«MAMUT ART PROJECT 2021»Ը ՍԿՍԱՒ «ՊՈՄՈՆԹԻԱՏԱ»Ի ՄԷՋ

Երէկ, «Պոմոնթիատա» համալիրէն ներս սկսաւ «Mamut Art Project 2021»ը։ Մինչեւ ամսավերջ պիտի շարունակուի այս նախաձեռնութիւնը, որ 9-րդ անգամ կազմակերպուած է։ «Yapı Kredi» դրամատան կողմէ հովանաւորուած համալիրէն ներս, երեք տարբեր դահլիճներէ ներս կը ներկայացուին այն ստեղծագործութիւնները, որոնք ընդգրկուած են այս մեծ նախաձեռնութեան մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, «Mamut Art Project 2021»ը կարելի է այցելել առցանց։

Այս տարի ցուցադրասրահի տարածքը ընդլայնուած է եւ ծրագրին մաս կը կազմէ «Dreamscapes» անուան ներքեւ մասնաւոր հաւաքածոյ մը։ Այս վերջինը 43 արուեստագէտի ստեղծագործութիւններէն կը բաղկանայ։ «Mamut Art Project 2021»ի ծրագրի տնօրէնուհին է մեր համայնքէն յայտնի դէմք մը՝ Սէրտա Ասլան։

Կը տեղեկանանք, որ այս մեծ ծրագրին մաս կը կազմեն նաեւ մեր համայնքէն յայտնի լուսանկարիչ Մանուէլ Չըթաքի եւ իր դստեր՝ Թամար Չըթաքի ստեղծագործութիւնները։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2021