ԱՄԵՆԱՆՇԱՆԱՒՈՐ ԾԱՂՐԱԾՈՒՆ
Այս տարի յոբելենական է հայ կրկէսի նշանաւոր դերասան, ծաղրածու, մնջկատակ, Խորհրդային Հայաստանի Ժողովրդական արթիսթ, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր Լէոնիտ Ենգիբարեանի համար: Կը լրանայ անոր ծննդեան 80-ամեակը: Մեծ դերասանը ծնած է 1935 թուականին, Մոսկուա, իսկ 1959 թուականին կեանքի որոշ շրջան մը փոխադրուած եւ ստեղծագործած է Երեւան: Ան ոչ միայն հայկական, այլեւ՝ ժամանակակից կրկէսի նշանաւոր դերասաններէն եղած է, իր ստեղծած կերպարներով հարստացուցած է կրկէսային արուեստը՝ հիմը դնելով ենգիբարեանական մնջախաղին, որ մինչեւ այսօր հայ թատրոնի մէջ գոյատեւող խաղաձեւ մըն է:
Հայ դերասանը թատրոնի պատմութեան մէջ մտած է «տխուր ծաղրածու» անունով: Խինդ եւ ծիծաղ պատճառելով հազարաւոր մարդոց՝ իրականութեան մէջ ան տխուր մարդ մը եղած է: Լէոնիտ Ենգիբարեանի կենսագիրները եւ անոր արուեստի տեսաբանները նկատած են, որ հայկական կրկէսային արուեստի պատմութեան ամենավառ էջը կերտած է ան: Իր կրկէսային դերերու միջոցաւ Լէոնիտ Ենգիբարեան ստեղծած է մե՛րթ ուրախ, մե՛րթ տխուր, մե՛րթ երկչոտ, մերթ համարձակ կերպարներ՝ կրկէսային զուարճալի խաղերով ցոյց տալով մարդկային բազմապիսի ապրումներ եւ զգացմունքներ:
Մեծ մնջախաղացի եւ կրկէսային ծաղրածուի հայրը եղած է Մոսկուայի «Մեթրոփոլ» ճաշարանի աւագ խոհարարը։ Ենգիբարեաններու ընտանիքը կը բնակէր մէկ յարկանի փայտաշէն տունի մը մէջ։ Մինչեւ իր կեանքը կրկէսին նուիրելը՝ Ենգիբարեան փորձած է քանի մը այլ մասնագիտութիւններ։ 1952 թուականին, աւարտելով միջնակարգ դպրոցը՝ ընդունուած է ձկնային տնտեսութեան ուսումնարան։ Սակայն այնտեղ ուսանած է ընդամէնը կէս տարի՝ տեղափոխուած է մարմնակրթութեան համալսարան: Այդ ժամանակ ան արհեստավարժ բռնցքամարտիկ էր եւ մինչեւ 1950-ական թուականներու կէսերը լաւ արդիւնքներ ունեցած է այդ ասպարէզէն ներս: 1952-1953 մրցաշրջանին ընթացքին բռնցքամարտի Մոսկուայի առաջնութեան ժամանակ Լէոնիտ Ենգիբարեան տարած է ինն յաղթանակ եւ պարտութիւն կրած է ընդամէնը մէկ անգամ։ 1954 թուականին ան արդէն առաջին կարգի բռնցքամարտիկ էր։ Այնուհետեւ կ՚ընդունուի Կրկէսային արուեստի Պետական ուսումնարան, ուր կ՚ուսանի, որմէ ետք Երեւան կը փոխադրուի եւ մաս կը կազմէ հայկական կրկէսախումբին:
1963 թուականին դերասանը խաղացած է Հենրիկ Մալեանի եւ Լեւոն Իսահակեանի «Ճանապարհ դէպի կրկէս» ժապաւէնին մէջ՝ մարմնաւորելով ինքն իր կերպարը:
