ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ

Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք

Հոգեւոր Տէր,

Ուրախութեամբ իմացանք, թէ Ֆրանսիսքոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ 22 եւ 23 սեպտեմբերին՝ Հռովմի մէջ գումարուած Տանն Կիլիկիոյ Պատրիարքական Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու սինհոդոսը՝ ընտրած է ձեզ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայոց կաթողիկոս-պատիրարք։

Քաջածանօթ ըլլալով ձեր առաքելութեան եւ երկար տարիներու վրայ երկարած մեր ծանօթութեան եւ գործակցութեան մէջէն՝ տեսած ենք ձեր մէջ հոգեւոր-եկեղեցական եւ ազգային կղերական-առաջնորդը։ Ձեր գործունէութիւնը միշտ ալ ապացուցեց ձեր անսակարկ նուիրումը Քրիստոսի, եկեղեցիին եւ հայ ժողովուրդին։ Մեր գործակցութիւնը՝ սկսելով Պէյրութի մէջ ձեր ծառայութեան ժամանակէն՝ ընդգրկած է նաեւ Աստուածաշունչի դաստիարակութեան անհրաժեշտութեանը՝ ի մասնաւորի նորահաս սերունդին համար, երբ շարք մը հրատարակութիւններ իրականացուցինք միասին՝ ինչ որ նոյնպէս կ՚արտացոլացնէ ձեր համակ նուիրումը Քրիստոնէական եւ Աստուածաշունչի կրթութեան ձեր ջանքերուն մէջ։

Ձեզի կը մաղթենք արեւշատ առաքելութիւն։ Ուժ եւ կորով ձեր այս նոր պատասխանատուութեան մէջ։ Ձեր երկար տարիներու փորձը՝ զանազան երկիրներու եւ գաղութներու մէջ՝ ներառեալ մայր հայրենիք՝ անպայմանօրէն իր կարեւոր եւ օգտաշատ ներդրումը պիտի ունենայ ձեր եկեղեցանուէր եւ ազգաշէն գործունէութիւններուն մէջ։

Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան խնամակալ մարմնի անունով եւ անձնապէս՝ խնդրեմ ընդունեցէք մեր շնորհաւորութիւնները։ Կը մնանք աղօթող ձեր առաքելութեան համար, նաեւ պատրաստակամ շարունակելու մեր գործակցութիւնը ձեզի հետ։

Յարգանքով՝

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ՝
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ

Սեպտեմբեր 24, 2021 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2021