ Ստորեւ կը հրատարակենք այս յայտարարութիւնը, որ տարածուած է ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղին կողմէ։
*
2020 թուականի սեպտեմբերի 27-ին հայկական աշխարհը բախուեցաւ հայրենիքի ազգային անվտանգութեան պահպանման խնդրին։ Ճակատագրական այդ օրէն ի վեր, Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդները կ՚անցնին բազմաթիւ փորձութիւններու ընդմէջէն։ ՀԲԸՄ անոնց կը մաղթէ տոկունութիւն եւ մխիթարանք՝ Արցախի երկրորդ պատերազմէն ապաքինուելու դժուարին ճանապարհին։
Մտորելով այս վշտալի իրադարձութեան մասին՝ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան ըսած է. «Այս օրը, անկասկած, կը յիշուի՝ որպէս հայոց պատմութեան տխուր էջերէն մին։ Բայց այսօր ՀԲԸՄ կը կեդրոնանայ այն մարդոց վրայ, որոնք 44 օր շարունակ դիմակայած են թշնամիի անմարդկային դաժանութիւններուն։ Մեր մտքերը նաեւ այն ընտանիքներուն հետ են, որոնք կորսնցուցած են իրենց սիրելիները պատերազմի դաշտին կամ եղած են ու կը շարունակեն ըլլալ պատերազմական յանցագործութիւններու զոհ՝ ներառեալ, պատերազմի գերիները, որոնք տակաւին կը պահուին միջազգային եւ մարդու իրաւանց կոպիտ խախտումով։
«Յարգելով մեր բոլոր քաջ նահատակներու յիշատակը, որ մշտապէս վառ կը մնայ ամբողջ հայ ազգի յիշողութեան մէջ, մենք մեր սրտերուն մէջ ամուր կը պահենք նաեւ ծանր վիրաւորուած մեր հերոսները։
«Միեւնոյն ժամանակ, ՀԲԸՄ կ՚արժեւորէ ճգնաժամի մէջ գտնուող հայերուն աջակցելու հայկական համերաշխութեան խոր զգացումը, որ դրսեւորուած է սփիւռքի մեր նուիրատուներու, կամաւորներու, աջակիցներու, գործընկերներու եւ ընկերներու կողմէ։
«Միասին անոնք իսկապէս կը մարմնաւորեն ՀԲԸՄ-ի յաւերժական կարգախօսը. Միութիւնը զօրութիւն է»։