ԱՐԱՄ ՏԻԳՐԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Յայտ­նի հայ ե­րա­ժիշտ Ա­րամ Տիգ­րան իր ա­նու­նը կրող ա­րուես­տի փա­ռա­տօ­նով մը չոր­րորդ ան­գամ պի­տի ո­գե­կո­չուի Տիար­պա­քը­րի մէջ։

Ինչ­պէս յայտ­նի է, Ա­րամ Տիգ­րա­նի ըն­տա­նի­քը 1915-ին Տիար­պա­քը­րէն բռնի տե­ղա­հա­նուած էր Սու­րիոյ Քա­մըշ­լի բնա­կա­վայ­րը։ Հա­յե­րէն, քրդե­րէն, ա­րա­բե­րէն, ա­սո­րե­րէն եւ յու­նա­րէն եր­գե­րով յայտ­նի Ա­րամ Տիգ­րա­նի ա­նու­նով մկրտուած է այժմ Տիար­պա­քը­րի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ներ­քեւ գոր­ծող ե­րաժշ­տա­նո­ցը։ Թա­տե­րա­կան եւ շար­ժան­կա­րի ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ ալ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան հա­մերգ­նե­րու ա­ռըն­թեր. փա­ռա­տօ­նի պա­տուոյ հիւ­րը պի­տի ըլ­լայ ե­րա­ժիշտ Մի­քա­յէլ Աս­լան։ Այս շրջագ­ծով Ուր­բաթ ի­րի­կուն հա­մերգ մըն ալ պի­տի սար­քուի Ս. Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015