1964 թուականին Փրակի մէջ տեղի ունեցած Ծաղրածուներու միջազգային մրցոյթին Լէոնիտ Ենգիբարեան արժանացած է առաջին մրցանակին: Անոր ստեղծագործական կեանքին մէջ ամենայաջողը 1960-ական թուականներն էին, երբ ան հիւրախաղեր ունեցած է Խորհրդային Միութեան մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս: Բացի կրկէսէն, Լէոնիտ Ենգիբարեան հանդէս եկած է մնջախաղով: Շարժանկարային արուեստի մէջ ան նկարահանուած է աշխարհահռչակ վարպետներու մօտ, օրինակ՝ Սէրկէյ Փարաջանով (խաղացած է անոր «Մոռցուած նախնիներու ստուերները» շարժանկարին մէջ): Նկարահանուած է նաեւ ծաղրածուի ստեղծագործութեան մասին պատմող երկու շարժանկարի մէջ: 1971 թուականին Լէոնիտ Ենգիբարեան կը հեռանայ Խորհրդային Միութեան կրկէսէն։ Այս մէկը ըրած է այն պատահարէն ետք, երբ իր գործընկերոջ արգիլած են իր հետ մեկնիլ արտասահմանեան հիւրախաղերու։
Լաւագոյն ներկայացումներէն են «Աստղային անձրեւ», «Ծաղրածուի տարօրինակութիւնները»։ Ան ստեղծած է ողբերգական եւ կատակերգական տեսարաններ, բազմազան կերպարներ ու իրավիճակներ, կիրառել բարդ հնարքներ, զորս ցուցադրած է նաեւ կրկէսին մէջ։ Խոհափիլիսոփայական երանգ ունին Ենգիբարեանի «Փողոցային աքրոպաթ», «Քայլեր», «Ողջ ու մեռածը», «Բռնցքամարտ», «Սիրտը ափի մէջ», «Հովանոց», «Ջութակ», «Լոյս եւ ստուեր» ու այլ մանրապատումները։
Լէոնիտ Ենգիբարեան մահացած է 1972 թուականին՝ Մոսկուայի իր բնակարանին մէջ: Շատ կարճ կեանք ունեցած է աշխարհաճանաչ ծաղրածուն, արթիսթը հրաժեշտ տուած է կեանքին, երբ նոր բոլորած էր ընդամէնը 37 տարեկանը։ Սակայն, ան արդէն արժանացած էր իր արուեստի բոլոր դափնիներուն: Հանդիսատեսը շատ կը սիրէր բարի ու թախծոտ աչքերով ծաղրածուն եւ միշտ բարութիւն եւ ժպիտ կը սպասէր իրմէ:
Անոր մահուընէ ետք Երեւանի մէջ ստեղծուած է Ենգիբարեանի անուան մանկական կրկէս-սթիւտիոն, իսկ Երեւանի Կրկէսի շէնքին առջեւ տեղադրուած է անոր յուշարձանը: Բայց քանի որ Երեւանի Կրկէսի շէնքը այժմ հիմնովին քանդուած է, արձանը ժամանակաւորապէս պահ դրուած է։ Երբ կրկէսի նոր շէնքը կառուցուի, ան դարձեալ պիտի տեղադրուի։ Արդէն ընթացքի մէջ է նոր շէնքին կառուցումը: Մինչեւ այս տարուան վերջ Արշակունեաց պողոտային վրայ աւարտին պիտի հասցուի Երեւանի նոր Կրկէսի շէնքը, որ պիտի կրէ մեծ դերասան Լէոնիտ Ենգիբարեանին անունը: Իսկ սթուտիոն ժամանակաւորապէս կը գործէ այլ շէնքի մը մէջ:
Լէոնիտ Ենգիբարեանի մէկ այլ արձանն ալ տեղադրուած է Ծաղկաձոր քաղաքի Ծաղկունեաց հրապարակին վրայ: Այս արձանը կը բնորոշէ անոր մէկ մանրապատումը, որ դերասանը շատ գեղեցկօրէն գրած է հովանոցի մասին:
