ՏԱՏԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի՝ գեղարուեստի զանազան ճիւղերու հետամուտ սաները վերջերս Սամաթիոյ «Հրաչեայ Աճառեան» սրահին մէջ հանդէս եկան երկու ներկայացումներով, որոնք ըստ էութեան երգի ու պարի ձօնուած երեկոյթներ էին։ Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտէմիր եւ իր ընկերները եւ Պաքըրգիւղի ընտանիքէն յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ հաճոյքով մասնակցութիւն բերին այս ձեռնարկներուն։ Այս ծրագրին իրականացման մէջ եւս անփոխարինելի դեր մը ունեցած էր բեմադրիչ Արամ Կոստանեան։
Յայտագիրը կը բաղկանար հայկական մանկական երաժշտութեան նմոյշներէն եւ հաճելի պարերէ։ Կոստանեանի գլխաւոր գործակիցները եղած էին ուսուցչուհիներ՝ Անիթա Քուրտօղլու եւ Նարօտ Կիւլէչ։
Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամի առընթեր աշակերտներուն ուղղեալ գնահատանքի խօսքով մը հանդէս եկաւ նաեւ Սամաթիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդա-պետ Օհանեան, որ մեծ ուրախութիւն յայտնեց անոնց արձանագրած յաջողութեան շուրջ։