ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ՆՈՒՐԱՆ ԱՔՔԱՅԱՅԻ «ՀԱՅԵՐ» ԳԻՐՔԸ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ «Ա­լէֆ» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը լոյս ըն­ծա­յած է ար­ժէ­քա­ւոր լու­սան­կա­րիչ Նուր­ան Աք­քա­յա­յի գիր­քը, որ կը կո­չուի «Հա­յեր»։ Նուր­ան Աք­քա­յա­յի «Հա­յեր»ը ար­դիւնքն է շուրջ եօթ տա­րուան բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տան­քի մը։ Փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան լու­սան­կար­չու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ ու­շագ­րաւ աշ­խա­տանք մը տա­րած է Նուր­ան Աքքա­յա, որ իր գիր­քին մէջ կը ցո­լաց­նէ Թուր­քիոյ մէջ մնա­ցած հայ­կա­կան ժա­ռան­գու­թեան հետ­քե­րը։ Թէ՛ Իս­թան­պու­լի եւ թէ հա­յա­շատ պատ­մա­կան գա­ւառ­նե­րուն մէջ ան կա­տա­րած է նկա­րա­հա­նում­ներ։ Իր ոսպ­նեա­կը ուղ­ղած է դէ­պի յատ­կան­շա­կան վայ­րեր կամ ան­հատ­ներ, ան­տար­բե­րու­թեան չմատ­նե­լով նաեւ վեր­ջին շրջան­նե­րու շարք մը կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Նուր­ան Աք­քա­յա­յի նկա­րա­հա­նում­նե­րը ու­նե­ցած են իս­կա­պէս ող­ջու­նե­լի ար­դիւնք մը, ո­րով­հե­տեւ ան յա­ջո­ղած է նոր աչ­քով մը, թարմ հա­յեաց­քով մը վե­րար­ժե­ւո­րել մեր ժա­ռան­գու­թիւ­նը, մշա­կոյ­թի հետ­քե­րով հան­դերձ։

Հա­յե­րէն, թրքե­րէն, անգ­լե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն լե­զու­նե­րով լոյս ըն­ծա­յուած է Նուր­հան Աք­քա­յա­յի գիր­քին։ Հա­լուք Չո­պա­նօղ­լուի կող­մէ հա­մա­կար­գուած ու խմբագ­րուած ծրագ­րին հի­ման վրայ Նուր­ան Աք­քա­յա յա­ջո­ղած է խո­րա­թա­փանց ձե­ւով ցո­լաց­նել նաեւ Թուր­քիոյ մէջ մնա­ցած հա­յոց զգա­ցում­նե­րը։ Ճիշդ է, որ հա­ւա­քա­կան ինք­նու­թեան տե­սան­կիւ­նէն այդ զգա­ցում­նե­րուն կա­րե­ւոր մա­սը պայ­մա­նա­ւո­րուած են հաս­տա­տու­թիւն­նե­րով, խորհր­դան­շուած են ճար­տա­րա­պե­տա­կան ժա­ռան­գու­թեամբ, սա­կայն Նուրան Աք­քա­յա­յի ու­շադ­րու­թե­նէն չէ վրի­պած նաեւ ան­հա­տը՝ իր ապ­րում­նե­րով եւ մարդ­կա­յին ա­մե­նայն հար­թու­թեամբ։

Հե­ղի­նա­կին ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քը ար­ժե­ւո­րուած է նաեւ շնոր­հիւ գիր­քի գե­ղա­րուես­տա­կան ձե­ւա­ւոր­ման, զոր ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են Տի­լէք Թիւրք­մէն եւ Տե­նիզ Չոր­պա­ճըօղ­լու՝ եր­կուքն ալ «Ա­չըք օ­ֆիս»էն։

Նուր­ան Աք­քա­յա­յի գիր­քին հա­մար յա­ռա­ջա­բան­ներ գրի ա­ռած են Ար­սէն Եար­ման եւ Թա­նըլ Պո­րա։

Հարկ է նշել, որ այս գոր­ծը կա­րե­լի է տրա­մադ­րել քա­ղա­քիս բո­լոր յա­ռա­ջա­տար գրա­խա­նութ­նե­րէն։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015