ԼԻԶՊՈՆԻ «ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԸ ՈՐՈՇԱԾ Է 125 ՀԱԶԱՐ ԵՒՐՕ ՅԱՏԿԱՑՆԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքը հաղորդեց, որ 125 հազար եւրօ յատկացուցած է Լիբանանի 16 հայկական վարժարաններուն համար։ Այս քայլը կը յաջորդէ ներկայ տարեսկիզբին այդ նոյն դպրոցներուն համար տրամադրուած 650 գրասալիկներուն եւ 50 համակարգիչներուն՝ նոյնպէս նուիրատուութեան ձեւաչափին մէջ։

Այս փուլին հիմնարկի աղբիւրները կը  մատնանշեն, որ Հայկական բաժանմունքը միշտ առանձնայատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերած է Միջին Արեւելքի հայկական վարժարաններուն նկատմամբ։ Վերջին տարիներուն Լիբանանի պարագային համապարփակ ռազմավարութիւն մը մշակուած է՝ իւրայատուկ նախապատուութեան առարկայ դարձնելով հայ համայնքի վարժարանները։

Այսօր Լիբանան կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ամենածանր տնտեսական ճգնաժամերէն մէկը։ Ի պատասխան՝ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը ժամանակաւորապէս սառեցուցած է 2020 թուականին մեկնարկած դպրոցական նպաստներու իր ծրագիրը: Երեք դպրոցներու համապարփակ կրթական ծրագիրներու մշակումին աջակցելու փոխարէն, Հայկական բաժանմունքը այժմ կ՚աջակցի բոլոր դպրոցներուն՝ անոնց անյետաձգելի կարիքները հոգալու նպատակով:

 Ըստ Լիզպոնէն հրապարակուած հաղորդագրութեան, տրամադրուող այս օժանդակութիւնը կու գայ աւելնալ Լիբանանէ ներս հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի այլ նախաձեռնութիւններուն. օրինակ՝ կրթաթոշակներ, յատուկ կրթութեան ուղղեալ ծրագիրներ, ուսուցիչներու վերաորակաւորում, հրատարակութիւններ եւ երիտասարդներու մշակութային ծրագիրներու աջակցութիւն:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2021