ԿԵԱՆՔԸ ԱՊՐԻԼ ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ
Մարդ որքա՞ն անտարբեր կրնայ ըլլալ՝ ապրած կեանքը որքա՞ն կրնայ ապրիլ անգիտակցաբար, մեքենայի մը միօրինակութեանը մէջ։ Արդարեւ, մարդուն բնութիւնը կը մղէ զինք հետաքրրքուելու, ուսումնասիրելու, գիտնալու եւ երբեմն խորը թափանցելու եւ հասկնալու իր եւ իր շուրջ պատահած իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ Յաճախ կը կրկնենք, մարդ «մեքենայ» մը չէ՛, եւ ոչ ալ՝ անբան-անասուն էակ մը։ Ան կոչուա՛ծ է խորհելու, պրպտելու, ուսումնասիրելու, դատելու եւ հասկնալու կեանքը, կեանքի իրադարձութիւնները, եւ որոշելու իր ուղղութիւնը, ընթացքը «կեա՛նք» կոչուա ճամբուն վրայ…։
Ուրեմն անգիտակցի կերպով՝ անտարբեր ապրիլ կեանքը՝ բոլորովին հակառա՛կ է իր կոչումին՝ իր արարչութեան պատճառին ու նպատակին, «մա՛րդ» կոչուելու իմաստին։ Արդարեւ, կեանքը «իմաստութիւն» կը նշանակէ՝ ապրուած ամէն պահը լիուլի ապրիլ, գիտակցիլ, զգալ եւ ընթացք տալ անոր։ Մարդ ո՛չ բոյս է եւ ոչ ալ անբան անասուն էակ. ան պէ՛տք է խորհի ու խորանայ կեանքին գաղտնիքներուն եւ գիտնայ թէ՛ ինքզինք եւ թէ իր շուրջը, ամբողջ կեանքը։ Մարդ որքա՜ն անզգայ ըլլալու է, որ անգիտակ ու անտարբեր ապրի կեանքի անցաւորութեան։ Այլ պէտք է տեւական գիտակցութիւն ունենայ մարդ, ժամանակ սահող, հետզհետէ պակսող «դրամագլուխ»ի մը՝ որ կը ներկայանայ որպէս «սեփական կեանք» մը։
Մեր ամէն օր գործածած ժամացոյցը, իսկական առումով «կենսացոյց» մըն է։ Երբեք խորհած էք տեսնել ձեր կեանքին ընթացքը, ձեր շահածները եւ կորսնցուցածները այդ պարզ ժամացոյցին վրայ, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։
Ժամացոյցը ժամը, վայրկեանը ցոյց չի տար միայն, այլ մեր կեանքը ցոյց կու տայ, թէ՝ որքան վատնեցինք եւ որքան ունինք տակաւին օգտագործելի, ապրելու կեանքը։ Այո՛, սիրելինե՜ր, երբեք ժամացոյցին նայա՞ծ էք այս մտադրութեամբ, տեսա՞ծ էք անոր մէջ ձեր ամբողջ կեանքը՝ անցեալը, ներկան ու ապագան…։ Ահաւասիկ երբ ըսինք, կեանքը ապրիլ գիտակցաբար, այս ըսել ուզեցինք. մակերեսային չնայիլ որեւէ իրի կամ իրողութեան, այլ թափանցել, խորանալ անոր մէջ եւ որոնել «իմա՛ստ»ը՝ կեանքին իմաստը, կեանքին նպատակը իր ամբողջութեանը մէջ։
Ժամացոյցը արտաքին տեսքով՝ մեքենական գործիք մըն է՝ որ ներքնապէս յաւիտենական պատգամ մը կը հնչեցնէ ամէն վայրկեան. կեանքէդ վայրկեան մը եւս սպառեցա՛ւ, անցաւ անդառնալիօրէն, եւ այս կեանքին վերջաւորութիւնը՝ մահուան դրան վայրկեան մը աւելի մօտեցար ստուգապէս։
Ժամացոյցը ազդանշան մըն է, թէ թէեւ մարդ կ՚ապրի, բայց պիտի մեռնի, եւ յուշարար մըն է՝ օգտակար հետք մը ձգելու…։ Եթէ ժամացոյցին նայինք այս խորհրդածութիւններով՝ կը հասկնանք, թէ՝ ժամեր, վայրկեաններ, պահեր ա՛յնքան կարեւոր են, որքան բուն իսկ կեանքը…։
Ժամացոյց կ՚ազդարարէ. արթո՛ւն մնալ, եւ եթէ արթուն չես, ժամացոյցը՝ անդրադառնալու միջո՛ց մըն է՝ կեանքը ապրելու գիտակցաբար, զգաստ եւ արթո՛ւն։ Ժամացոյցը, արդարեւ առիթ կ՚ընծայէ հասկնալու, թէ որքա՜ն կարեւոր է կեանքը ապրիլ գիտակցութեամբ՝ անոր ամէն պահը, վայրկեանը, ժամը օգտագործելով, արժէքը գիտնալով ամէն մէկ րոպէի եւ նոյնիսկ ամէն ակնթարթի…։
Կեանքը անգին արժէ՛ք մըն է, երանի՜ գիտնար անոր արժէքը մարդ եւ ըստ այն վատնէր անոր ամէն մէկ պահը։ Մարդ գիտնար, թէ կեանքը իր ամէն ժամանակներով Աստուծոյ տրուած «դրամագլուխ» մըն է, եւ ո՜վ կ՚ուզէ վատնել իր դրամագլուխը։
Անոք կը վատնեն իրենց դրամագլուխը՝ որ անտարբեր են անոր, չըսելու համար անխոհեմ կամ անմիտ՝ որոնք չե՛ն գիտեր յարգ ու արժէ՜ք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 20, 2015, Իսթանպուլ