ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԻՒՆ

Տիարպաքըրի պատմական կեդրոնի՝ Սուր գաւառակի Ս. Յովսէփ հայ կաթողիկէ եկեղեցիէն ներս երէկ յատկանշական արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ։ 2015 թուականին անվտանգութեան ուժերու կողմէ ծաւալուած հակաահաբեկչական գործողութիւններուն ժամանակ վնասուած էր այս եկեղեցին՝ ինչպէս շրջանի այլ բազում սրբավայրերը։ Յաջորդած ժամանակաշրջանին պետութեան կողմէ վերանորոգուած Ս. Յովսէփ հայ կաթողիկէ եկեղեցին երէկ վերաբացուեցաւ պաշտամունքի։ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան այս առթիւ մատոյց Ս. Պատարագ։ Արարողութեան ընթացքին Զեքիեան Գերապայծառ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը, որու ընթացքին շեշտեց այս եկեղեցւոյ պետութեան կողմէ վերանորոգուած ըլլալը, ինչ որ բարձր գնահատանքի արժանի նկատեց։ Ան նշեց, որ պատմական այս կոթողն ու անոր խորհրդանշած մարդկային ու բարոյական արժէքները սերունդէ սերունդ պիտի փոխանցուին եւ կեանքի շարունակականութեան մէջ անոնց կենսունակութիւնը երաշխաւորուած կը համարուի այս վերանորոգութիւնով։

Հարկ է նշել, որ այս եկեղեցին տասն տարուայ ժամկէտով, կրթական ու մշակութային նպատակներու ծառայելու պայմանով տրամադրուած է «Տիճլէ» համալսարանին, ինչ որ կ՚ընդգծուի նաեւ տեղական մամուլի հաղորդումներուն մէջ։

Երէկուան արարողութիւններուն ժամանակ երգեցողութիւնները կատարուեցան Ոսկեբերան երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Զաւէն Ակայի։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021