ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ
Երեւանի մէջ, Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, Ucom ընկերութեան աջակցութեամբ վերջերս թողարկուած են երկու ձայնասկաւառակներ, որոնց մէջ ամփոփուած են աշխարհահռչակ յօրինող Արամ Խաչատրեանի սենեկային ստեղծագործութիւնները։ Այս արժէքաւոր հաւաքածոն պատրաստուած է 2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով։ Երէկուան շնորհանդէսով այս հաւաքածոն ծանօթացուեցաւ հանրութեան։ Արտայայտուեցաւ Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանի տնօրէնուհի Արմինէ Գրիգորեան։ «Խաչատըր-եան» եռեակն ալ մեկնաբանեց սկաւառակներէն քանի մը գործեր։
Ձայնասկաւառակներուն մէջ ամփոփուած գործերու ձայնագրութիւնները կատարուած են Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանին եւ Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ։ Նուագները իրականացուցած են Արմինէ Գրիգորեան, Սօնա Բարսեղեան, Կարէն Շահկալտեան, Կարէն Քոչարեան եւ Մաքսիմ Նովիքով։