Կիրակի 2, Փետրուար 2025
ՄՈՆՐԷԱԼԻ «ԱՊԱԳԱՅ»ԷՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Գանատահայ մամուլին մէջ կը շարունակուին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած տագնապին վերաբերեալ ահազանգին արձագանգները։ Մոնրէալի «Ապագայ» շաբաթաթերթը որոշած է Ամանորի բացառիկին մէջ անդրադառնալ այս խնդրին եւ ընդգծել իր զօրակցութեան տրամադրութիւնները։ Այս կապակցութեամբ թերթը ամբողջութեամբ արտատպած է թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի վերջին շրջանի այն յայտարարութիւնները, որոնք թողարկուած էին «Արմէնփրէս» գործակալութեան կողմէ։
Զօրակցութեան բնոյթով այս արձագանգին համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Ապագայ»ի պատասխանատու խմբագիր, մեր արժէքաւոր պաշտօնակից Աւետիս Պագգալեանին։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021