ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՊՏՈՅՏԸ
Էսաեան վարժարանի ութերորդ դասարանի աշակերտները անցեալ շաբաթավերջին տարեվերջի շրջապտոյտ մը իրականացուցին դէպի Քուշատասը։ Ուղեւորութեան ընթացքին անոնք հանգրուանեցին նաեւ Եփեսոսի աւերակներուն եւ Շիրինճէ գիւղին մէջ։
Տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէի եւ ուսուցչուհիներ՝ Մարալ Փարլաքի եւ Մելիսա Քիւրտօղլուի հսկողութեան ներքեւ էսաեանցիները ապրեցան մեծ խանդավառութիւն։ Անոնք իրենց իջեւանած պանդոկի լողաւազանէն լիուլի օգտուելու առընթեր, ծանօթացան շրջակայքին, ականատես եղան պատմամշակութային հարստութիւններուն եւ գիրկընդխառնուեցան բնութեան հետ։
Առաջին անգամ դասընկերներով ճամբորդելու առթած խանդավառութիւնն ալ կը բազմապատկէր խումբին տրամադրութիւնը։ Այսպէս, էսաեանցիները վառ ապրումներով վերադարձան քաղաքս։