ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶՕՐՔԵՐԸ ԵՐԷԿ ԴԱՐՁԵԱԼ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԳՈՐԾԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԻ ԴԻՐՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնն ու բախումները չեն դադրիր՝ ընդ որում վերջին մէկ-երկու օրերուն դարձեալ սկսած են խլել զոհեր։ Ատրպէյճանի զօրքերը երէկ դարձեալ յարձակում գործեցին հայկական մարտական դիրքերու վրայ։ Սահմանի արեւելեան հատուածէն ներս պատահեցան դէպքերը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ հայկական զօրքերու պատասխան գործողութիւններէն վերջ Ատրպէյճանի բանակը մարդկային կորուստներ կրած է։ Կէսօրուան ժամերուն սկսած այս փոխադարձ հրաձգութիւնը տեւած է շուրջ երկուքուկէս ժամ։ Երեւանի աղբիւրները շեշտած են, որ իրավիճակը կը գտնուի Հայաստանի բանակի լիարժէք վերահսկողութեան ներքեւ։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի յարձակումներուն դիմակայելու ընթացքին նահատակուած է հայ զինուոր մը։ 8 զինուոր ալ վիրաւորուած է։

Երէկ, այս բոլորի լոյսին տակ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով Ատրպէյճանին կոչ ուղղուեցաւ՝ զերծ մնալ սադրիչ հռետորաբանութենէ եւ գործողութիւններէ։ Երէկուան բախումներու լոյսին տակ նախարարութիւնը մատնանշած է հետեւեալը. «Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները մայիսէն ի վեր ապօրինի կերպով ներխուժած են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը եւ բռնագրաւած աւելի քան 40 քառակուսի քիլօմեթր տարածք։ Այս օրուան դէպքը այդպիսի իսկ հատուածէ ներս տեղի ունեցած է։ Այս փուլին Երեւան յիշեցուցած է, որ իրավիճակի ապագայ սրացումէն խուսափելու միջոցներէն մին կրնայ ըլլալ սահմանագիծէն զօրքերու հայելային ետ քաշուիլը եւ սահմանի երկայնքով միջազգային դիտորդական դրութեան գործարկումը. բան մը, որ կը մերժուի Պաքուի կողմէ»։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ Պաքուի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Ճահիտ Պաղճը եւ դեսպանութեան ռազմական կցորդ Զեքերիա Եալչըն երէկ այցելեցին Ռուսաստան-Թուրքիա այն համատեղ մշտադիտարկման զինուորական կեդրոնը, ուրկէ կը վերահսկուի 44-օրեայ պատերազմէն վերջ հաստատուած Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2021