ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ պատմաբան ու դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեանի կողմէ հեղինակուած «Հայաստան-Թուրքիա. պետականութիւն, պատմութիւն, քաղաքականութիւն» գիրքին շնորհանդէսը։ Այս հետաքրքրական գործը վերջերս «Անտարես» հրատարակչութենէն լոյս տեսած էր։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած ներկայ ժամանակաշրջանին Ժիրայր Լիպարիտեանի գիրքը բացառիկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ ինչպէս բովանդակութեան ճոխութեամբ, այնպէս ալ ժամկէտին առումով։

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհանդէսը, որու ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան հեղինակը՝ Ժիրայր Լիպարիտեան, «Անտարես»ի տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեան եւ այլք։ Հաւաքոյթի ներկաներու շարքին էր հայկական երաժշտական աշխարհի կենդանի առասպելներէն մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեան, որու եւ Ժիրայր Լիպարիտեանի միջեւ տեղի ունեցաւ անմիջական զրոյց։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2021