Երեւանեան անոր արձանը անկախութենէն ետք տեղադրուած նորագոյն արձաններու կարգին կը պատկանի։ Անոր հեղինակը արձանագործ Լեւոն Թոքմաճեանն է, որ մեծ դերասանը քանդակած է ըստ իր յիշողութիւններուն, զորս ունէր Լէոնիտ Ենգիբարեանէն:
Տասնամեակներ առաջ Լեւոն Թոքմաճեան մեկնած է Սպիտակ Ռուսիա, ուր ներկայ եղած է Լէոնիտ Ենգիբարեանի ելոյթին: Երբ ելոյթէն յետոյ հանդերձարան գացած եւ տեսած է Ենգիբարեանը՝ քրտինքներու մէջ՝ ձեռքին ծաղիկ մը, մէկ անկիւնը կեցած, տպաւորուած է եւ այդպէս ալ հետագային կերտած է դերասանի քանդակը՝ ծաղիկ ի ձեռին:
Երկու տարին անգամ մը Ծաղկաձորի մէջ կը կազմակերպուի Մնջախաղի միջազգային փառատօն՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան, Երեւանի Մնջախաղի պետական թատրոնի, Ազգային թատերական ստեղծագործական միաւորման եւ Ծաղկաձորի քաղաքապետարանին կողմէ։ 2010 թուականին Մնջախաղի թատրոններու միջազգային փառատօնը Ծաղկաձորի մէջ կոչուեցաւ յայտնի ծաղրածու-մնջախաղաց Լէոնիտ Ենգիբարեանի անունով։ Իսկ արդէն 2012 թուականին, երբ Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ հերթական Մնջախաղի միջազգային փառատօնը, կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղադրուեցաւ աշխարհահռչակ Լէոնիտ Ենգիբարեանի պրոնզեայ արձանը։ 2008, 2010 եւ 2012 թուականներուն իրականացուած փառատօներու շրջանակներէն ներս մասնակցեցան թատերախումբեր եւ անհատ կատարողներ Սպանիայէն, Իտալիայէն, Յունաստանէն, Ռուսաստանէն, Լաթվիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Չեխիայէն, Լեհանստանէն, Դանիայէն, Ճաբոնէն, Ղազախիստանէն, ինչպես նաև հայկական թատերական, կրկէսային խումբեր, նուագախումբեր, երիտասարդական խումբեր, տեղի ունեցաւ նաեւ հրավառութիւն։ Իսկ 2014 թուականի փառատօնը տեղի ունեցաւ Օգոստոսի 10-15 թուականներուն։
«… Մարդը իր բնոյթով բարի ու մեծահոգի է եւ անոր հետ միշտ հարկաւոր է վարուիլ մեծահոգաբար, հարկաւոր է հաւատալ անոր. մարդու սիրտին մէջ եղած բարիին, ժպտալու ընդունակութեան, զգալու, բարին գնահատելու ընդունակութեան, ուրիշին կարեկից ըլլալու ընդունակութեան», գրած է Լէոնիտ Ենգիբարեան։
Լէոնիտ Ենգիբարեան, բացի տաղանդաւոր ծաղրածու ըլլալէ, նաեւ գրող է, գրած է մանրապատումներ, որոնք լոյս տեսած են գիրքի մը մէջ: Այն, ինչ որ չէ կրցած արտայայտել դերերու միջոցաւ, յանձնած է թուղթին իբրեւ հոգիի մտորումներ:
Ժապաւէններ՝ Ենգիբարեանի մասին
- «Վառարան-նստարաններ», 1975
- «Մեր մանկութեան կրկէսը», 1983
- «Լէոնիտ Ենգիբարով», 1984
- «Մարդը՝ դեղին մոլորակէն», 1986
- «Բոլորը ծաղրածու են։ 4-րդ եթերաշրջան։ Լէոնիտ Ենգիբարով», 1986
- «Լէոնիտ Ենգիբարեան։ Հեռուստայիշատակներ։ Ան արեւոտ ծաղրածու էր...»
