ԿԱՐԵՒՈՐ ՆՈՒԱՃՈՒՄ ՄԸ

Հայ­կա­կան Triada Studio ըն­կե­րու­թեան Shadowmatic խա­ղը ար­ժա­նա­ցաւ Apple-ի Apple Design Award հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցա­նա­կին, որ ա­մէն տա­րի կը շնոր­հուի այն ծրագ­րե­րուն, ո­րոնք ըստ ա­մե­րի­կեան ըն­կե­րու­թեան կը հա­մա­տե­ղեն ձե­ւա­ւո­րումն ու ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը՝ ստեղ­ծա­րար, հա­մո­զիչ եւ ազ­դե­ցիկ ձե­ւով։

Shadowmatic հրա­պա­րա­կուած էր Յու­նուա­րին։ Ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն յայտ­նուե­լով բո­լոր եր­կիր­նե­րու App Store-ի Editor’s Choice բաժ­նին մէջ, նաեւ ըն­կե­րու­թեան կող­մէ հռչա­կուած էր Յու­նուա­րի լա­ւա­գոյն խա­ղը։

Խա­ղա­ցո­ղը պէտք է գտնէ շու­քի տակ պա­հուը­տած ու­րուա­գի­ծե­րը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015