ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՄԱՏՈՅՑ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. երէկ Հռոմի մէջ մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը, Լեւոնեան քահանայապետական հայկական վարժարանի համալիրի մատրան երդիքին տակ։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Մասնակիցներու շարքին էին Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Նազարեան, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան մեծաւոր մայր Արուսեակ Սաճոյեան, Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութենէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ։ Նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարքի մատուցած գոհաբանական Ս. Պատարագը, միեւնոյն ժամանակ, նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակին։ 

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը՝ ի պատիւ նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարքին, որ ընդունեց շնորհաւորութիւնները։

Այս ընդունելութենէն վերջ Լեւոնեան վարժարանի սեղանատան մէջ սիրոյ սեղան մըն ալ սարքուեցաւ՝ հոգեւորականաց դասու եւ Կարէն-Նանա Նազարեան ամոլի մասնակցութեամբ։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ճաշի ընթացքին ունեցաւ հակիրճ ելոյթ մը, որու ընթացքին ուրախութիւն յայտնեց Ս. Պատարագի ընթացքին աղօթակից ըլլալու բերումով։ Նորին Սրբազնութիւնը մաղթեց, որ Բարձրեալ Տէրը առաւել զօրացնէ նորընտիր Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը նոր կոչման մէջ եւ յաջողութեամբ պսակէ իր բոլոր բարի նպատակները՝ յանուն հայ ժողովուրդին եւ Քրիստոսի եկեղեցւոյ։

Դեսպան Կարէն Նազարեանն ալ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որմէ վերջ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Պատրիարքի փակման խօսքով աւարտին հասաւ սիրոյ սեղանը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2021