ԱՄԱՆՈՐ, ԿԱՂԱՆԴ ԵՒ ՇԱՏ ԲԱՆԵՐ…

Նոր տարին հասաւ, իսկ հինն ալ, պատմութեան անցաւ: Այս կը նշանակէ, թէ տարի մըն ալ սահեցաւ մարդոց կեանքէն: Ու գեղեցիկ սովորութեան համաձայն, բոլորս այս նոր եկուորին, ի սրտէ «բարի եկար» մը կ՚ըսենք, իսկ միւս «հինին» ալ՝ «երթաս բարով» մը, որովհետեւ մեր սրտերուն մէջ դարձեալ սկսած են պարել հրաշքը, երազն ու յոյսը: Բնական է: Արդէն տուներէն ներս աւանդական դարձած, գեղեցիկ եւ դրական կաղանդի խորհուրդը կայ:

Սփիւռք կ՚ապրինք ու մեր ամէնօրեայ մաշումին իբրեւ սովորական ականատեսներ՝ ամէն առիթով վաղուան հայուն համար յոյս կը մուրանք, հրաշք կը փնտռենք: Տակաւին՝ կաղանդի խորհուրդէն մեկնած, տարուան վերջին օրը, յոյսի, ցաւի ու ծիծաղի մթնոլորտին մէջ, երջակութիւն հայցող բառերով եւ դրական մտածումներով, մտովի եւ կամ բարձրաձայն, ոտքի եւ կամ ծնկաչոք, աղօթք-մաղթանք եւ խնդրանքներու մրմունջներ դէպի երկինք կը հասցէագրենք:

Ըսեմ, որ անցեալ տարի ալ մեր վրայ բեռցուեցաւ կեանքին տեսակաւոր ծանրութիւնը: Այսպէս, Հայաստան եւ սփիւռք, դարձեալ ապրեցանք խառն ժամանակներ, որոնց դրական եւ բացասական ելեւոյթներէն ամբողջ տարի մը անմասն չկրցանք մնալ: Արցախեան երկրորդ պատերազմ եւ պարտութիւն, առաւել քորոնաժահր եւ հայրենի ներքին կեանք: Իբրեւ արդար որոշում, անցեալ տարուայ նման, հակառակ մեր զաւակներուն եւ թոռներու խնդրանքներուն, այս տարի եւս կաղանդի ծառի շքեղ ներկայութենէն մեր տունը կամաւոր զրկեցինք: Վերջ ի վերջոյ, պէտք է հաշտուիլ իրականութեան հետ: Կեանքի օրէնքն է:

Նաեւ յիշեցնեմ, որ ներկայ ժամանակները գերազանցապէս նիւթականացած են ու բոլոր արժեւորումներն ու անոնց չափանիշները փոխուած ըլլալով՝ յաճախ կեղծ իրականութիւններով մենք զմեզ շրջապատելով, դարձած ենք մակերեսային եւ ինկած ինքնախաբէութեան մը ընդարձակ գիրկը:

Ու ինչ մեղքս պահեմ, կաղանդի աւանդական խորհուրդէն մեկնած, յանկարծ հաճելի յուշեր մտքիս մէջ սկսած են արթննալ: Այնպէս յուշեր, որոնք ինծի իրենց հետ, իմ գաղութէս, հայրենիքէս ու մանաւանդ ծննդավայր Հալէպէս ինծի կը բերէին անուշ դէպքեր ու դէմքեր: Տեսակ մը անուշ աշխարհագրութիւն: Ու չես գիտեր ինչերէ մեկնած, սկսած էի իր ձագերը կորսնցուցած հաւու նման, այդ յուշերուս ետեւէն «վազել», միաժամանակ ապրելով նոր եւ անտեղի տագնապներ:

Առաջին իսկ հերթին, տեսակ մը խորհրդաւոր ու մանաւանդ դրական տրամադրութիւն ստեղծող կախարդական այդ գիշերը, մեր հին ու պատմական քաղաքին կաղանդս յիշեցի: Ըսեմ, որ հո՛ն, այդ հին ու պատմական քաղաքէս ներս, մեծ կամ մեծեր կային: Եւ հո՛ն մեծերը, մե՛ծ էին, իսկ փոքրերը, փո՛քր: Ակնածանքն ու յարգանքը մարդոց առօրեայ կենցաղէն ներս, ունէր իր արդար եւ հաստատ բաժինը: Հո՛ն, մենք, նոր տարին տունը կ՚անցընէինք, մեր «մեծ»ին տունը: Ազգականական կապի ներկայացուցիչ՝ «մեծին» տունը: Շատ հաւանաբար մեր թիւին վրայ, այդ գիշեր նաեւ կ՚աւելնար մեր մտերմիկ ընկերներէն եւ բարեկամներէն քանի մը հատը՝ անոնք, որոնք ակամայ զրկուած էին ազգականներէ: Այդ գիշեր, բոլորս նոյն մեր «մեծի» տան սեղանին շուրջ կը հաւաքուէինք: Աւանդական սեղան՝ իր հարազատ եւ սիրելի սեղանակիցներով:

Նախ կ՚ընթրէինք, ապա ճաշասեղանը կը վերածուէր պտղասեղանի, որուն վրայ կ՚աւելնային օրուան «զարդարանքներէն»՝ կաղինը, ընկոյզը, չամիչն ու թուզը: Անվերջ կենացներ կ՚առաջարկուէին ու կը խմուէր: Մեծերը, օղիով կամ իրենց պատրաստած գինիով կը գոհանային, իսկ մենք՝ ջուրով կամ պտուղի օշարակով: Միւս կողմէ, «մազութէ» վառարանին վրայ շագանակի «պայթումներուն» հետ, մեր ձայներն ալ ազգային եւ կամ ժողովրդական երգերով կ՚ընկերանային: Ու քիչ մը ուտելով, «թղթիկ» խաղալով եւ քիչ մըն ալ երգելով ու կատակելով եւ մանաւանդ ձայնասփիւռէն «Երեւանն է խօսում»ը մտիկ ընելով՝ կը դիմաւորէինք նոր տարին, որուն ժամանումն ու գալուստը կ՚աւետէին մեր տան պատին վրայ հնամեայ ժամացոյցին ծանր զարկերն ու ձայնասփիւռի տեղական կայաններու ալիքները:

Յետոյ... կէս գիշերէն քանի մը վայրկեաններ առաջ, սենեակի լոյսերը կը մարէինք ու ճիշդ նոր տարուան առաջին իսկ երկվայրկեանին, կրկին կը միացնէինք: Ապա եւ անմիջապէս ու խմբովին եւ բարձրաձայն, «Հայր մեր» մը կը սկսէինք, որմէ ետք փոքրերս եւ կամ պատանիներս, երկիւղով կը համբուրէինք մեր մեծին կամ մեծերուն «աջերը» ու այս ձեւով նոր տարուան առաջին իսկ վայրկեանին կը ստանայինք անոնց բարի մաղթանքներն ու համով-հոտով օրհնութիւնները: Յետոյ, մեծերը կը յիշէին մեզմէ յաւերժ բաժնուած մեր հարազատները: Պահ մը լուռ կը մնայինք, անոնց յիշատակը կը վերապրէինք ու վերադառնալով ներկային եւ իրականութեան, կը շարունակէինք մեր կերուխումը, երգն ու պատմումը, առանց մոռնալու սակայն, որ քանի մը ժամեր ետք պէտք էր եկեղեցի երթայինք, Աստուծոյ հետ, նոր տարուան առաջին օրն իսկ, մեր կապը վերամրապնդելու, աղօթքով եւ մոմ կամ մոմեր վառելով, մեր հոգիին ու խիղճին տուրքը տալու:

Այսպէս էր հոն: Այդպէս ալ երկար տարիներով այս աւանդութիւն-սովորութիւնը յարգեցինք, նոյնիսկ կարգ մը մեծերու յաւէտ բացակայութեան: Իսկ տարիներ ետք, երբ ակամայ Ամերիկա կոչուած այս երկիրը հաստատուեցանք, մեր առաջին «նոր տարիներուն», փորձեցինք հինն ու աւանդականը կրկնել: Դժուարին աշխատանք մըն էր, սակայն գէշ-աղէկ եւ որոշ շրջան մը կատարեցինք, որովհետեւ մեր հետ բերած ու մեր միտքերուն ու հոգիներուն մէջ լեցուած այդ թարմ եւ գեղեցիկ աւանդութիւնները, տակաւին տաքուկ պահուած էին:

Բայց վերջը... ա՜խ, այդ վերջը: Ամերիկեան հեւքին մէջ մեծցող մեր տղաքը, երբ մեզմէ հեռացան, առանձին ընտանիք կազմեցին, տուն-տեղ եղան, զաւակ ու անձնական գործ ունեցան, իրենց յատուկ նոր մթնոլորտ ստեղծելով, «հինէն», մեր աւանդականէն ցաւ ի սիրտ եւ ակամայ, հեռացան: Որովհետեւ... հո՛ս Ամերիկա էր: Բայց, մեր կարգին միշտ փորձեցինք ազգային ու մշակութային դարաւոր մեր ինքնութիւնը պահպանելու անխուսափելի ճիգերով՝ ըլլալ եւ մնալ ներշնչող հայ ծնողք:

Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս ընելու ժամանակը արդէն շատոնց անցած էր: Սփիւռք կ՚ապրէինք ու միւս կողմէ ալ ամերիկեան «հալոցի» անմեղ «զոհերը» դարձած էինք: Չմոռնանք, որ մեր ճակատագիրը մեր պատմութեան մէջն էր: Ուստի մեզի կը մնար տոկալ, վերապրիլ եւ գոյատեւել: Աւելին՝ նաեւ տէր կանգնիլ արեւմտահայ մեր ժառանգութեան: Որովհետեւ, իսկապէս մտահոգ էի եւ եմ մեր լեզուի ճակատագրով: Տակաւին հայերէն գիրք կարդալու եւ կամ ընթերցողի բացակայութիւնը կը վիրաւորէ զիս: Միւս կողմէ, թէեւ գրողներ կը շարունակեն ստեղծագործել, նոր թարմութիւն ներմուծել գրական ու մշակութային մարզին մէջ, սակայն այդ մէկը բաւարար չէ:

Բայց, անկախ այս բոլորէն, անկախ մեր գունաւոր երազներէն եւ յոյսերէն, եզակի սակայն հաստատ ինքնագոհութեամբ կ՚ըսեմ, որ կեանքը միայն անձնական ապրումներու գումարը չէր, այլ՝ շրջանակ կար, գաղութ կար, հայրենիք կար, սփիւռքներ կային: Անձնականը էական չէր եւ չէ:

Ներկայիս ունինք ազատ եւ անկախ հայրենիք մը: Այդ մասին ալ պէտք է մտածենք: Դասեր քաղելով պատմութենէն, մասնակցինք ազգի առօրեային, որպէսզի օր մըն ալ ամբոխի չվերածուինք:

Բոլորս ապրած ենք եւ կ՚ապրինք հայ ըլլալու եւ մնալու դժուար փորձառութիւնը: Պէտք է մեր ապագան սիրենք, կը կրկնեմ: Եւ որպէսզի այս աշխարհի վրայ դառնանք ներշնչող եւ ապրող ազգ, մէ՛կ հայութիւն, պէտք է լաւապէս հասկնանք, որ մեր փրկութեան միակ լաստը մեր հայրենի պապենական հողն է: Ուստի պայման է անսակարկ զօրակցիլ եւ նպաստել նոյն այդ հողի արգասաւորման, բեղմնաւորման եւ պաշտպանութեան բոլոր ճիգերուն:

Ու վերջապէս հասնելով բարի մաղթանքներուս երկար եւ անհատնում շարանին, կը փափաքիմ, որ համայն հայութեան եւ մեր հայրենիքի համար այս նոր տարին ըլլայ տարբեր տարի մը: Ըլլայ մեր երկրին ու ժողովուրդին համար խաղաղութեան, հզօրացման եւ միաբանութեան տարի մը: Թող, որ Հայաստան եւ սփիւռք՝ գոնէ անգամի մը համար փորձեն իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, մեր ցեղին աւազանին մէջ վերանորոգուած հայութեամբ ապրիլ:

Մեր այս փոքր հողաշերտը, որ բոլոր հայութեան միակ հայրենիքն է եւ որուն անունը Հայաստան է, թող դառնայ եւ մնայ ազատ-անկախ, շնչող եւ հզօր երկիր մը:

Իսկ իմ բոլոր ընթերցողներուս կը մաղթեմ միշտ բարին ու աշխարհի «ցուրտին» դէմ տաքուկ արեւ մը ունենալու ջերմութիւնը:

Շնորհաւոր Նոր տարի եւ բարի Կաղանդ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

(Յատուկ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին)

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021