ՀԱԶԱՐԱՄԵԱՅ ՋԱՀ ՄԸ
Պատմաբաններն ու բանասէրները զանազան ձեւերով կը փաստեն, թէ հայերէն լեզուն ամենէն հին լեզուներէն մէկն է՝ հնդեւրոպական ընտանիքին մաս կազմող: Անոնցմէ շատեր նոյնիսկ ուզած են հայերէն լեզուն ընդունիլ որպէս աշխարհի առաջին լեզու՝ խօսուած Ադամի եւ Եւայի կողմէ: Այսպէս. պատմաբան, լեզուաբան, աստուածաբան եւ մանկավարժ Միքայէլ Չամչեան իր «Պատմութիւն Հայոց» երեք հատոր աշխատութեան Ա. հատորի 153-րդ էջին մէջ կը գրէ. «Մարթ է ասել, թէ այն առաջին բարբառ՝ որով խօսէին մարդիկ յԱդամայ անտի մինչեւ ցբաժանումն լեզուաց, հայոցն էր. որ եւ մնաց մինչեւ ցայժմ» (Միքայէլ Չամչեան, «ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ: Երեք հատորով: Հատոր Ա», Վենետիկ, 1784, էջ 153):
Պատմիչը պնդելով այս տեսութիւնը կը պնդէ, թէ Նոյ եւ իր որդիները կը խօսին հայերէն լեզուով. «այն լեզու, որով խօսէր Նոյ եւ որդիք իւր անդ ՚ի Հայաստան, ո՛չ խառնեցաւ, եւ ո՛չ բարձաւ, եւ ո՛չ յայլ փոխեցաւ, այլ` է նոյն, որ այժմ կայ ՚ի Հայաստան, ապա յայնժամ Հայաստանու կամ հայոց լեզուաւ խօսէին Նոյ եւ որդիք իւր» (նոյն անդ): Ըստ Չանչեանի, աշտարակի շինութեան ժամանակ տեղի ունեցած լեզուներու խառնակութեան ատեն միա՛յն հայերէն լեզուն է, որ չխառնուեցաւ:
Չամչեանի հակառակ, այլ պատմիչներ հայոց լեզուի ստեղծման թուականի շուրջ տարբեր կարծիքներ կը կազմեն. օրինակ՝ բանաստեղծ, բանասէր, պատմաբան եւ աշխարհագէտ Ղեւոնդ Ալիշան «Հայաստան յառաջ քան զլինելն Հայաստան» աշխատութեան մէջ հայերէն լեզուի հեղինակ կ՚ընդունի Հայկ Նահապետը, ըսելով. «Ինչպէս ազգիս այսպէս եւ լեզուիս հեղինակ ճանաչեմք զՀայկն» (Ղեւոնդ Ալիշան, «Հայաստան յառաջ քան զլինելն Հայաստան», Վենետիկ, 1904, էջ 88):
Վերը նշուածները կը մնան վարկածներ: Մեր պատմութեան մէջ ակնյայտ է առասպելապատումի երեւոյթը. պատմիչներ մի՛շտ ալ փորձած են գերագոյն արժէքներու հետ ագուցել պատմութեան մէջ տեղ գտած դէմքերն ու դէպքերը, ինչպիսին է Աստուծոյ կողմէ Մեսրոպ Մաշտոցին կատարած գիրերու յայտնութիւնը եւ այլն:
Սակայն այսօր, այս գրութեան հիմնական նպատակը հայոց լեզուի փառաւոր անցեալէն աւելի անոր միգամած անցեալն է. անհերքելի ճշմարտութիւն է, որ հայերէն լեզուն ունի հազարամեակներու հնութիւն մը. դարեր շարունակ ամէ՛ն տեսակ դժուարութիւններու տոկալով ու դիմադրելով ապրած ու հասած է մինչեւ մեր օրերը, բայց մինչեւ ե՞րբ եւ ո՞ւր...:
Երջանկայիշատակ Սահակ Բ. Կաթողիկոս խօսելով Ատանայի ջարդերու եւ Մեծ Եղեռնի արհաւիրքներուն մասին կը գրէ. «Բարոյական մահացնող կսկիծ մը զիս կը կրծէր, Կիլիկիոյ 800 տարուայ կաթողիկոսութեան ՎԵՐՋԻՆ կաթողիկոսն պիտի ըլլայի...»։ Կաթողիկոսը ունէր այն ցաւը, որ ինչպէ՞ս կրնար ըլլալ որ ԻՐ օրով վերջ գտնէր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Այսօր հազարամեակներու կեանք ունեցող հայոց լեզուին նկատմամբ մենք ունի՞նք նոյն նախանձախնդրութիւնը. ի՞նչ պիտի ըլլայ եթէ մե՛նք ըլլանք վերջինը ու գալիք սերունդներուն մօտ տեղ չգտնէ հայերէն լեզուն: Սահակ Կաթողիկոս գաղթականի այդ դժուար պայմաններուն մէջ, մատի վրայ հաշուող միաբաններով ոտքի պահեց Կաթողիկոսութիւնը. մենք ի՞նչ կ՚ընենք այսօր կանգուն պահելու համար լեզուն:
Վերջերս համացանցի վրայ հանդիպեցայ էջի մը, որ նպատակ ունի սրբագրել հայերէն լեզուի մէջ տեղ գտած ուղղագրական ու քերականական սխալները: Էջին կատարած աշխատանքը իտէալական է. սակայն մտածել տուաւ երկու կէտերու տարբերութիւններուն մասին. մենք կ՚ուզենք, որ մեր նոր սերունդը հայերէն խօսի ու գրէ, թէ ոչ կ՚ուզենք անսխա՛լ հայերէն խօսի ու գրէ: Այլ խօսքով կ՚ուզենք նախ մանուկը քալէ՞, թէ ոչ կ՚ուզենք արդէն վազելու անցնի:
Մեր միտքը աւելի յստակեցնելու համար տանք հետեւեալ օրինակը.
