ՎԱՐՊԵՏԻՆ ԱՌՋԵՒ 60-ԱՄԵԱԿԻ ՀՈՐԻԶՈՆ

Ներկայ տարեմուտը յոբելենական հորիզոն մը կը բանայ մեր այնքան սիրելի եւ մեծատաղանդ լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեանի առջեւ։ 2022 թուականին ան կը դառնայ 60 տարեկան։ Թէեւ իր տարեդարձը տակաւին յաջորդ մայիսին է, սակայն, բոլոր անոնք, որոնք կը սիրեն զինքը ու մանաւանդ՝ անոր վարպետութեան կը վկայեն, այս տարեսկիզբին կ՚աճապարեն իրենց օրացոյցին վրայ համապատասխան նշումը ընելու։

Կեդրոնականի սան, նաեւ Ղալաթիոյ խնամակալութեան նախկին ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան երկար ատենէ ի վեր անփոխարինելի ներդրում կը բերէ պոլսահայ մամուլին եւ ընդհանրապէս ընկերամշակութային կեանքին։ Մեր բազմաթիւ թերթերուն կամ պարբերականներուն մէջ անանտեսելի ներկայութիւն մըն է ան։ Հիմնած է նաեւ իր «Պոլիսֆոթօ»ն։ Վերջին տարիներուն պատկառելի մասնակցութիւն կ՚ունենայ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի արտադրանքին։ Իր շնորհիւ էապէս փոխուած է թերթիս տեսանիւթերուն որակն ու մակարդակը։ Մեծ դեր ստանձնած է թերթիս թէ՛ լրահաւաքի եւ թէ տեսողական առարկաներու պատրաստութեան մէջ։ Այս բոլորը զինքը առաւել եւս սիրելի կը դարձնեն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին։

Մկրտիչ Արծիւեան իսկական կատարելապաշտ մըն է։ Լրագրական հոտառութիւնն ու գեղարուեստական ճաշակը միաձուլած է ստեղծագործական վարպետութիւններով։ Ըլլալով իսկական արհեստավարժ մը՝ ան խորաթափանց կը տիրապետէ նաեւ իր արհեստի բոլոր թեքնիկ նրբութիւններուն, անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի նորութիւններուն։

Այս բոլորին հանրագումարը Մկրտիչ Արծիւեանը դարձուցած է իսկական որսորդ մը։ Ան ոսպնեակով այնպիսի անմահական դրուագներ կ՚որսայ, որ արդէն վարպետութեան մակարդակով ինքզինք կը մատնէ։ Դիտարկման ընդունակութիւններով, ուրոյն աչքով, անկրկնելի նախանձախնդրութեամբ, Մկրտիչ Արծիւեան այս կ՚ընկալուի՝ որպէս իր ժամանակաշրջանը վաւերագրող հեղինակութիւն մը։ Ակնթարթի մը մէջ իր նկարահանածները աստիճանաբար կը վերածուին պատուհաններու, որոնք կը բացուին ժամանակներու վրայ ու մանաւանդ՝ կը ցոլացնեն տուեալ ժամանակի ոգին։ Ան կը զգայ, թէ երբ պէտք է յայտնուի իրադարձութիւններու կիզակէտին եւ երբ պէտք է դուրսէն, հեռուէն կամ վերէն դիտէ զանոնք։ Այդ զգացումը Մկրտիչ Արծիւեանի լուսանկարչական ձեռագրի գաղտնիքն է, միանշանակ, ինչ որ եթէ մէկ կողմէ համբաւ է, ապա միւս կողմէ կշիռ։

Այժմէն ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր սիրելի գործընկերոջ 60-ամեակը՝ մաղթելով լաւագոյնն ու մանաւանդ՝ ստեղծագործական անսպառ եռանդ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021