ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ
Մեր քահանայից դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան 2022-ի տարեմուտը դիմաւորեց հիւանդանոցի մէջ։ Ան երկար ժամանակէ ի վեր բժշկական խնամքի տակ կը գտնուի։ Թէեւ իր առողջական կացութիւնը անցնող ամիսներուն բաւական բարելաւուած է, սակայն, ան տակաւին հիւանդանոցէն դուրս գալու ի վիճակի չէ։ Բժիշկներու յանձնարարութեամբ մինչ տէր հայրը կը մնայ հսկողութեան տակ՝ իր հոգեւոր եղբայրներուն տեսակէտէ յուզումնալի էր անոր՝ Նոր տարին հիւանդանոցի մէջ դիմաւորելու ստիպողութեան պարագան։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ այս հանգամանքը հաշուի առնելով իր հայրական հոգածութեան եւ գնահատանքին առարկայ դարձուցած է Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանը։ Այսպէս, Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Օրհնութեան գիր մը շնորհած է տէր հօր՝ գնահատելով անոր վաստակն ու եկեղեցական կեանքին բերած նպաստը։ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի երկարամեայ սիւնակագիրներէն մին է, Ամանորի շրջանին ընդունած իր հոգեւոր եղբայրներուն կողմէ այցելութիւն մը։ Այսպէս, տէր հօր այցելութեան փութացած են Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Պատրիարքարանի հրատարակչութեան բաժնի վարիչ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, որոնք Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ տէր հօր բարեմաղթանքներ փոխանցելու, բարոյական զօրակցութիւն յայտնելու առընթեր, ներկայացուցած են նաեւ Նորին Ամենապատուութեան Օրհնութեան գիրը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս կապակցութեամբ Գումգաբուի աղբիւրներուն կողմէ հաղորդուած մանրամասնութիւնները։
Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի մէջ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան ընթերցեց Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեան գիրը, ուր նշուած էր հետեւեալը.
«Աստուծոյ կամքով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ որպէս քահանայ ծառայութեան կոչուեցաք ձեռամբ երանաշնորհ Տ. Գարեգին Ս. Պատրիարք Հօր։
Դուք, նախքան Ձեր քահանայ ձեռնադրուիլը, գործած էք որպէս իրաւաբան, որուն մասին ազգայիններէ տեղեկացած ենք, թէ Ձեր ասպարէզը կիրարկած էք խղճմտութեամբ եւ ուղղամտութեամբ։
Հոգեւոր վերին իշխանութիւնը տեսած էր նաեւ Ձեր հաւատաւոր կեցուածքը ի մէջ Սուրբ Եկեղեցւոյ, մանաւանդ Ձեր ընտանեկան կեանքին մէջ տիրող հոգեւոր ու ազգային արժէքներու մթնոլորտը։ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, Ձեզի յանձնարարուած պատրաստութեան շրջանին սիրով ենթարկուեցաք ու ի վերջոյ արժանացաք քահանայական սուրբ աստիճանին։
Ձեր քահանայական պարտականութիւնները կատարած էք այն չափով, որչափ որ Տէրը շնորհած էր Ձեզի։ Սակայն ունեցած էք առաքինութիւն մը, որով հետեւած էք մեր Սուրբ Թարգմանիչ Վարդապետներու ուղիին եւ Ձեր գրիչը ի սպաս դրած էք ստորագրելով բազմաթիւ յօդուածներ, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի սիւնակներուն մէջ։ Վստահ ենք, թէ Հայ լեզուին ու գրականութեան, ինչպէս նաեւ հոգեւոր արժէքներու հանդէպ Ձեր նախանձախնդրութիւնը, որպէս հօրենական աւանդ ի տղայ տիոց արծարծուած են Ձեր ընտանեկան յարկին տակ ու զարգացած՝ Մխիթարեան հայրերու շունչով։
Ձեր ստորագրած յօդուածները ունեցած են դաստիարակիչ ու ուսուցանող արժէք, որոնք գնահատուած են ընթերցող հասարակութեան կողմէ։
Մեզի համար ուրախացուցիչ պարագայ մըն է տեղեկանալ, թէ Ձեր յօդուածները պիտի վերածուին գիրքի, որ վստահաբար իր արժանի տեղը պիտի գտնէ մատենադարաններու մէջ։ Ուստի, այս առթիւ կը գնահատենք Ձեր ծառայութիւնը եւ Ձեզի կը շնորհենք սոյն ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐը, կցելով անոր Մեր աղօթքները։ Ամենակալն Աստուած Ձեզի պարգեւէ քաջառողջ կեանք։
Որ վարձահատոյցն է հաւատարիմ պաշտօնէից եւ սիրողացն Եկեղեցւոյ Իւրոյ սրբոյ, Երկնաւոր Քահանայապետն մեր Յիսուս Քրիստոս, լցուսցէ զՁեզ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ արժանի արասցէ Ձեզ երկնաւոր պարգեւացն անապականութեան։
Ողջ լեր ի խնամս Տեառն, զօրացեալ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ։ Ամէն»։
Հայր սուրբը փոխանցեց նաեւ Նորին Ամենապատուութեան հայրական օրհնութիւններն ու արագ ապաքինման մաղթանքները։
Տէր հայրը խորապէս զգացուած՝ որդիական երախտիքը յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան եւ արեւշատութիւն մաղթեց իրեն, շնորհաւորելով նաեւ մօտալուտ Ամանորը։