Ո՞ր մէկը նախընտրելի է.- գնդակ, թէ՞ գնթակ.- վստահաբա՛ր ԳՆԴԱԿ:
Ո՞ր մէկը նախընտրելի է.- գնթա՞կ, թէ kntag.- այստեղ արդէն նախընտրելի պիտի ըլլայ գնդակը գրել «Թ»ով, քան՝ լատինատառ «հայերէն»ով, ունենալով այն յոյսը, որ մի քանի անգամ սխալ գրելէ ետք կարելի կ՚ըլլայ սրբագրել այդ «Թ» տառը:
Ո՞ր մէկը նախընտրելի է.- kntag թէ ball.- այստեղ արդէն պիտի սկսինք նախընտրել լատինատառ «հայերէն»ի kntag-ը՝ քան անգլերէն լեզուն:
Եւ հիմա այս իրավիճակն է, որ կը տիրէ մեր ազգին մէջ: Կայ խաւ մը, որ կրցածին չափ անսխալ ու մաքուր հայերէնով կ՚արտայայտուի. կայ խաւ մը, որ հայերէն կը խօսի, հայերէն կը մտածէ, սակայն թէ՛ ուղղագրական եւ թէ քերականական բազմաթիւ սխալներ կը գործէ. կայ խաւ մը, որ հայերէն բառերը գիտէ, սակայն ընդհանրապէս աղերս չունի ուղղագրութեան եւ քերականութեան հետ, հետեւաբար կը նախընտրէ գրելու եւ կարդալու պարագային գործածել լատինատառը. իսկ աւելի վատը այն խաւն է, որ հայ ըլլալով հանդերձ կը նախընտրէ օտարը, որով աւելի հանգիստ ու հարազատ կ՚արտայայտուի՝ քան հայերէնով: Այլ խօսքով մեր մօտ այժմ այն վիճակն է, որ 100 ունենալը 80 ունենալէն լաւ է, իսկ 80 ունենալը 60-էն լաւ, 60-ն ալ՝ 30-էն լաւ:
Հազարամեակներու այս ջահը չմարելու համար շա՜տ աշխատանք ունինք ընելիք։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՎԱՀԱՆ ՄԻՐԱՔԵԱՆ
(1866-1942)
Մեր թուականէն 155 տարիներ առաջ՝ 6 նոյեմբեր 1866-ին Վրաստանի Շուլավեր քաղաքին մէջ ծնած է բանաստեղծ, թատերագիր եւ Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ Վահան Միրաքեան:
Միրաքեան նախնական կրթութիւնը ստացած է Սանահինի Ս. Աստուածածին վանքի դպրոցին մէջ՝ 1873-1880 թուականներուն, ապա ընդունուած է արհեստաւորաց դպրոցը, ուր ուսանած է 1880-1886 թուականներուն: Այնուհետեւ իր ուսումը շարունակած է Կորիի ուսուցչական սեմինարին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1888 թուականին:
Ուսումը աւարտելէ ետք Միրաքեան երկար տարիներ վարած է ուսուցչութեան պաշտօն, դասաւանդելով ծննդավայրի՝ Շուլավերի, Ստեփանաւանի, Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին, Շաքիի, Նոր Նախիջեւանի եւ Թիֆլիզի տարբեր դպրոցներուն մէջ:
Վերջնականապէս Երեւան հաստատուած է 1924 թուականին, որպէս հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչութեան պաշտօն վարելու Ձերժինսքիի անուան դպորցին մէջ:
Միրաքեանի առաջին բանաստեղծութիւնը՝ «Երեք վարդ»ը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1887 թուականին, Թիֆլիզի մէջ հրատարակուող «Աղբիւր» ամսագիրին մէջ: Անոր «Լալվարի որսը» քերթուածը տպագրուած է «Մուրճ» ամսագիրին մէջ՝ 1901 թուականին. յետագային այդ քերթուածը թարգմանուած է ռուսերէն եւ պարսկերէն լեզուներու: Նոյն այդ քերթուածին վրայ գրուած է օփերա եւ թատրերգութիւններ եւ նկարահանուած է ժապաւէն: Վահան Միրաքեանի միւս նշանաւոր գործերէն են «Մանուշի հարսանիքը», «Նոր Գիւղի շեմքին», «Խոզարածի կինը» աշխատութիւնները:
Վահան Միրաքեան մահացած է 21 մարտ 1942-ին, Վրաստանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