ԺԱՄԱՆԱԿՆ ՈՒ ԺԱՄԱՑՈՅՑԸ

Հայաստանի գլխաւոր ժամացոյցը տօնեց իր 80-ամեակը: Մայրաքաղաք Երեւանի սիրտին վրայ ութսուն տարի ժամ ցոյց տուող գործիքին սրահէն առցանց համերգ մը ունեցաւ հայրենի տաղանդաւոր դաշնակահար, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Հայկ Մելիքեան, որ բացի դասական մեղեդիներ նուագելէ, նաեւ իր նոր ստեղծագործութիւնը նուիրեց այս յատկանշական առիթին: Ան նուագեց աշխարհին մէջ գուցէ առաջին ստեղծագործութիւնը՝ գրուած դաշնամուրի եւ քաղաքային ժամացոյցի զանգերու համար:

Հաճելի է տարուան աւարտին անգամ մը եւս անդրադառնալ ժամանակ հասկացողութեան եւ ժամանակը ցոյց տուող գործիքին՝ ժամացոյցին: Իսկ 80-ամեայ այս եռանդուն գործիքը ձեւով մը մեր պետականութեան խորհրդանիշերէն մէկն է, քանի որ անոր զանգերուն ղօղանջները կը հնչեցնեն Հայաստանի օրհներգին առաջին նոթաները, ժամացոյցին շուրջ տեղակայուած են մեր երկրին համար կարեւոր շէնքեր եւ վերջապէս ժամացոյցին հրապարակին վրայ կարեւոր իրադարձութիւններ եղած են:

Բազմաթիւ մարդիկ իբրեւ ժամադրավայր կ՚ընտրեն Հրապարակի ժամացոյցը, ան ժամ ցոյց տալէ զատ նաեւ ժամադրավայր դարձած է հազարաւորներու համար՝ նոր հանդիպումներ, ճակատագրեր, սէրեր, բաժանումներ, հրճուանքի եւ ընդվզումի բազում պահեր անցած-դարձած են անոր սլաքներուն ներքեւ:

80 տարի առաջ՝ 1941 թուականին, այս ժամացոյցին ներսի մեքենական յարմարանքը բերուած է Մոսկուայէն, Հայրենական մեծ պատերազմը սկսելէն քիչ մը ուշ: 1930-ական թուականներուն, երբ Ալեքսանդր Թամանեան կը նախագծէր արեւային Երեւանը, անոր նախագիծին մէջ նաեւ ժամացոյցը կար: Ժամացոյցը հրապարակներուն եւ հնագոյն քաղաքներուն յարիր գործիք մըն է, տաղանդաւոր ճարտարապետը համայն հայութեան մայրաքաղաքը նոյնպէս առանց ժամացոյցի չէր կրնար պատկերացնել, մանաւանդ, որ հեռաւոր անցեալին այդտեղ եղած է հնագոյն ժամացոյց մը. 1891 թուականին Երեւանի մէջ, ներկայիս հրապարակի շրջակայքը, հոն եղած ոստիկանական շէնքին վրայ տեղադրուած է քաղաքային ժամացոյց, որ յետոյ, շէնքը փլելէն ետք հանուած եւ թանգարան տարուած է:

1940 թուականին կառուցուած է կառավարութեան շէնքը եւ 1941 թուականի սեպտեմբերին ժամացոյցը տեղադրուած է շէնքի աշտարակին: 80 տարիէ ի վեր՝ հրապարակէն եւ մերձակայքէն քալողներուն ցոյց կու տայ երկրին ճշգրիտ ժամը, վայրկեանը, երկվայրկեանը:

Ժամացոյցը պատրաստուած է Հայաստանի այդ ժամանակուան կառավարութեան պատուէրով եւ Մոսկուայէն Երեւան ղրկուած է իր անձնագիրով, որուն մէջ գրուած է հեղինակին մականունը՝ Մակնուշեւսքի: Քանի որ ժամացոյցը պիտի հնչեցնէր խորհրդային երկրի օրհներգը, ուստի անձնագիրը վաւերացուած է Մոսկուայի երաժշտանոցի հնչական տարրալուծարանին մէջ, որ Խորհրդային Միութեան երաժշտական ​​սարքաշինութեան ոլորտի գլխաւոր կազմակերպութիւնն էր:

