ՏԱՐԵՎԵՐՋԵԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ
Տարի մը եւս իր աւարտին հասաւ, առիթ տալով նոր տարուան մը սկիզբին:
Ի՜նչ-ի՜նչ ապրումներ, յուզումներ, յոյզեր, զգացումներ, երազներ, նպատակներ ու տեսիլքներ մնացին անցեալին մէջ. անոնցմէ մաս մը լաւապէս ապրուեցան, ուրախացուցին կամ տխրեցուցին մեզ, հրճուեցուցին կամ ցաւ պատճառեցին մեզի. որոշ «երազ»ներ իրականացան եւ մաս մըն ալ մնացին անկատար. յաջողեցանք հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու հասնիլ մեր կարգ մը նպատակներուն, մէկ մասը տակաւին ընթացքի մէջ են, եւ մեր ունեցած յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները դուռ բացին մեր դիմաց նոր նպատակներ մշակելու եւ ճանապարհ բանալու՝ ընթանալու համար այդ նպատակներուն ետեւէն. տեսիլքներ ունեցանք, ունինք տակաւին, որոնց իրականացումին համար ո՛չ ճիք եւ ո՛չ ալ եռանդ կը խնայենք, լուսաւորելու, գեղեցկացնելու եւ քաղցրացնելու համար մեր կեանքը, մեր ապրած ընկերութիւնը, մէկ խօսքով ամբողջ մարդկութիւնը: Այս բոլորը այսպէս կամ այնպէս մեզմէ իւրաքանչիւրին կը վերաբերին:
Ինչ կը վերաբերի համազգային մեր կեանքին. դժբախտաբար նախանցեալ տարուան աշունէն հանգրուան գտած ՍԵՒ ամպը մեր երկրի երկնակամարին վրայ՝ յամառութեամբ կը շարունակէ մնալ օր օրի աւելի մգանալով, այդպիսով վտանգելով մեր պետականութեան գոյութիւնն ու մեր երկրին անվտանգութիւնը: Արտագաղթը դարձեալ գլուխ բարձրացուցած կը սպառնայ հայաթափ ընել մեր Աստուածօրհնեալ Հայրենիքը:
Այս բոլորին մէջ սակայն ամենէն մորմոքեցնողը ատելութեան այն ահաւոր բարձրացած ալիքն է, որ տարածուած է գրեթէ ամէնուր մեր հայ իրականութեան մէջ: Ամէն մարդու բերանէն միայն ատելութեան, թշնամանքի եւ չարութեան խօսք է, որ կը լսուի:
Ատելութիւն, որ ո՛չ ծնող, կին, ամուսին, զաւակ, ընտանիք, քոյր, եղբայր, բարեկամութիւն, ընկերութիւն նկատի կ՚ունենայ, այլ՝ կ՚ոտնահարէ այս բոլոր սրբութիւնները։
Ատելութիւն, որ ո՛չ Եկեղեցի, ազգ, պետութիւն ու պետականութիւն, կառոյց, հաստատութիւն ու կուսակցութիւն կը հարցնէ:
Ատելութիւն, որ ո՛չ սրբութիւն, ազգային արժէքներ, հարստութիւններ, աւանդութիւններ կը յարգէ, այլ՝ յանուն իր «նպատակ»ին կ՚ոչնչացնէ ամէն բան, կ՚անարգէ ամէն տեսակի արժէք, հարստութիւն ու աւանդութիւն, կը պղծէ ու կ՚ապականէ ամէն տեսակի սրբութիւն:
Այս ատելութեան, չարութեան եւ զիրար չհասկնալու եւ չընդունելու ալիքը կը սպառնայ մեր ազգութեան ու պետականութեան գոյութեան, որովհետեւ այդ ալիքին շղարշին տակ մեր պետականութեան հիմերն է, որ կը քանդուի, եւ դժբախտաբար անվերականգնելիօրէն:
Եւ «տօնական» այս օրերուն արդարեւ, Ռաֆայէլ Պատկանեանին այս տողերը աւելի քան արդիականօրէն պէտք է հնչեն իւրաքանչիւր հայորդիի ականջին, առիթ դառնալով խորհրդածելու, քննելու, մտածելու եւ ելքեր գտնելու այս ատելութեան ու չարութեան ահաւոր մթնոլորտէն, որպէսզի կարենանք մեզի հասած մեր ազգութեան ղեկը վայել ու պատշաճ կերպով փոխանցել յաջորդող սերունդին.
