ՆՈՐ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ առաւօտ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի վարիչները։ Իր կողքին էին Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, որ կը գլխաւորէ այս յանձնախումբի գաղթականաց ենթայանձնախումբը եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Հանդիպումը սկիզբ առաւ Տէրունական աղօթքով։ Ապա այս յանձնախումբի 2021-ի գործունէութեան մասին զեկուցում մը ներկայացուց Խաչիկ Ճանէլ, որ անոր ատենապետն է։ Զեկուցումը մանրամասնութիւններ կը բովանդակէր ներկայ տարուայ տեւողութեան կատարուած օժանդակութիւններուն շուրջ՝ պատկան ենթայանձնաժողովներու միջոցաւ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հրամանաւ ու օրհնութեամբ, 16 մարտ 2020-ին գործել սկսած էր օժանդակութեան յանձնախումբը, որ կը նպաստէ աւելի քան 700 ընտանիքի եւ աւելի քան 1600 անհատի։ Յանձնախումբը կը գործակցի մեր եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններուն հետ եւ կանոնաւոր օժանակութիւն կ՚ապահովէ նպաստընկալներուն։

Երէկուան հաւաքի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան մինչեւ տարեվերջ նախատեսուած օժանդակութիւններուն շուրջ։ Յանձնախումբը առաքելութիւնը յառաջ կը տանի բարերարներու օժանդակութեամբ։ Ուստի, երէկ ընդգծուեցաւ, որ այս առաքելութեան յարատեւութեան համար միշտ անհրաժեշտ պիտի ըլլան նուիրատուութիւնները։

Նորին Ամենապատուութիւնը բարձր գնահատեց այս յանձնախումբի աշխատութիւնը՝ յատկապէս համավարակի շրջանին։ Ան շեշտեց, որ ջանք պիտի չխնայէ այս օրհնեալ առաքելութեան շարունակականութեան համար։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդիպման ընթացքին տեղեկացուց, որ իր հրամանաւ Պատրիարքարանի համալիրէն ներս յետ այսու պաշտօնապէս պիտի գործէ Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի գրասենեակը։ Այս տնօրինութեան նպատակն է առաւել հասանելի դարձնել մեր ժողովուրդին։

Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը եւ յանձնախումբի անդամները Պատրիարքարանի դահլիճէն անցան դէպի նորահաստատ գրասենեակը, ուր կատարուեցաւ բացման աղօթք։

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը հերթական անգամ օրհնութիւնը տուաւ յանձնախումբի բոլոր կամաւորներուն, որոնք ալ, իրենց հերթին, որդիաբար շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած հայրական հոգածութեան ու մերձեցման համար։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021