Սարքաշինարար Մակնուշեւսքին, որ նաեւ Մոսկուայի Քրեմլինի Սպասկայա աշտարակի զանգերուն ղօղանջները ծրագրաւորած էր Խորհրդային Միութեան օրհներգը հնչեցնելու համար, նոյն շղթան մշակած է նաեւ Երեւանի ժամացոյցին համար:

ՉՈՐՍԴԱՐԵԱՅ ԶԱՆԳԸ

Զանգերը, որոնք 80 տարիէ ի վեր կ՚ազդարարեն երկրին ժամանակը, Երեւան բերուած են գլխաւոր ժամացոյցին հետ: Անոնք համայնավարական անաստուածութեան ժամանակաշրջանին՝ 1930-ական թուականներուն, հանուած են ռուսական ուղղափառ եկեղեցիէ մը: Զանգերէն մէկը, որ ունի մօտաւորապէս 400 տարուան պատմութիւն, կը կրէ վարպետ Զինկովիչի նշանը, որ այդ զանգերուն հեղինակն է։ Երաժշտական մեղեդին ճիշդ հնչեցնելու համար զանգերը հինգ հատ պատուիրած են:

Հայաստանի անկախութենէն ետք որոշուեցաւ հանրապետութեան գլխաւոր ժամացոյցը վերածրագրաւորել Հայաստանի օրհներգի առաջին քանի մը հնչիւններով, սակայն այդ մեղեդիի կատարման համար կը պակսէր զանգ մը, որ երաժշտական ֆա հնչիւնը պիտի արձակէր: Անիկա գտնուեցաւ Երեւանի Սուրբ Զօրաւոր եկեղեցիին մէջ եւ Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդին արտօնութեամբ եկեղեցւոյ ֆա հնչիւն-զանգը փոխանակուեցաւ Հանրապետութեան հրապարակի աշտարակի ժամացոյցին րէ հնչիւնին հետ, որ նոր ներդրուած օրհներգին համար անհրաժեշտ չէր:

Ուշադիր անցորդը կը նկատէ, որ 15 րոպէն մէյ մը զանգերը կը հնչեն մէկ անգամ, իւրաքանչիւր ժամի 30-րդ րոպէին՝ 2 անգամ, իսկ 59:32-րդ րոպէէն մինչեւ 00։00-ն կը հնչէ օրհներգը եւ զանգերը կը զարնեն ժամերուն քանակին համապատասխան, ժամը մէկին` մէկ անգամ, երկուքին՝ երկու անգամ եւ այդպէս շարունակ։

Հանրապետութեան հրապարակի ժամացոյցին տրամագիծը կը կազմէ 360 սմ.։ Մեծ սլաքը, որ վայրկեանը ցոյց կու տայ, 170 սմ. է եւ կը կշռէ 4 քիլօ 850 կրամ։ Փոքր սլաքին երկարութիւնը 110 սմ. է, կը կշռէ 3 քիլօ 600 կրամ։

ԺԱՄԱԳՈՐԾՆԵՐԸ

Իր պարզ տեսքով ժամացոյցը նաեւ բարդ յարմարանք ունի իր ներսը, որ կը հսկէ մասնագիտական խումբը:

80 տարի Հայաստանի գլխաւոր ժամացոյցը ունեցած է հինգ ժամագործ, որոնք նաեւ ժամացոյցին հսկիչ պահապանները եղած են: Այդ գործը այսօր պաշտօնապէս կը կոչուի Թեքնիքական սպասարկման բաժնի ժամացոյցի վարպետ։ Վարպետը կը վերահսկէ ճշգրտութիւնն ու անխափան աշխատանքը, իսկ տարիներ առաջ, երբ Հայաստանի մէջ ժամը կը փոխուէր, կը համապատասխանեցնէր զայն ամառնային եւ ձմեռնային ժամանակին։ Այսօր Հայաստանի մէջ ժամը չի փոխուիր եւ ժամացոյցը կ՚աշխատի միալար:

