20 ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Ի­րենց նա­հա­տակ­ման 100-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ յա­ռա­ջի­կայ Եր­կու­շաբ­թի Է­տիր­նէ­գա­բուի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ պի­տի ո­գե­կո­չուին Հնչա­կեան կու­սակ­ցու­թեան գոր­ծիչ Մատ­թէոս Սար­գի­սեան-Փա­րա­մազն ու իր 19 ըն­կեր­նե­րը։ Ժա­մը 17.30-ին կազ­մա­կեր­պուե­լիք ո­գե­կոչ­ման նա­խա­ձեռ­նողն է «Նոր զար­թօնք»ը։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, 1914-ի Յու­նի­սին Հնչա­կեան կու­սակ­ցու­թեան քսան գոր­ծիչ­նե­րը ձեր­բա­կա­լուած եւ մա­հուան դա­տա­պար­տուած էին՝ Իթ­թի­հատ եւ Թե­րաք­քիի վա­րիչ­նե­րուն՝ Թա­լէա­թի, Էն­վէ­րի եւ Ճե­մա­լի դէմ մա­հա­փորձ մը նա­խա­պատ­րաս­տե­լու ամ­բաս­տա­նու­թեամբ։ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը կա­խա­ղան հա­նուած էին 15-16 Յու­նիս 1915-ին, Պէ­յա­զը­տի հրա­պա­րա­կին վրայ։ Կա­խա­ղա­նի մօտ ի­րենց ար­տա­սա­նած խօս­քե­րէն մին էր՝ «Դուք մեր մար­մի­նը միայն կրնաք սպան­նել, բայց մեր գա­ղա­փա­րը ոչ»։ Ի­րենց նա­հա­տա­կու­թե­նէն ետք քա­հա­նայ մը գաղտ­նա­բար կան­չուած եւ ի­րենց մար­մին­նե­րը փո­խադ­րուած ու ամ­փո­փուած էին Է­տիր­նէ­գա­բուի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ, եղ­բայ­րա­կան շիր­մի մը մէջ՝ ա­ռանց խա­չի ու տա­պա­նա­քա­րի։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015