«ՀԱՅՔԱՓԵԼԼԱ»Ի ԵԼՈՅԹԸ
Էլմատաղի Սէն թ՚Էսփրի եկեղեցւոյ մէջ Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի երաժշտական ձեռնարկ մը, որ ունկնդիրներուն տեսակէտէ վերածուեցաւ իսկական վայելքի մը։ Յայտնի խմբավար Արտա Արտաշէս Ակօշեանի մականին ներքեւ ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Հայքափելլա» սենեկային երգչախումբը։ Ծրագրին միացած էր նաեւ «Քորիսթանպուլ» սենեկային երգչախումբը։ Միասնական կազմով այս երկու խումբերը ներկայացուցին դասական երաժշտութենէն գործեր, ինչպէս նաեւ աշխարհէն զանազան ժողովրդական երգեր։ Երեկոյթին նուագակիցներն էին Անի Ինճի եւ Նաթալի Պօղոսեան։ Դասական գործերու պարագային յայտագիրը բաւական ճոխ էր, կ՚ընդգրկէր շարք մը յայտնի հեղինակներու գործերը. օրինակ՝ Կոմիտաս, Փուչչինի, Շուպերթ, Փալեսթրինա, Ուիլքս, Կասթոլտի, Մորլի, Սերմիսի եւայլն։ Երկու արարներէ բաղկացեալ յայտագրին տեւողութեան ներկայացուեցան նաեւ հայկական հոգեւոր երաժշտութենէն քանի մը նմոյշներ։
Երեկոյթի աւարտին բոլոր հանդիսատեսները անխտիր ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին խմբավար Արտա Արտաշէս Ակօշեանը եւ իր մականին ներքեւ երգած սենեկային երգչախումբերու միացեալ կազմը, որոնք կատարողական բարձր մակարդակով ունկնդրութեան մը առիթը ընձեռեցին իրենց։