Ժամացոյցը տեղադրելէ ետք առաջին 40 տարիները երկրի գլխաւոր ժամագործը Արծրուն Եաւրոյեանն էր, մէկ տարի (1981-82 թուականներուն), ժամացոյցը ղեկավարած է Զօրիկ Յակոբեանը յետոյ երկար տարիներ՝ Գեղամ Մկրտչեանը, որուն փոխարինած է Աշոտ Մելիքսէթեանը։ 2003 թուականի դեկտեմբերէն մինչեւ հիմա ժամացոյցին վարպետ-պահապանը Լեովա Ալեքսանեանն է: Անոր վստահուած է երկրին հիմնական ժամը. «Ամէն օր ես կ՚ողջունեմ ժամացոյցը, կը մաղթեմ լաւ օր, բարի երեկոյ ու բարի գիշեր՝ արդէն 18 տարիէ ի վեր», կ՚ըսէ վարպետ Լեովան եւ լուսանկար մը կը քաշուի երաժիշտ Հայկ Մելիքեանին հետ, որուն կառավարութեան մակարդակով արտօնուեցաւ ժամացոյցին սրահէն յոբելենական համերգ տալ։ Յատուկ այս առիթին համար դաշնամուր դրուեցաւ, որ խորհրդաւոր միջավայր ստեղծեց պզտիկ սենեակին մէջ, ուրկէ կը հոսի երկրին ժամանակը… Երկրի գլխաւոր ժամացոյցէն զատ Երեւանը ունի նաեւ քաղաքային ժամացոյց, որ զետեղուած է քաղաքապետարանի աշտարակին: Ժամացոյցին հեղինակը ճարտարապետ Ճիմ Թորոսեանն է: Անիկա տեղադրուած է 2004 թուականին:

Երեւանի մէջ ծանօթ է նաեւ Արարատ քոնեաքի, գինիի եւ օղիի գործարանին ժամացոյցը, որ նոյնպէս մեր քաղաքին խորհրդանիշներէն է:

Իր պատմութեան մէջ գլխաւոր ժամացոյցը մէկ անգամ միայն փոփոխութեան ենթարկուած է. 2001 թուականին ճօճանակաւոր ժամացոյցը փոխարինուած է ելեկտրոնային միացքով, որ նախագծուած եւ արտադրուած է Երեւանի մէջ՝ հայ գիտնականներու կողմէ: Այդ ժամանակէն ի վեր ժամացոյցը անխափան կ՚աշխատի։

80 տարուան ընթացքին հրապարակի գեղեցկուհին կանգ առած է միայն 2-3 ժամ: Նոյնիսկ Արցախի պատերազմին եւ յաջորդող տարիներուն, երբ Երեւանի մէջ միայն մի քանի ժամով կը միացնէին ելեկտրականութիւնը, ժամացոյցը կը շարունակէր աշխատիլ` հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան:

Անշուշտ, երբեմն խափանումներ կ՚ըլլան, բայց երկրին բնակիչները չեն զգար եւ ժամացոյցի սրահին մէջ գտնուող մարդիկ արագ կը շտկեն ծագած հարցը: Այդպիսի յայտնի խափանում մը եղած է 2006 թուականին, մէկ օր. ժամացոյցը առաւօտէն փճացած էր, քանի որ պոկուած էր մասնիկներէն մէկը։ Որոշ լրատուամիջոցներ խուճապ տարածած էին, քանի որ յունուարեան այդ օրը պէտք է տեղի ունենար նախագահներ Քոչարեանի եւ Ալիեւի հանդիպումը։ Շատեր սկսած էին մտածել, որ ժամացոյցին կենալը վատ նշան է, քանի որ երկու երկիրներու նախագահներուն հանդիպումը ղարաբաղեան հարցով էր: Բայց խափանման հարցը շատ արագ շտկուած է, իսկ ղարաբաղեան հարցը մինչեւ հիմա տակաւին կը քննարկուի…