Երնէ՜կ, թէ այս Նոր տարին
Վերջ տար հայի ցաւերուն․
Չարը կորչեր, ու բարին
Բոյն դըներ մեր սըրտերուն։
Երնէ՜կ, թէ այս Նոր տարին
Ազատ շընչեր Հայաստան,
Եւ շուրջ Մասիս մեր սարին
Փայլէին արտ-անդաստան։
Հայե՛ր, երբեք չերկմըտենք,
Կը կատարուի այդ ամէն,
Եթէ ի սպառ մենք հանենք
Փոքրոգութիւն մեր սըրտէն։
Պատկանեանի ամբողջական գրութիւնը չէ, որ այստեղ տեղադրած ենք, այլ՝ այն հատուածները, որոնք մեր այսօրուան իրականութեան հետ անմիջականօրէն առընչութիւն ունին: Այսպէս.
«Երնէ՜կ, թէ այս Նոր տարին վերջ տար հայի ցաւերուն․ չարը կորչեր, ու բարին բուն դըներ մեր սըրտերուն - Երանի՜ թէ այս Նոր տարին, հայուն ցաւերուն վերջ տար. չարը վերանար ու մեր սիրտերուն մէջ բարին բոյն դներ»:
Մեր ազգը կարծէք ցաւին հետ պայմանագիր կնքած է, այն ալ երկար ժամկէտով: Ցաւը, բնականաբար մարդկային մեր կեանքին մէկ անբաժանելի մասն է, սակայն ցաւը մեր յաւիտենական ընկերակիցը պէտք չէ ըլլայ: Աւելին, ցաւին հետ միաժամանակ մենք պէտք է իմանանք ապրիլ, արժեւորել մեզի տրուած կեանքը:
Արդարեւ, եթէ պահ մը ուշադրութեամբ զննենք մեր հայ իրականութիւնը, ամէն տեղ ցաւի քարոզ պիտի նշմարենք: Մեր երգերը, բանաստեղծութիւնները, հաւաքները, ձեռնարկները, յիշատակումները, եւ այլն, եւ այլն, մի միայն ցաւի, ողբի, տառապանքի ու տանջանքի մասին է: Արդար եւ իրա՛ւ է ապրուած ցաւալի անցեալին համար ցաւիլ եւ այդ ցաւը որպէս գիտակցութեան եւ պահանջատիրութեան զգացումի առիթ կամ միջոց օգտագործել, բայց երբ այդ միջոցն ու առիթը նպատակի կը վերածուին, այդ պարագային նպատակը կը վիժի տակաւին լոյս աշխարհ չեկած: Մեր ըրածը դժբախտաբար այդ է, վիժեցնել նպատակը առանց կեանք տալու անոր: Կարծէք մեզի համար վերացական աշխարհի մէջ ապրիլը եւ երազներով սնիլը դարձած են բնական երեւոյթ: Մենք գործէն աւելի, իրականութենէն աւելի տարուած ենք աւելի երազներու, տեիլքներու եւ վերացական գաղափարներու ետեւէ վազելու: Բնականաբար կեանք մը առանց երազներու, տեսիլքներու ու գաղափարներու՝ լիիրաւ կեանք չի՛ դառնար, միւս կողմէ սակայն ԻՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔը մէկդի թողած երազի, տեսիլքի ու վերացական գաղափարներու ետեւէ վազելը մեզ դէպի անհուն անդունդ կ՚առաջնորդէ, ուրկէ դուրս գալը եթէ հնարաւոր չէ՝ շատ դժուար է:
Հետեւաբար, եթէ կ՚ուզենք իրապէս, որպէսզի «հայուն ցաւերը վերջ գտնեն ու չարը վերանայ» եւ անոնց փոխարէն «մեր սիրտերուն մէջ բարին բոյն դնէ», ապա պէտք է սորվինք եւ ամենէն կարեւորը մեր զաւակներուն սորվեցնենք կեանքին կառչիլ, կեանքը ապրիլ լիիրաւ կերպով:
Այսօրուան ատելութեան եւ չարութեան մթնոլորտը՝ որ կը տիրէ մեր համազգային կեանքէն ներս, արգելք կը դառնայ մեզի ազգովին մեր կեանքը ապրելու լիիրաւ կերպով: Մենք դադրած ենք կարծէք լաւը, բարին տեսնելէ, եւ մի միայն բացասականը, չարիքը կը տեսնենք եւ մեր մէջի եղած մաղձը դուրս կ՚արտաբերենք շատ յաճախ անտեղի եւ սխալ կերպով: Բնականաբար այս խօսքերով նկատի չունիմ քննադատութիւն, յատկապէ՛ս՝ կառուցողական քննադատութիւնը, որու բացակայութիւնը մեր այսօրուան վիճակին գլխաւոր պատճառներէն մէկն է: Խօսքը այդ մասին չէ, այլ՝ այն մասին, որ այսօր մեզմէ իւրաքանչիւր, երեխայ, պատանի, երիտասարդ, երէց ու ծեր գրեթէ ամէն բանի մասին կը խօսինք, մեր «հեղինակաւոր» կարծիքը կ՚արտայայտենք, որով ունինք այսօրուան վիճակը: Միւս կողմէ, անփորձ եւ դիմացինին կարծիքը չլսող երիտասարդներուն խումբը որ վերջին տարիներուն իշխանութեան գլուխ եկած են Հայրենիքէն ներս, իրենց ո՛չ փորձառու կեցուածքներով ու պահուածքով ա՛լ աւելի կը սրեն ու կը բորբոքեն այս ատելութեան ու չարութեան մթնոլորտը:
Ինչպէս վերը նշեցի, եթէ իրապէս կ՚ուզենք, որպէսզի այս վիճակէն դուրս գանք, ապա մեզմէ հեռու պէտք է վանենք ատելութիւնն ու չարութիւնը ու անոնց փոխարէն մեր մէջ աճեցնենք սէրն ու համերաշխութիւնը, որոնք միասնականութիւն կը ծնին, ինչ բանի առկայութեան պարագային ո՛չ արտաքին թշնամիները եւ ո՛չ ալ ներքին թշնամիները կրնան խանգարել մեր ազգին երթը, այլապէս օր օրի մեր տապանը ա՛լ աւելի պիտի խորասուզուի ընկերութեան պարտադրած կոհակներուն մէջ առանց ձեռք մը գտնելու, որ զինք այդ կոհակներուն մէջէն հանելով տանի դէպի խաղաղութեան նաւահանգիստ:
Դարձեալ երթանք Պատկնեանին.
«Երնէ՜կ, թէ այս Նոր տարին, ազատ շընչեր Հայաստան, եւ շուրջ Մասիս մեր սարին փայլէին արտ-անդաստան- Երանի՜ որ այս Նոր տարիին, Հայաստանը ազատ շնչեր, ու Մասիս սարին չորս կողմը արտերն ու անդաստանները փայլէին»:
Հակառակ այսօրուան պնդումներուն, որ Հայաստանը այսօր ազատօրէն կը շնչէ, բայց իրականութիւնը, մեր ապրածն ու շօշափելի փաստերը ճիշդ հակառակ պատկերն է, որ կու տան մեզի: Ճի՛շդ է, որ անուանապէս ազատ է Հայաստանը, բայց իրողապէս դժբախտաբար շա՜տ հեռու է ազատ շնչելու հնարաւորութենէն, որովհետեւ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս ամէն կողմէ կը փորձեն բաժին մը շորթել…: Այստեղ պատճառներուն մասին չէ, որ պիտի անդրադառնամ, որովհետեւ ո՛չ քաղաքագէտ եմ եւ ա՛չ ալ պատմաբան: Այստեղ պարզապէս պիտի արձանագրեմ, թէ որպէս հայ ազգին մէկ մասնիկը մեզմէ իւրաքանչիւրը ի՞նչ կրնայ ընել, որպէսզի Հայաստանը իրապէս ազատ ու անկախ շնչէ: Մեզմէ իւրաքանչիւրին ամենէն կարեւոր եւ գլխաւոր պարտաւորութիւններէն մէկը այն է՝ ապրի՛լ Հայաստանի մէջ, եւ ո՛չ միայն ապրիլ Հայաստանի մէջ, այլ՝ ապրիլ Հայաստանով ու Հայաստանի համար: Սա՛ առաջին, ամենէն զօրաւոր եւ ամենէն կարեւոր ազդակն է նպաստելու Հայաստանի ազատութեան անկախութեան:
Երկրի մը ազատութիւնն ու անկախութիւնը լիիրաւ չե՛ն դառնար, եթէ չկան այդ ազատութիւնն ու անկախութիւնը երաշխաւորողները, այս պարագային՝ տուեալ երկրի քաղաքացիները: Իսկ քաղաքացիութիւնը կ՚արժեւորուի եւ իրական իմաստ կը ստանայ երբ ի՛ր իսկ երկրին մէջ կ՚ապրուի, եւ ո՛չ թէ օտար երկնակամարներու տակ:
Ի վերջոյ՝
«Հայե՛ր, երբեք չերկմըտենք, կը կատարուի այդ ամէն, եթէ ի սպառ մենք հանենք փոքրոգութիւն մեր սըրտէն - Հայեր, երբեք չտարակուսիք, այդ բոլորը կը կատարուի, եթէ մենք մեր սիրտէն ի սպառ հանենք փոքրոքութիւնը»:
Այսօր զգալի տոկոս մը մեր ազգակիցներուն կը տարակուսին, թէ մենք երբեւէ կ՚ունենաք ազատ, անկախ եւ զօրաւոր Հայաստան մը: Առաջին հայեացքով եւ ակնարկ մը նետելով մեր անցնող դարերու ունեցած պատմութեան եւ ապրած փորձառութեան, արդար եւ իրաւ կարծիք է. բայց չէ՞ որ այդ կարծիքը, այդ մտածումը փոխելու համար ունինք բաւարար կամք, տոկունութիւն եւ բանականութիւն:
Ինչ բանի մասին կը մտածենք եւ ինչ բանի մէջ մենք մեզ կը տեսնենք, այդ ալ կ՚ունենանք: Այն համոզումն ունինք, որ անկախ չե՞նք կրնար ըլլար, այն կարծիքին ենք, որ Հայաստանը երբեք ազատ չի՞ կրնար շնչել, հետեւաբար այդ ալ կ՚ունենաք, ստրկութիւն՝ ֆիզիքական եւ մտային, կաշկանդում՝ աշխարհագրական եւ դարձեալ մտային:
Իսկ ի՞նչ է այս վիճակին դարմանումի միջոցը. Պատկանեանին պատկերացումով այն է, որ մեր սիրտերէն փոքրոգութիւնը ի սպառ վեռացնենք: Իսկ ի՞նչ ձեւով կրնանք մենք մեր սիրտերէն փոքրոգութիւնը վերացնել: Շա՜տ պարզ եւ դիւրին կերպով՝ զիրար սիրելով:
Նոր տարուան վերջընթեր այս օրը, եկէք միասնաբար մաղթենք, ըսելով.
- Երնէ՜կ թէ այս նոր տարին, վերջ տար հայուն ցաւերուն:
- Երնէ՜կ թէ այս նոր տարին, մխիթարէր սգաւոր մեր մայրերը:
- Երնէ՜կ թէ այս նոր տարին, նոր դուռ բանար մեր ազգին:
- Երնէ՜կ թէ այս նոր տարիին, լուսաւորուին մեր միտքեր:
- Երնէ՜կ թէ այս նոր տարիին, սիրով լեցուին մեր սիրտեր:
- Երնէ՜կ թէ այս նոր տարին, Հայաստանի համար նոր էջ մը բանայ, ազատութեան, անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան:
- Երնէ՜կ թէ այս նոր տարիին, խաղաղութիւնն ու առողջութիւնը այցելեն համայն մարդկութեան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
27 դեկտեմբեր 2021, Վաղարշապատ