ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԵՐ
Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան աշխարհի առկայ հրատապ խնդիրներն ու անոնց լուծման հեռանկարները երէկ քննարկուեցան՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած մասնաւոր հաւաքոյթով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի Մամուլի ակումբի եւ Հանրային լրագրութեան ակումբի համատեղ ծրագրերու շրջանակին մէջ կազմակերպուած էր այդ հաւաքոյթը։ Հարկ է նշել, որ սոյն նախագիծը սկիզբ առած էր անցեալ տարի, սակայն համավարակի եւ պատերազմի տագնապներուն հետեւանքով ձեռնարկները յետաձգուած էին։
Երեւանի Մամուլի ակումբի նախագահ Պորիս Նաւասարդեան շեշտեց, որ հետապնդուած հիմնական նպատակը որակեալ լրատուութեան ապահովումն է։ Բաց աստի, լրատուամիջոցներու ինքնակառավարման դրութիւններու ձեւաւորումն ու խրախուսումն ալ կը կարեւորուի էապէս։
Պորիս Նաւասարդեան տեղեկացուց, որ յառաջիկային կը նախատեսուի լայն քննարկումներու արդիւնքով սահմանել մրցանակ մը՝ լրագրական էթիքի համար։ Կը ծրագրուի նաեւ այցելութիւններ իրականացնել՝ արտասահմանեան լրատուամիջոցներու փորձառութենէն օգտուելու նպատակով։