ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՊԱՔՈՒ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին 12-13 Յունիս թուականներուն պիտի այցելէ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքը՝ Պաքու, ուր պիտի մասնակցի Եւրոպական առաջին խաղերու բացման։ Պաքու այցելութեան օրերուն Փութին պիտի մէկտեղուի նաեւ իր գործընկերոջ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ անոր հետ պիտի քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը։ Ռուսաստանի նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով նշեց նաեւ, թէ Պաքուի մէջ կը նախատեսուի Փութին-Էրտողան հանդիպում մը եւս։
Մոսկուայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլու յայտարարեց, թէ Ատրպէյճան Եւրոասիոյ տըն-տեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամակցելու հարցը պիտի քննարկէ միայն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծումէն վերջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ռուսական հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին ընթացքին Փոլատ Պիւլպիւլօղլու նշեց, թէ Պաքու դրականօրէն կը վերաբերի ԵՏՄ-ի ստեղծման, սակայն մտադիր չէ այդ կառոյցին անդամակցելու, որքան ատեն որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կը մնայ անլոյծ։
«Ատրպէյճան սկզբունքօրէն դրական կը վերաբերի այդ կառոյցին, որովհետեւ սա մեր ընդհանուր տարածքն է եւ շատ մեծ շուկայ։ Բայց այսօր մենք չենք կրնար միանալ, որովհետեւ տակաւին լուծուած չէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, մեր երկրին մէջ կայ աւելի քան մէկ միլիոն փախստական, մեր տարածքին 20 տոկոսը բռնագրաւուած է։ Այսպիսի տարածքային հակամարտութեան առկայութեան պարագային, մենք չենք կրնար նախայարձակ երկրին հետ նոյն միութեան մէջ ըլլալ եւ հարցեր լուծել այդ երկրին հետ», ըսաւ դեսպան Պիւլպիւլօղլու։