ՆՈՐ ՏԱՐԻ, ՆՈՐ ՅՈՅՍԵՐ

Վաղը Հայաստանի գլխաւոր ժամացոյցը հերթական անգամ կ՚աւետէ նոր տարուան գալուստը: Ամէն տարեվերջի 00։00-ին հանդիսաւոր կերպով կը զարնեն հնադարեան զանգերը եւ կ՚ազդարարեն նոր կեանքի սկիզբ՝ Հայաստանի եւ ողջ աշխարհի բնակչութեան համար: Զանգերուն 12 ղօղանջներուն հետ յոյս կը ծնի նորէն, եւ այդ յոյսը սիրտերնուս մէջ կը քալենք նոր տարուան ընդառաջ:

Հետաքրքրական ճանապարհ անցած եւ այսօր ամուր եւ կանգուն մնացած 80-ամեայ ժամացոյցը իր տոկունութեամբ եւ ճշգրտութեամբ թող առաջնորդէ մեր ժողովուրդը՝ դէպի նոր ու լուսաւոր տարիներ:

ՀԱՅԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ

Երիտասարդ դաշնակահար Հայկ Մելիքեան Հայաստանի նոր սերունդի լաւագոյն երաժիշտներէն է, որ Հայաստանը բազմիցս ներկայացուցած է արտասահմանի մէջ: Անոր երեւանեան համերգները նոյնպէս յիշարժան են՝ անցեալին Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին եւ այլ վայրերու մէջ Մելիքեան տպաւորիչ համերգներ ունեցած է:

Հայաստանի գլխաւոր ժամացոյցին յոբելենական համերգը վստահուեցաւ անոր եւ ան, այդ մտերմիկ վայրէն դաշնամուրային հրաշալի կատարում ունեցաւ, որուն առցանց հետեւեցան հազարաւոր մարդիկ:

Հայկ Մելիքեան ծնած է Երեւան։ Աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի դաշնամուրային, ապա՝ ստեղծագործական բաժինը: «Concerto di Concerti» 20-րդ դարու եւ ժամանակակից երաժշտութեան միջազգային փառատօնի շրջանակներուն մէջ 2000 թուականին Հռոմի մէջ տեղի ունեցած է անոր միջազգային բեմելը։ Բազմաթիւ միջազգային դաշնամուրային եւ երաժշտահանական մրցոյթներու դափնեկիր է։

Հայ եւ արտասահմանեան շատ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններուն առաջին կատարողն է, որոնցմէ շատերը մասնաւոր իրեն համար գրուած են:

2007 թուականէն անոր կատարումները թողարկուած են մենանուագային ալպոմներով, ինչպէս նաեւ զանազան երաժշտական հաւաքածոներու մէջ, այդ կարգին նաեւ դասական երաժշտութեան ամենահեղինակաւոր՝ Naxos Grand Piano ապրանքանիշին կողմէ:

Հայկ Մելիքեան հիւրախաղերով հանդէս եկած է Եւրոպայի, Ասիոյ, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու բազմաթիւ երկիրներու մէջ։

Դաշնակահար երաժշտահանի նախաձեռնութեամբ 2009 թուականին Երեւանի մէջ մեկնարկած է 1900+ նախագիծ-համերգաշարը՝ նուիրուած 20-րդ դարու եւ ժամանակակից համաշխարհային դաշնամուրային երաժշտութեան։ Այսօր ալ Հայկ Մելիքեան միջազգային փառատօներուն սպասուած երաժիշտ է:

2013 թուականին ստացած է Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտի կոչում: Ան արցախցի բանաստեղծ Սոկրատ Խանեանի թոռն է:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021