ԼԱՒՐՈՎ-ՊԱՅՐԱՄՈՎ ԶՐՈՅՑ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ռուս նախարարը օր մը առաջ ալ հեռաձայնով զրուցած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Երեւանեան աղբիւրները ուշադրութիւն կը հրաւիրեն, որ Լաւրով-Պայրամով զրոյցի բովանդակութեան կապակցութեամբ Մոսկուայի եւ Պաքուի դիւանագիտական աղբիւրներուն կողմէ կատարուած պաշտօնական հաղորդումներուն մէջ կան որոշ տարբերութիւններ։

Ռուսական կողմի տրամադրած տեղեկութիւններով՝ նախարարները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններու արդիական հարցեր եւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցած՝ տարածքաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի նիւթերուն շուրջ։ Անոնք շօշափած են Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը՝ հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու դադրեցման վերաբերեալ եռակողմանի փաստաթուղթի մօտալուտ առաջին տարին։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, դիրքորոշումներու յստակեցում իրականացուած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութեան վերացման, Հարաւային Կովկասէ ներս բոլոր փոխադրութեան ու տնտեսական կապերու ապաշրջափակման, տարածաշրջանային համագործակցութեան համար բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու հարցերու շուրջ։ Լաւրով ընդգծած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցերու ամբողջ շրջանակի քաղաքական ու դիւանագիտական կարգաւորման ուղղեալ ջանքերու շարունակականութեան կարեւորութիւնը։ Նախարարները գոհունակութեամբ նշեցին երկկողմանի բազմաբնոյթ ռազմավարական գործընկերութեան շարունակականութեան զարգացումը։

Մինչդեռ Պաքուի կողմէ կատարուած հաղորդումներուն մէջ նշուած է, որ Սերկէյ Լաւրով եւ Ճէյհուն Պայրամով կարծիքներ փոխանակած են տարածաշրջանի իրավիճակին շուրջ՝ կարեւորելով «3+3» ձեւաչափով համագործակցութեան հարթակի մշակումը։ Այս մանրամասնութիւնը կը բացակայի Մոսկուայի կողմէ կատարուած հաղորդումներուն մէջ։

«3+3» ձեւաչափով հարթակի ստեղծման հեռանկարը օրակարգի վրայ եկած էր նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին՝ Մաքրոնի միջեւ անցեալ շաբաթավերջին Հռոմի մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2021