ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ԱՐԺԵՒՈՐԵՑԻՆ ԸՆԹԱՑՔԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարներու զրոյցի ընթացքին քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ մը։ Կարեւորուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ հակամարտութեան տեւական ու համապարփակ կարգաւորման նպատակով հաշտութեան գործընթացի լիարժէք վերականգնումը։ Միրզոյեան եւ Լաւրով անդրադարձան Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի համաձայնութիւններով ենթադրուած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը։ Միրզոյեան նշեց, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ հնչած ռազմատենչ յայտարարութիւններն ու ուժի կիրառման սպառնալիքները լրջօրէն կը վտանգեն տարածաշրջանային անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը։ Քննարկուեցան նաեւ Հարաւային Կովկասի պարագային նախատեսուած «3+3» ձեւաչափին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային օրակարգի փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ նիւթեր։

Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրներն ալ այս հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ տեղեկացուցին, որ Լաւրով շեշտը դրած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու ապագայ սահմանագծման աշխատանքները շուտափոյթ ապահովելու անհրաժեշտութեան վրայ։ Լաւրով ընդգծած է նաեւ փոխ-վարչապետներու համանախագահութեամբ ստեղծուած եռակողմանի աշխատանքային խումբի շրջանակներէն ներս գոյացած համաձայնութիւնները գործնական հարթութեան վրայ դնելու անհրաժեշտութիւնը։

Ըստ երեւոյթին, հեռախօսազրոյցի վերաբերեալ կատարուած պաշտօնական հաղորդումներուն մէջ կան տարբեր շեշտադրումներ կամ երանգաւորումներ, ինչ որ արտասովոր կը համարուի Երեւանի եւ Մոսկուայի պարագային։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2021