ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼ
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան յայտարարեց, որ այժմ եղածի պահպանումը անհրաժեշտ նախադրեալն է, որպէսզի Արցախը մնայ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Դաւիթ Պապայեանի կանխատեսումներով, հինգ տարի վերջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը դժուար թէ կարգաւորուած ըլլայ։ Հետեւաբար, ըստ իրեն, Ռուսաստանի խաղաղապահ առաքելութեան ժամկէտը պիտի երկարաձգուի։
«Հիմա ամենակարեւորը այն է, որ գոնէ պահպանենք այն, ինչ որ ունինք։ Սա այն անհրաժեշտ նախադրեալն է, որ թոյլ պիտի տայ, որպէսզի Արցախը մնայ։ Թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ չորս տարի վերջ, կը կարծեմ, պիտի երկարաձգուի խաղաղապահ առաքելութիւնը՝ այն պարզ պատճառով, որ 2025 թուականին հակամարտութիւնը դժուար թէ կարգաւորուի։ Իսկ խաղաղապահ առաքելութիւնը սովորաբար իր աշխատանքը կը դադրեցնէ, եթէ հակամարտութիւնը համապարփակ ձեւով կարգաւորուած ըլլայ։ Եթէ կարգաւորուած չէ, այդ պարագային ի՞նչ տրամաբանութիւն կայ խաղաղապահ առաքելութիւն բերել՝ տեղակայել ընդամէնը չորս տարիով, հինգ տարիով, եթէ այդ ժամանակահատուածին կարգաւորուած պիտի չըլլայ հակամարտութիւնը։ Հետեւաբար, պէտք է պարզապէս աշխատինք, ճիշդ աշխատինք, հնարաւորինս նուազեցնենք զգացումները, սառնասրտօրէն մօտենանք, արհեստավարժ ձեւով գործերուն մօտենանք, որպէսզի կարողանանք մեզի համար ցանկալի արդիւնք մը ձեւաւորել», ըսաւ ան։