ԶԱԽԱՐՈՎԱ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱՂԹԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻՆ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի եւ Ատըրպէյճանի ղեկավարներու վերջին ուղղակի հանդիպման լոյսին տակ։ Այս առթիւ Մոսկուա տեղեկացուց, որ կը դիտարկուի Հարաւային Կովկասէ ներս ցամաքային փոխադրութեան եւ երկաթուղային կապերու ապաշրջափակումը։ Ընթացք կայ՝ դէպի յստակ փոխադրութեան նախագիծերու գործարկում։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներէն յետոյ հնչած նախաձեռնութիւնները կը զարգացնեն՝ անցեալ նոյեմբերի 26-ին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպումէն վերջ հրապարակուած յայտարարութիւնը։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած Սոչիի գագաթաժողովէն օրեր անց Փաշինեան եւ Ալիեւ մէկտեղուած էին այս անգամ Պրիւքսելի մէջ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նշեց, որ Պրիւքսելի հանդիպումը զարգացուցած է Սոչիի եռակողմանի համաձայնութիւնները։ Անդրադառնալով երկաթուղային կապերու բացման՝ բանբերը նշած է, որ համապատասխան հարցերու քննարկումները կը շարունակուին՝ փոխ-վարչապետներու համանախագահութեամբ ստեղծուած աշխատանքային խումբի շրջանակներէն ներս։ Այդ դրութեան ծիրին մէջ կը դիտարկուին Հարաւային Կովկասի բոլոր տնտեսական եւ հաղորդակցական կապերը։
Մարիա Զախարովա ողջունելի նկատեց Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ միջազգային ջանքերը։ «Այս պարագային շատ կարեւոր է հաշուի առնել տարածաշրջանային իրողութիւնները, Երեւանի եւ Պաքուի համաձայնութիւնը», աւելցուց ան։ Անդրադառնալով հրադադարի յայտարարութեան դրոյթներու իրագործման ընթացքին՝ Զախարովա նշեց, որ ընդհանուր առմամբ այդ դրոյթները կ՚իրականացուին։ Ռուս բանբերը խաղաղութիւն, համբերութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Հայաստանին, Ատրպէյճանին, Ռուսաստանին եւ բոլոր կողմերուն, որոնք տեղւոյն վրայ իրավիճակը կը հսկեն որեւէ բարդացումէ խուսափելու համար։ «Ամէն ինչ կը կարգաւորուի, եթէ բոլոր կողմերը առաւելագոյն ջանքեր գործադրեն», համոզուած է Զախարովա։