«ՀԻՆ ԳԼՈՒԽ» ԹԷ՞ «ՅԱՌԱՋԴԻՄԱԾ»

Մեր թուականէն 70 տարիներ առաջ՝ 1950 թուականին մամուլներ տեղեկութիւն կը փոխանցէին ֆրանսացի գիտնական Անտրէ Թոմասի մասին, որ լծուած էր «յարութիւն պարգեւող մեքենայ»ի մը պատրաստութեան աշխատանքին: Գիտնականը կը պատրաստէր մեքենայ մը, որ սիրտ, թոքեր եւ արիւն ունի, որոնց շնորհիւ իբրեւ թէ կարելի պիտի ըլլայ մեռեալներու արեան շրջանը ապահովել եւ գուցէ՝ վերակենդանացնել մեռեալը:

Եօթանասուն տարիներ ետք, այսօր, խիստ պահանջքը կը զգամ այդ մեքենային, անոր մէջ պառկեցնելու համար հասակ առնող նոր սերունդին մէջ հոգի տուող արժանապատուութիւնն ու պատիւի զգացումը, որոնց անէացումը անտարբերներու մօտ անփթութիւն, իսկ հայութեան ապագայով մտատանջուածներուն մօտ վիշտ ու կսկիծ կը յառաջացնէ: Աւելի քան երբեք այսօր կարիքը ունինք Անտրէ Թոմասի մեքենային՝ սատկած արժանապատուութիւնը կանգնելու համար, որ այժմ իր դիրքն ու պաշտօնը յանձնած է անբարոյութեան:

«Յառաջդիմութիւն» կոչուած դիւրաբեկ բարոյականով առաջնորդուող ընկերութեան մը մէջ հասակ կ՚առնէ այսօրուան հայը, եւրոպական եւ ամերիկեան ամէ՛ն զեխութիւն յառաջդիմութիւն եւ զարգացում կարծելով: Յառաջդիմութիւնը ոմանք կ՚անուանեն անբարոյականութիւն, իսկ անբարոները զիրենք կ՚անուանեն «հին գլուխ»ներ, հարցականի տակ ձգելով թէ՛ յառաջդիմութեան եւ թէ՛ բարոյականութեան ինչութիւնը:

Գրիգոր Զօհրապ 1 հոկտեմբեր, 1902 թուականին, Զոլային մահուան առիթով Բերայէն գրած «Ութը տարի ետքը» խորագրեալ նամակին մէջ կ՚ըսէ. «անբարոյականութեան դէմ կռուելու պատրուակով զինուեցան անոնք, որոնք դատապարտուած են կռնակնին դարձուցած մնալու յառաջդիմութեան»: Գուցէ կռնակ դարձուցածներէն մէկն ալ ես եմ այս պահուս, ո՜վ գիտէ, սակայն մէկ բան յստակ է, որ մարդ արարածը չկրցաւ հաւասարակշռութիւնը պահել «հին գլուխ»ին եւ «յառաջդիմութեան» միջեւ, այդ իսկ պատճառով դարձաւ կա՛մ «հին գլուխ» կամ «յառաջդիմած», ինչ որ ընկերութեան մը մէջ խաւերու հսկայական վիհեր ստեղծեց:

Մեր հիներուն համար ամօթ նկատուածը, այսօրուայ սերունդին համար դարձաւ պարզ ու բնական երեւոյթ մը, ստիպելով մեր տարեցներուն հազա՜ր անգամ մեղայ կարդալ:

Որքա՛ն կ՚որոշես, որ նոր սերունդի այլանդակութեանց դիմաց պիտի չզարմանաս, այնքա՛ն աւելի զարմանալու եւ հարցադրումներու պատճառ կը գտնես: Անցեալները համացանցի վրայ տեսայ հայ մօր մը նկարած կարճ տեսերիզը, ուր ուրախ դէմքով կ՚ըսէր, թէ կը փափաքի դուրս գալ ու շրջագայիլ... սակայն դաշտա՜նը հրաման չի տար: Հայ մայր՝ երկու զաւակներու տէր եւ հանրութեան կը ծանուցէ իր դաշտանի ժամանակը ըլլալ. նիւթ՝ որ մենք գրելու ամօթը կը զգանք:

Ձեր կեանքի ընթացքին նշա՞ծ էք տարեդարձ... այսօր այնքա՜ն այլանդակ ու անբարոյական են մեր շուրջ նշուող տարեդարձները: Լսա՛ծ էինք ամուսնութեան տարեդարձ, ընկերութեան ու սիրահարութեան տարեդարձ, սակայն երբեւէ լսա՞ծ էք կուսութիւնը կորսնցնելու տօնակատարութիւն... տարեդարձ ու ամեակներ: Անշուշտ նման տարեդարձ մը առանց կարկանդակի չէր ըլլար, վրան գրուած «կուսութիւն չկա՜յ»:

Պատմե՞մ երրորդ մը... տարիներ առաջ լիբանանահայ անչափահաս աղջիկ մը (15 տարեկան) կը դիմէր «հին գլուխ»իս, եղելութեան մը մասին կարծիք հարցնելու: Իբրեւ թէ սիրահարելով տղու մը, անոր ղրկած էր անպատշաճ ու անյարմար նկարներ եւ ինչպէս միշտ «յաւիտենական սէր»ը վերջ գտած էր մի քանի շաբաթ ետք: Սիրահարութեան ասպետը անյարմար նկարները սկսած էր ղրկել բոլոր ծանօթներուն եւ մեր անչափահաս աղջիկը կարծիք կը հարցնէր, թէ ի՞նչ պէտք է ընէ, եթէ ընտանիքը տեսնէ...: Եւ արդարացումը այնքա՜ն դատարկ ու սի՜ն էր. «Եւրոպա այսպէս չէ, մենք ենք որ հին գլուխներով կ՚ապրինք... Եւրոպայի համար այս բոլորը պարզ է, նոյնիսկ մարդիկ մերկ փողոցները կը շրջագային...»:

Տարի մը ամբողջ Եւրոպա ապրելու առիթը ունեցայ... փողոցը մերկ շրջողներու չհանդիպեցայ:

Վերոյիշեալ երեք իրողութիւններու մասին գրելը ամօ՛թ կը նկատենք, սակայն նոյն այդ ամօթին մէջ է, որ կը փորձենք ապրիլ, նո՛յն այս անբարոյ մըթ-նոլորտին մէջ կը փորձենք նոր սերունդ մը մեծցնել, որ գուցէ շա՜տ աւելի ահաւոր ըլլայ՝ քան ներկայինը: Վերոյիշեալ բոլոր երեւոյթները տարիներու ընթացքին բոլորիս համար պիտի դարձնեն բնական ու սովորական երեւոյթ... ու այսպէս տակաւ առ տակաւ պիտի վատասերինք, ուծանալով մեր բոլո՛ր սրբազան արժէքներէն:

Աստուած մեր վերջը բարի ընէ...:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԹԱՄԱՐ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ
(1901-1978)

Մեր թուականէն 43 տարիներ առաջ՝ 6 հոկտեմբեր 1978-ին Երեւանի մէջ մահացած է արուեստագէտ եւ երգչուհի Թամար Շահնազարեան:

Շահնազարեան ծնած է 4 յունուար 1901-ին, Պաքուի մէջ: Դուստրն է հայ երգիծաբան եւ արձակագիր Կոստանդին Մելիք Շահնազարեանին: Երաժշտուհին իր ուսումը ստացած է Երեւանի երաժշտական հիմնարկէն ներս՝ աշակերտելով Բաբալեանին՝ 1922 թուականին: Ապա ուսումը շարունակած է Երեւանի երաժշտանոցէն ներս եւ շրջանաւարտ եղած է 1931 թուականին: Շահնազարեան իր ուսումը աւարտելէ ետք եղած է «Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի թատրոնի մեներգչուհի: Եղած է Սպենդիարեանի «Ալմաս»ին առաջին կատարողը:

Թամար երգելու կողքին վարած է նաեւ ուսուցչական պաշտօն, 1945-1978 թուականներուն դասաւանդելով «Կոմիտաս» երաժշտանոցին մէջ, ուր վարած է մեներգութեան ամպիոնը, ստեղծելով երաժշտա-մանկավարժական դպրոց մը: Անոր աշակերտներէն եղած են Գոհար Գալաչեան, Արշաւիր Կարապետեան, Ե. Վարդանեան, Ֆ. Կոլոսարեան եւ բազմաթիւ ուրիշ հայազգի երաժիշտներ: Շահնազարեան աւելի յայտնի եղած է իր օփերային երգերու կատարումով. ինչպէս՝ «Անուշ»ը՝  Անուշի մօր դերով, «Նամուս»ը՝ Մարիամի դերով, նաեւ այլ օփերաներ:

Թամար հեղինակ է նաեւ ձայնամշակման եւ մանկական ձայնի պահպանման տարբեր հարցերու մասին խօսող գիտական աշխատութեան մը, որոնք կը կոչուին «Կոմիտասի տասն պատուիրանները երգիչին»:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2021