ՊԱՔՈՒԻ ՁԳՏՈՒՄԸ ԱՆՓՈՓՈԽ

ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Սեր­պիոյ Ա. փոխ-վար­չա­պետ ու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ի­վի­ցա Տա­չի­չի Ե­րե­ւա­նի մէջ ու­նե­ցած շփում­նե­րուն ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Տա­չիչ ար­տա­յայ­տուած էր Պա­քուի մէջ ի­րեն ներ­կա­յա­ցուած ա­ռա­ջար­կին շուրջ, ո­րով Ատր­պէյ­ճան փա­փաք յայտ­նած է ընդ­լայ­նել ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն շրջա­գի­ծը եւ ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րու շար­քին ընդգր­կել նաեւ Գեր­մա­նիան ու Թուր­քիան։ Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ ան­մի­ջա­պէս ար­ձա­գան­գեց այս ա­ռա­ջար­կին ու տե­ղե­կա­ցուց, որ դէմ է այդ­պի­սի կար­գադ­րու­թեան մը։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեան յայ­տա­րա­րեց, որ Ատր­պէյ­ճան միշտ ալ ե­րա­զած է Թուր­քիան միջ­նորդ տես­նել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ, սա­կայն հայ­կա­կան կող­մը դէմ է այս բա­նին։ Ե­րէկ, լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին փոխ-նա­խա­րա­րը յստա­կօ­րէն դի­տել տուաւ, թէ հայ­կա­կան կող­մը դէմ է, որ Թուր­քիան որ­պէս միջ­նորդ հան­դէս գայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։ «Սա միշտ ալ ե­ղած է Ատր­պէյ­ճա­նի ե­րա­զան­քը։ Այդ երկ­րի խնդի­րը ոչ թէ Գեր­մա­նիան է, ի­րա­կան նպա­տա­կը Թուր­քիան է, որ միան­շա­նակ նոյ­նա­կան է Ատր­պէյ­ճա­նին։ Տուեալ պա­րա­գա­յին Գեր­մա­նիան յա­ռաջ կը տա­նին նպա­տա­կի հաս­նե­լու հա­մար, որ­պէս­զի Թուր­քիան ըլ­լայ միջ­նորդ։ Բնա­կա­նա­բար հա­յկա­կան կող­մը դէմ է այս բա­նին», ը­սաւ Քո­չա­րեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հը թէեւ փո­խան­ցած է Ատր­պէյ­ճա­նի ա­ռա­ջար­կը, սա­կայն հայ­կա­կան կող­մը ու­նի իր դիր­քո­րո­շու­մը։

Շա­ւարշ Քո­չա­րեա­նի ա­ռըն­թեր ե­րէկ նոյն նիւ­թին անդ­րա­դար­ձան նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Է­տուար Շար­մա­զա­նով եւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ար­տակ Զա­քա­րեան։ Այս վեր­ջի­նը նշեց, որ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման հու­նի մէջ տես­նե­լու հե­տա­մուտ պե­տու­թիւն­նե­րուն ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ Ատր­պէյ­ճա­նի ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն վերջ տրուի­լը։ «Այդ եր­կիր­նե­րը պէտք է Ատր­պէյ­ճա­նը բե­րեն դաշ­տի մը մէջ, ուր հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լայ խօ­սիլ բա­նակ­ցա­յին հար­ցե­րու շուրջ եւ թոյլ չտան, որ իւ­րա­քան­չիւր ան­գամ ձա­խո­ղին ձեռք­բե­րում­նե­րը կամ ձա­խո­ղի բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը», ը­սաւ Զա­քա­րեան։

Միւս կող­մէ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան ե­րէկ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ան­ճէյ Կասպր­չի­կի հետ։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015