ՀԱՐՈՒՍՏ ԷՇԵՐ ԵՆՔ

Կը մաղթեմ, որ այս նոր տարուան մթնոլորտին մէջ ամէ՛ն մանուկ առաւել կամ նուազ չափով նուէր մը ստացած ըլլայ իր ծնողներէն ու սիրելիներէն, որովհետեւ նուէրին ներկայացուցած արժէքէն աւելի անոր պատճառած հոգեկան ու բարոյական հրճուանքն ու ցնծութիւնն է, որ առ յաւէտ կը մնայ մանուկի ներաշխարհին մէջ:

Նուէրը մանուկի մը համար կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ շատ անգամ ան կարողութիւնը չ՚ունենար ընտանիքի տնտեսական պարագաները հասկնալու, հետեւաբար իր ծնողքի սիրոյ արտայայտութիւնը կը փորձէ գտնել նուէրներու ճամբով: Այդ իսկ պատճառով շատ մը մանուկներ երբ նուէր չեն ստանար, այն կարծիքը կ՚ունենան որ իրենք սիրուած մանուկներ չեն: Նոյնիսկ անջնջելի սպի մը կը մնայ մանուկին մէջ շատ անգամ տեսնել ուրիշներու նուէրները եւ մնալ առանց նուէրի. այդ սպին հակառակ տարիներուն միշտ ալ թարմ կը մնայ յիշողութեան մէջ:

Մենք՝ մեծերս, որքան ալ ըսենք «մեր տարիքը անցաւ» ու ձեւացնենք, թէ նուէրներէ չենք ախորժիր... սուտ է: Նուէրը միշտ ալ յատուկ զգալու, սիրուած զգալու, աւելի յառաջացած տարիքին յիշուած ըլլալու լաւագոյն մէկ առիթն ու օրինակն է: Հաւանաբար սիրուն տոպրակներով փաթթուած նուէրներ չենք ստանար մենք մեծերս, սակայն կ՚անգիտանանք, որ ամէ՛ն օր շատ շատ աւելի մեծ նուէրներ կը ստանանք իւրաքանչիւրս, որուն արժէքն ու յարգը կ՚անգիտանանք:

Պահ մը պատկերացուցէք ամէ՛ն առաւօտ անձի մը կողմէ նուէր ստանաք ծրած մը, որուն մէջ մեծ գումար մը կայ. այս նուէրը ստանաք ամէ՛ն օր՝ առանց դադարի մինչեւ ձեր կեանքին վերջ: Նման նուէր մը ո՞վ պիտի չուզէր։ Երանելի մըն ալ դուք կը դառնայիք չէ՞: Սակայն մենք օրական դրութեամբ կը ստանանք այնպիսի նուէրներ, որոնք փոխանցուած նիւթականով լեցուն ծրարէն շա՜տ շատ աւելին կ՚արժէ եւ մենք կ՚անգիտանանք անոր կարեւորութիւնը:

Ա.- ՏԵՍՆԵԼ.- Երբեք մտածեցի՞ր, թէ շնորհք մըն էր տրուած քեզի, որպէսզի կարենաս տեսնել նոր տարուան զարդարանքները, երկինքն ու թռչունները, ծաղիկներն ու անոնց գոյները, փողոցները. տեսնել մինչեւ իսկ փողոցներու ամենէն աննկատ մանրամասնութիւնները՝ ճամբան, մայթը, խանութները եւ ամէն ինչ: Վիճակագրական տուեալներու համաձայն, աշխարհի վրայ 43 միլիոն մարդ կոյր վիճակի մէջ կը փորձէ իր կեանքի ընթացքը շարունակել. 43 միլիոն անձի համար ինչքա՜ն երանելի ես դուն, որ առիթը կ՚ունենաս տեսնելու այն բոլորը, որ քեզի անկարեւոր կը թուի. 43 միլիոն մարդոց համար քու աչքերդ շա՜տ աւելին կ՚արժեն, քան աշխարհի բոլոր հարստութիւնները, մինչ ես ու դուն ունինք այդ աչքը՝ սակայն շնորհակալ ըլլալու, անոր արժէքը գիտնալու գիտակցութիւնը չունինք: Եթէ աչք ունիս՝ հարուստ ես դուն:

Բ.- ԼՍԵԼ.- Նոր տարուան այս օրերուն եթէ բախտաւորութիւնը ունեցար լսելու մանուկներու զուարճութեան կանչերը, երգերն ու ասմունքները՝ երանելի՜ մըն ես դուն: Վիճակագրական տուեալներու համաձայն՝ աւելի քան 476 միլիոն մարդ զրկուած է այդ շնորհքէն: Աւելի քան 476 միլիոն մարդ նոր տարին դիմաւորեց լռութեան մէջ՝ խլութեամբ: Այսօր դուն եւ ես շատ անգամ փոքր աղմուկէ մը նեղութիւն կը զգանք, կ՚ուզենք չլսել. կ՚ուզենք հեռանալ քաղաքէն՝ որպէսզի լռութիւնը վայելենք, մինչ միլիոնաւորներ երանի՜ պիտի տան մեզի՝ մեր տեղ լսելու համար այն բոլորը, որ մեզի համար անկարեւոր կը թուի: Խլութեամբ տառապողներու համար ականջդ շա՜տ աւելին կ՚արժէ քան օրական տրուող նիւթականով լեցուն ծրարները: Եթէ ականջ ունիս՝ հարուստ ես դուն:

Գ.- ԽՕՍԻԼ.- Նոր տարուան այս օրերուն առիթը ունեցա՞ր զանգել հարազատներու եւ կամ այցելել  ու շնորհաւորել նոր տարին եւ աւետել Քրիստոսի ծնունդը: Առիթը ունեցա՞ր նոր տարուան սեղանի շուրջ խօսակցելու ընտանիքի անդամներու եւ բարեկամներու հետ: Վիճակագրական տուեալներու համաձայն՝ աւելի քան 3 միլիոն մարդ զրկուած է այդ շնորհքէն: Այսօր շատ անգամ դուն եւ ես խօսելու սիրտ չենք ունենար, կ՚ուզենք լուռ մնալ, սակայն աւելի քան 3 միլիոն մարդ երանի՜ կու տայ մեզի, երանի՜ մը ըլլալու մեր տեղ ու կարենալ խօսիլ: Համր մարդոց համար մեր լեզուն ու շուրթերը շա՜տ աւելին կ՚արժեն քան նիւթականով լեցուն ծրարները. եթէ կրնաս խօսիլ, կրնաս երգել ու ազատ արտայայտուիլ՝ հարուստ մըն ես դուն:

Դ.- ՔԱԼԵԼ.- Նոր տարուան այս օրերուն հաւանաբար զաւակիդ եւ կամ ընկերներուդ հետ տունէն կամ նոյնիսկ քաղաքէն դուրս ելար՝ փոփոխութիւն մը ըրած ըլլալու համար: Հաւանաբար զաւակիդ հետ ձիւներուն մէջ վազեցիր կամ անոր ձեռքէն բռնելով անհոգ քալեցիր: Վիճակագրական տուեալներու համաձայն՝ աւելի քան 6 միլիոն մարդ զրկուած է այսօր այդ շնորհքէն: Շատ անգամ դուն եւ ես քալելէ կը յոգնինք, կ՚ուզենք այլեւս տեղ չերթալ ու չքալել, մինչ աւելի քան 6 միլիոն մարդ երանի՜ կու տան մեզի եւ կ՚ուզեն մեր տեղը ըլլալ, կ՚ուզեն յոգնիլ՝ սակայն շարունակել քալել: Մեր ունեցած ոտքերը չէ՞ք կարծեր դարձեալ աւելի կ՚արժեն քան նիւթականով փոխանցուած ծրարները... եթէ ունիս ոտքեր ու կրնաս քալել՝ հարուստ մըն ես դուն:

Հետեւաբար, եթէ դո՛ւն ալ, ե՛ս ալ ունինք այսքան հարստութիւն, որ քառապատիկ աւելին կ՚արժեն քան օրական դրութեամբ ծրարով փոխանցուած դրամները, ինչո՞ւ կը շարունակենք դժգոհիլ: Եթէ տէ՛ր ես վերոյիշեալ չորս արժէքներուն՝ դուն արդէն աշխարհի ամենէն մեծ նուէրներուն տէրն ես այսօր:

Պէտք է գիտակցիլ, որ մենք այսօր ունինք շատ մը արժէքներ, որոնք աւելի կ՚արժեն քան հարստութիւնները, սակայն անոր արժէքը չենք գիտեր: Կը նմանինք այն էշերուն, որոնք իրենց կռնակին վրայ ոսկի կը շալկեն՝ սակայն ոսկիին արժէքը ինչ է չեն գիտեր:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԳՈՒՐԳԷՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
(1911-1984)

Մեր թուականէն 110 տարիներ առաջ՝ 3 յունուար 1911-ին, Մարտակերտ շրջանի Կուսապատ գիւղին մէջ ծնած է գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր եւ գիտութեան վաստակաւոր գործիչ Գուրգէն Անտոնեան:

Անտոնեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընդունուած Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական ֆաքիւլթէն, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1934 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած է Ատրպէյճանի Լենինի անուան մանկավարժական համալսարանէն ներս՝ 1937-1974 թուականներուն, 1947 թուականէն սկսեալ վարելով նոյն համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի վարիչի պաշտօնը: Այնուհետեւ 1974-1984 թուականներուն ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Ստեփանակերտի մանկավարժական համալսարանէն ներս, դարձեալ վարելով անոր հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի վարիչի պաշտօնը: Անտոնեան հեղինակ է գրականութեան առընչուող բազմաթիւ յօդուածներու, որոնց մէկ մասը հրատարակուած է «Նիզամին եւ հայ գրականութիւնը» (1947), «Սամէդ Վուրդուն» (1958), «Հայ Ատրպէյճանական բարեկամութիւնը գրականութեան մէջ» (1962) աշխատութիւններուն մէջ:

Անոր աշխատութիւններէն մի քանին լոյս տեսած է նաեւ ռուսերէն լեզուով, որոնցմէ է «Հայ եւ ատրպէյճանական ժողովուրդներու բարեկամութեան արտացոլումը 19-20-րդ դարու գրականութեան մէջ» աշխատութիւնը:

Անտոնեան 1946 թուականին դարձած է Խորհրդային Միութեան Գրողներու միութեան անդամ, եւ շնորհիւ իր վաստակին արժանացած է «Պատուոյ շքանշան»ին:

Գրականագէտը մահացած է 7 մայիս 1984-ին, Պաքուի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 3, 2022