«ՄԱՏԵՆԱ» ՆԱԽԱԳԻԾԸ
Հայաստանի մէջ այս շրջանին կը սկզբնաւորուի բացառիկ գործընկերային նախագիծ մը, որ կը կոչուի «Մատենա»։ Սա առաջնորդութեան ու մասնագիտական զարգացման միջազգային դպրոց մըն է, որու առաքելութիւնն է գիտելիքի կուտակման եւ համաշխարհային փորձառութեան տարածման միջոցաւ նպաստել մասնագիտական հմտութիւններու եւ ղեկավարման կարողութիւններու զարգացման՝ բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց մասնագիտական ոլորտներէ ներս կը ձգտին կատարելագործման եւ գերազանցութեան։
«Մատենա»ի նախաձեռնողներն ու հիմնադիրներն են երկու յայտնի դէմքեր՝ ռուսահայ գործարար Ռուբէն Վարդանեան եւ տնտեսագէտ փրոֆ. Ռուբէն Հայրապետեան։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ այս ծրագրի սկզբնական փուլի կարեւոր իրադարձութիւններէն մին։ Ընկերային նախաձեռնութիւններու կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Մատենա»ի եւ Մոսկուայի «Սքոլքովօ» կառավարման դպրոցին միջեւ համագործակցութեան յուշագրի կնքման արարողութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, այս հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ նոր նախաձեռնութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններու հրապարակման համար։