ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ԱԼ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԻՐ ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ օրակարգով նախատեսուած բանակցութիւններուն ընդառաջ, Անգարայէն վերջ Երեւանն ալ հրապարակեց իր յատուկ ներկայացուցիչին անունը։ Պաշտօնական աղբիւրներ շաբաթավերջին տեղեկացուցին, որ Երեւանի կողմէ յատուկ ներկայացուցիչ նշանակուած է՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան։ Համապատասխան յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեանի կողմէ։ «Ինչպէս անցեալի մէջ մշտապէս, այնպէս ալ այժմ, Հայաստան պատրաստ է Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ գործընթացին, ինչ որ արձանագրուած է կառավարութեան ծրագրին մէջ», նշեց այս առթիւ բանբերը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2021