ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութիւնը կը շարունակուի, սակայն, դժբախտաբար, իր այցելութիւնը կ՚ուղղորդուի առողջական վերիվայրումներով։ Ճամբորդութեան սկզբնական փուլին Յունաց Պատրիարքը Ուաշինկթընի մէջ հիւանդանոց փոխադրուելով կարճ դարմանումի մը ենթարկուած էր։ Ծրագրի շարունակութեան, Նիւ Եորքի մէջ Նորին Սրբութիւնը դարձեալ հիւանդանոց փոխադրուած է։

Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմի աղբիւրներու հաղորդումներուն հիման վրայ «Անատոլու» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք բժշկական քննութենէ անցած է Մենհեթթընի «Մաունթ Սինայի» հիւանդանոցէն ներս։ Իր առողջութեան առկայ կացութեան լոյսին տակ բժիշկները յարմար դատած են, որ անժէօ մը կատարուի Նորին Սրբութեան։ Յաջորդ քայլափոխին յայտնի դարձած է, թէ սթենտի մը տեղադրումը անհրաժեշտ է։ Այդ միջամտութիւնը կատարուած է յաջողութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը գիշերը անցուցած է հսկողութեան տակ։ Ամենայն հաւանականութեամբ ան այսօր դուրս գայ հիւանդանոցէն։

Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի դէպի ԱՄՆ ուղեւորութիւնը սկսած էր հոկտեմբերի 23-ին։ Այս այցելութիւնը կը զուգադիպի իր գահակալութեան 30-ամեակի յոբելենական շրջանին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2021