ԿԱՊԵՐՈՒ ԽՈՐԱՑՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ մեկնեցաւ Տոհա, ուր այսօր տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-Քաթար Ռազմավարական կոմիտէի ժողովը։ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համատ էլ Սանիի հրաւէրին ընդառաջ նախագահ Էրտողան կ՚իրականացնէ այս երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը։ Այս օրուան ժողովին ժամանակ երկկողմանի յարաբերութիւնները աչքէ կ՚անցուին բոլոր երեսակներով ու կը շօշափուին համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ առնուելիք քայլերը։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով զանազան հարցեր։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Տոհայի մէջ կը նախատեսուի նաեւ շարք մը փաստաթուղթերու ստորագրումը։
Թուրքիա-Քաթար բարձրագոյն ռազմավարական կոմիտէի 7-րդ ժողովին առթիւ դէպի Տոհա այցելութեան ընթացքին նախագահ Էրտողանին կ՚ընկերանան Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, Առեւտուրի նախարար Մեհմէտ Մուշ, Գիւղատնտեսութեան նախարար Պեքիր Փաքտեմիրլի, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան եւ այլ պաշտօնատարներ։
Նախագահ Էրտողանի այս ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ՝ Թուրքիա-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ առանցքին վրայ մօտաւոր անցեալին գոյացած ձիւնահալէն անմիջապէս վերջ։