- «Լէոնիտ Ենգիբարեան-բոլոր ռեփլիք-ները», 1993
- «Լէոնիտ Ենգիբարեան», 1997
- «Գրպանահատներու արքան»
- «Լէոնեա, մեզի բան մը ցոյց տուր»
- «Աստղային ծաղրածուն», 2003
- «Ծիծաղի արքաները։ Ենգիբարեան», 2003
- «Լէոնիտ Ենգիբարեան (Ինչպէս գացին կուռքերը)», 2006
- «Սիրտը՝ ափի մէջ», նուիրուած է Լէոնիտ Ենգիբարեանի 70-ամեակին, 2005
- «Լէոնիտ Ենգիբարեան. ժպիտ՝ արցունքներու մէջէն», 2005
- «Պոէտն ու ծաղրածուն», 2008
ՀՈՎԱՆՈՑԸ
…Փոքր-ինչ լռելէ ետք աղջիկը ըսաւ. «Բայց մենք տեղ չունինք ապրելու, տուն չունինք»։
Տղան ծիծաղեցաւ եւ ըսաւ, որ ինք հովանոց ունի, բոլորովին նոր, ու եթէ կոճակը սեղմես, ան ինքն իրեն կը բացուի։ Եւ հովանոցը հրաշալի տուն է, շատ յարմարաւէտ՝ երկուքի համար։ Ճիշդ է, ան պատեր չունի, բայց փոխարէնը բաւական է ձեռքը երկարել, եւ դուք կը գիտնաք, թէ դուրսը տարուան ո՛ր եղանակն է՝ օրինակ, վերջացա՞ծ է գարունը, թէ տակաւին կը շարունակուի:
Այնպիսի բնակարանով, ինչպիսին հովանոցն է, յարմար է ճանապարհորդել, հաճելի է լսել անձրեւի ձայնը ու նաեւ…
Բայց աղջիկը չհարցուց «նաեւ ինչ…» եւ հեռացաւ մէկ ուրիշի քով, որ բոլոր յարմարութիւններով մէկ սենեակնոց բնակարան ունէր, բայց, երեւի, այնուամենայնիւ չունէր այդպիսի հովանոց, իսկ եթէ նոյնիսկ ունէր, ապա, համաձայնինք, ինչի՞ համար ան-հըրաժեշտ է մարդու մը երկու բնակարանը, չէ՞ որ ատիկա ծիծաղելի է…
Այժմ, շատ տարիներ անց, ան վերջապէս հասկցած էր, թէ այդ ի՜նչ հրաշալի հովանոց էր՝ փոքրիկ օդապարիկ մը, որմէ բռնուելով երկուքով, կարելի է թռչիլ-երթալ հեռու՜-հեռու, յատկապէս անձրեւոտ օրերուն…
Եւ ան կը թախծէ իր արդէն երեք սենեակնոց բնակարանին մէջ, որովհետեւ ինչքան մեծ է բնակարանը, այնքան հեռու են իրարմէ անոնք, որոնք կը բնակին այնտեղ, եւ երբ անձրեւ կու գայ, ան պատրաստ է ներքեւ նետուիլ իր հովանոցը փնտռելու, բայց միթէ՞ տասնհինգերորդ յարկէն կը ճանչնաս, թէ ո ՞րն է քու հովանոցդ:
Իսկ եթէ նոյնիսկ ճանչնաս, ապա յայտնի ալ չէ, թէ այսօր սարքի՞ն է արդեօք վերելակը։
ՄԻ՜ ՆԵՂԱՑՆԷՔ ՄԱՐԴԸ
Մարդը զուր տեղը, այնպէս պէտք չէ նեղացնել, որովհետեւ ատիկա շատ վտանգաւոր է: Իսկ եթէ յանկարծ ան Մոցա՞րթ է: Ատկէ զատ, ան տակաւին չէ հասցուցած ոչինչ գրել: Դուք զինք կը նեղացնէք, եւ ան, ընդհանրապէս, ոչինչ չի գրեր: Չի գրեր մէկը, յետոյ՝ միւսը, եւ աշխարհի մէջ կը պակսի գեղեցիկ երաժշտութիւնը, կը պակսին լուսաւոր զգացմունքներն ու միտքերը, իսկ ատիկա կը նշանակէ՝ կը պակսին նաեւ լաւ մարդիկ:
Անշուշտ, անյայտ մէկը մը կարելի է նեղացնել, չէ՞ որ բոլորը Մոցարթ չեն, բայց, այնուամենայնիւ, իսկ եթէ յանկարծ…
Մի՜ նեղացնէք մարդը, պէտք չէ:
Դուք այնպիսին էք, ինչպիսին՝ ան:
Պահպանեցէ՜ք զիրար մարդի՜կ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